­­Հա­մա­ցան­ցա­յին որ­սոր­դու­թիւն­ներ

Չորս մո­մե­րը…

ՄԻՆՍԱՐ

­­Մո­մա­կա­լին վրայ զե­տե­ղո­ւած չորս մո­մե­րը, կա­մա՜ց-կա­մա՜ց կը հա­լէին…
Լ­ռու­թիւ­նը այդ­քան զգա­լի էր, որ նոյ­նիսկ կրնա­յիր լսել, ի­րենց մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցող խօ­սակ­ցու­թիւ­նը…
Ա­ռա­ջին մո­մը ը­սաւ…
— Ես ­­Խա­ղա­ղու­թիւնն եմ… սա­կայն մար­դիկ չեն յա­ջո­ղած ին­ծի պահ­պա­նել… այ­լեւս ու­րիշ լու­ծում չէ մնա­ցած… պի­տի շա­րու­նա­կեմ վա­ռիլ, մին­չեւ ամ­բող­ջա­կան սպա­ռումս…
Ու շա­րու­նա­կեց վա­ռիլ, մին­չեւ որ կա­մա՜ց-կա­մա՜ց մա­րե­ցաւ…
Երկ­րորդ մո­մը ը­սաւ…
— Ես ­­Հա­ւատքն եմ… բայց դժբախ­տա­բար, ին­ծի ոե­ւէ մէ­կը պէտք չու­նի… մար­դիկ չեն ու­զեր գիտ­նալ իմ մա­սիս, ա­նանկ որ գո­յու­թիւնս, այ­լեւս ո­րե­ւէ նպա­տակ չու­նի…
­­Հա­զիւ խօ­սա­ծը վեր­ջա­ցուց, մեղ­միկ քա­մի մը փչե­լով ի­րեն ալ մա­րեց…
­­Չա­փա­զանց վշտա­ցած, եր­րորդ մո­մը ը­սաւ…
— Ես ­­Սէրն եմ… այ­լեւս ու­ժը չու­նիմ վա­ռած մնա­լու… մար­դիկ ին­ծի ար­ժէք չեն տար եւ չեն ալ անդ­րա­դառ­նար անհ­րա­ժեշ­տու­թեանս… կ­’ա­տեն… նոյ­նիսկ ի­րենց չա­փա­զանց սի­րող­նե­րուն…
Այս խօս­քե­րը ը­սե­լով, եր­րորդ մոմն ալ մա­րե­ցաւ…
­­Յան­կարծ սե­նեա­կը փոք­րիկ մը մտաւ եւ մու­թէն վախ­նա­լով ը­սաւ մո­մե­րուն…
— ­­Բայց ի՞նչ ը­րիք… ին­չո՞ւ մա­րե­ցաք… պէտք էր, որ վա­ռած մնա­յիք… ես մու­թէն կը վախ­նամ…
­­Պա­տա­նին լալ սկսաւ…
­­Չոր­րորդ մո­մը կա­րեկ­ցու­թեամբ խօ­սե­ցաւ…
— ­­Մի վախ­նար ա­նու­շիկս, մի լար… ես ­­Յոյսն եմ…
­­Փոք­րի­կը, չոր­րորդ մո­մը ձեռ­քե­րուն մէջ առ­նե­լով, սկսաւ վա­ռել ­­Խա­ղա­ղու­թեան, ­­Հա­ւատ­քի եւ ­­Սէ­րի մա­րած ե­րեք մո­մե­րը…

* * *

­­Սի­րե­լի­ներս…
­­Յոյ­սը եր­բե՛ք թող չմա­րի մեր սրտե­րուն մէ­ջէն…
­­Յի­շենք եւ միշտ թող ­­Յոյ­սով վա­րենք…
­­Խա­ղա­ղու­թեան, ­­Հա­ւատ­քի եւ ­­Սէ­րի մո­մե­րը…

minsar55@gmail.com