Կէս լուրջ — կէս կատակ

0
127

­­Հա­մա­ցան­ցա­յին որ­սոր­դու­թիւն­ներ

Տա­րի­քոտ պա­պի­կը…

ՄԻՆՍԱՐ

­­Ժա­մա­նա­կին փոքր գիւ­ղի մը մէջ, կ­’ապ­րէր շատ տա­րի­քոտ պա­պիկ մը…
­­Յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին բեռ­մամբ, այ­լեւս տե­սո­ղու­թիւ­նը եւ լսո­ղու­թիւ­նը գրե­թէ կորսն­ցու­ցած էր, իսկ ոտ­քերն ալ կը թո­ղա­յին ու դժո­ւա­րու­թեամբ կը կրէին մարմ­նին ծան­րու­թիւ­նը…
Երբ կէ­սօր­նե­րը ճա­շա­սե­ղան կը նստէր, ձեռ­քե­րը այն­քան շատ կը թո­ղա­յին, որ կե­րած ա­պու­րը կը թա­փէր սե­ղա­նի ծած­կո­ցին եւ հա­գած տա­բա­տին վրայ…
Ա­տեն-ա­տեն իր կե­րած ա­պու­րը նոյ­նիսկ… բեր­նէն դուրս կը կա­թեց­նէր…
­­Հար­սը եւ տղայ զա­ւա­կը, այն­քան շատ զզո­ւած էին այս կա­ցու­թե­նէն, որ վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ի­րեն օ­ջա­խին մօտ ան­կիւն մը նստե­ցու­ցին ու իր ճաշն ալ, փոք­րիկ կա­ւէ ա­մա­նի մը մէջ լեցնե­լով, առ­ջե­ւը դրին…
­­Պա­հու մը պա­պի­կին ձեռ­քե­րը, այ­լեւս այն­քան շատ թո­ղալ սկսան, որ խեղճ ծե­րու­կը կը դժուա­րա­նար, կա­ւէ ա­մա­նը ձեռ­քե­րուն մէջ բռնել նոյ­նիսկ…
Օ­րին մէ­կը պնա­կը ձեռ­քէն ին­կաւ եւ ջար­դուփշուր ե­ղաւ…
­­Հար­սը սաս­տիկ զայ­րա­ցած, վրան բար­կա­ցաւ…
­­Խե՜ղճ պա­պի­կը, ար­ցուն­քո­տած աչ­քե­րով, կուրծ­քէն խոր հա­ռա­չանք մը հա­նեց…
­­Տէր եւ տի­կին գա­ցին եւ ա­ժան­նոց փայ­տէ պնակ մը գնե­ցին, որ­պէս­զի պա­պի­կը, այ­լեւս իր ճա­շը ա­նոր մէ­ջէն ու­տէ…
Ե­րե­կոյ մը, ընթ­րի­քը վեր­ջա­նա­լէն ետք, պա­պի­կին թոռ­նի­կը սե­նեակ մտաւ, ձեռ­քին սայր մը բռնած եւ օ­ջա­խին մօ­տէն կոճղ մը առ­նե­լով, սկսաւ տա­շել…
— Ի՞նչ կ­’ը­նես տղաս, (հար­ցուց հայ­րը)…
— Եր­կու փայ­տէ պնակ­ներ պի­տի շի­նեմ հայ­րիկ, որ­պէս­զի երբ օ­րին մէ­կը դուք ալ ծե­րա­նաք, ձե­զի օ­ջա­խին քո­վը նստեց­նեմ եւ այ­լեւս ձեր ճա­շը, իմ այս շի­նած պնակ­նե­րուս մէ­ջէն ու­տէք, (ը­սաւ փոք­րի­կը ան­մե­ղու­թեամբ)…
­­Տէր եւ տի­կին ան­խօս, նշա­նա­կու­թեամբ ի­րար նա­յե­ցան…
Այդ օ­րէն ետք, պա­պի­կը դար­ձեալ ի­րենց հետ սե­ղան նստիլ սկսաւ եւ ան­գամ մը եւս ի­րեն ոե­ւէ մէ­կը չբար­կա­ցաւ…
­­Նոյ­նիսկ, երբ որ ճա­շը վրան կը թա­փէր…

minsar55@gmail.com