Համացանցային որսորդութիւններ
Աղաւնիները եւ բազէն…
ՄԻՆՍԱՐ
Հին տարիներուն, հեռաւոր վայրի մը մէջ, կ’ապրէին խումբ մը աղաւնիներ, որոնք սակայն, բազէներու մշտական վախով կ’ապրէին…
Իրենց բոյները, անանկ մէկ ձեւով շինած էին, որ կը յաջողէին պաշտպանուիլ բազէներուն ճանկերէն…
Եւ պէտք է խոստովանիլ, որ մինչեւ հիմա, բաւական նպաստաւոր արդիւնքներու տիրացած էին…
Բազէին մէկը սակայն, շա՜տ մեծ ախորժակ ունէր աղաւնի ուտելու, անանկ որ, հետեւեալ սատանայական խորամանկութիւնը մտածեց…
Բաւական ճգնելէ ետք, վերջապէս յաջողեցաւ աղաւնիներուն համոզել, որ զինքը թագաւոր օծեն… խոստանալով, որ նման պարագայի մը, իրենց պիտի պաշտպանէր միւս բոլո՜ր բազէներէն…
Աւելցուց, որ թագաւոր օծուելու պարագային, իրենք այլեւս պարտաւոր պիտի չըլլային, շարունակ պահուըտելու, վախնալու եւ տառապելու…
Իր օծումի օրէն սկսեալ, բոլոր աղաւնիները, բնականոն կեանք մը պիտի ունենային…
Անմեղ աղաւնիները ուրեմն, բազէի խօսքերուն հաւատալով եւ իրեն վստահելով… զինքը թագաւոր օծեցին… նաեւ իրեն շնորհելով… արքայական գահը…
Բազէն, արքայական գահ նստելուն պէս… «պատասխանատուութեամբ եւ հետեւողականութեամբ»… սկսաւ կատարել, իր… «թագաւորական պարտաւորութիւնները»… օրական հատ մը աղաւնի ուտելով…
— Մեզի պէտք եղածէն աւելի լաւ կը ծառայէ կոր, անանկ որ օրական մէկ աղաւնի ուտելը բան մը չէ, (ըսաւ աղաւնիներէն մէկը, այս երեւոյթին հանդէպ բողոքող միւս աղաւնիներուն, առանց անդրադառնալու յիմարը, որ քանի մը օրէն… իր ժամն ալ պիտի հասնէր, բազէին ճաշ դառնալու)…
* * *
Այս հէքիաթի միտք բանին այն է…
Թէ շատ անգամ դարմանումը… հիւանդութենէն աւելի վատ է…
Մենք մեր կեանքի ընթացքին, շարունակ շրջապատուած կ’ըլլանք գիշատիչներէ…
Հարցը ուրիշ է սակայն…
Մենք ի՞նչ կ’ընենք անոնցմէ խուսափելու համար…
minsar55@gmail.com