Երկու խօսք՝ Մինսարի նոր շարքին մասին
Չորեքշաբթի, 2 Մարտի թիւով թերթը սկսաւ հրատարակել մեր աշխատակից Մինսարի նոր յօդուածաշարքը, այս անգամ իր ծանօթ «Կէս լուրջ, կէս կատակ» գրութիւններու այլ փունջով մը, որ կը կոչուի «Համացանցային որսորդութիւններ»։
Տարբեր շարք մըն է այս, իր արդէն սիրուած երգիծական յօդուածներու ամբողջութենէն։ Այս անգամ, հեղինակը թուղթին յանձնած է կարճ պատմուածքներ, որոնք քաղուած են կեանքի իրականութենէն եւ կը խօսին մարդկային այնքան նուրբ, երբեմն բարդ յարաբերութիւններուն մասին։ Մինսարի տողերուն մէջէն կը սահին զգացումներ, վարուելակերպեր, լաւն ու բարին յատկանշող մարդկային տիպարներ, որոնք մէկ առ մէկ կը փորձեն խրատական պատգամներ յառաջ բերել ու զանոնք ընթերցողներուն հետ կիսուիլ։ Կարճ ու բովանդակալից, իւրաքանչիւր գրութիւն մարդկային կեանքի դրուագներու մէկական հայելի մըն է, որուն մէջ կ՚արժէ նայիլ ու ինքզինք փնտռել։
Արդէն, լոյս տեսած շարքի առաջին պատմուածքը արժանացաւ մեր ընթերցողներու գնահատանքին. վստահ ենք, որ յաջորդները եւս նոյն ջերմութեամբ պիտի կարդացուին ու գնահատուին։
Կէս լուրջ — կէս կատակ
Համացանցային որսորդութիւններ
Ճշմարտութեան խանութը…
ՄԻՆՍԱՐ
Ներս մտաւ անհաստատ քայլերով…
— Կը ներէք… հո՞ս է ճշմարտութեան խանութը…
— Այո՛ պարոն, ի՞նչ տեսակ ճշմարտութիւն մըն է ձեր ուզածը… Մասնակի՞ Ճշմարտութիւն մը, Համապատասխա՞ն Ճշմարտութիւն մը, Վիճակագրակա՞ն Ճշմարտութիւն մը, կա՞մ թէ՝ Ամբողջական Ճշմարտութիւն մը…
«Ուրեմն հոս իրապէս ճշմարտութիւն կը ծախեն», (մտածեց)…
Երբե՛ք չէր երեւակայած, որ նման բան մը կարելի էր… խանութ մը երթաս եւ քու ուզած ճշմարտութիւնդ գնես… հիանալի՜ էր… սքանչելի՜ էր…
— «Ամբողջական Ճշմարտութիւն»ը կ’ուզեմ, (ըսաւ՝ առանց վայրկեան մը նոյնիսկ վարանելու), սուտերէն ու կեղծիքներէն յուսահատեր եմ այլեւս… չեմ ուզեր պատճառաբանութիւններ, ընդհանրացումներ… խաբէութիւններ… անյստակութիւններ… ծանակումներ… «Ամբողջական Ճշմարտութիւն»ը կ’ուզեմ միայն…
— Այո, անշուշտ, սիրով պարոն, խնդրեմ ինծի հետեւեցէք…
Օրիորդը՝ իրեն առաջնորդեց խանութին ետեւի մասը եւ ցոյց տալով բաւական խստադէմ պաշտօնեայ մը՝ ըսաւ…
Ահա, այս պարոնը պիտի սպասարկէ ձեզի…
Խստադէմ պաշտօնեան մօտեցաւ եւ քաղաքավարութեամբ սպասեց, որ նախ յաճախորդը խօսի…
— Եկած եմ «Ամբողջական Ճշմարտութիւն»ը գնելու, (ըսաւ առանց տատամսելու)…
— Հը՜ը՜ը՜մ… կը ներէք պարոն, սակայն դուք՝ «Ամբողջական Ճշմարտութեան» գինը գիտէ՞ք…
— Ո՛չ… ինչու որքա՞ն կ’արժէ…
Իրականութեան մէջ լաւ գիտէր, որ պիտի վճառէր որեւէ փոխարժէք, միայն ու միայն, «Ամբողջական Ճշմարտութեան» տիրանալու համար…
— «Ամբողջական Ճշմարտութեան» փոխարժէքը… այն է պարոն… որ անոր տիրանալէն ետք… այլեւս երբե՛ք հանգիստ պիտի չունենաք, (ըսաւ պաշտօնեան)…
Սարսռաց ամբո՛ղջ մարմնով…
Երբե՛ք չէր երեւակայած, որ փոխարժէքը այդքան սուղ կրնար ըլլալ…
— Նե… նե… ներողութիւն, (փսփսաց ու գլխիկոր հեռացաւ խանութէն)…
Վշտացաւ անդրադառնալով, որ դեռ պատրաստ չէր «Ամբողջական Ճշմարտութեան» տիրանալու… որ հանգստանալու համար… տակաւին պէտք ունէր… որոշ կեղծիքներու… որոշ հէքիաթներու… որոշ գաղափարներու… որոշ պատսպարաններու… որոշ պատճառաբանութիւններու… որոշ սուտերու…
Միայն ու միայն…
Ինքզինքին հետ չառերեսուելու համար…
«Թերեւս… քիչ մը յետոյ…», (մտածեց)…
Գլխիկոր շարունակեց քալել…
(*) ԽՈՐԽԷ ՊՈՒՔԱՅ
(*) ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ
Խորխէ Պուքայ ծնած է 1949-ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրեսի ժողովրդային քաղաքամասերէն մէկուն մէջ: Սկսած է աշխատիլ 13 տարեկանէն, զբաղելով զանազան գործերով: «Կեսթալ Հաստատութեան» հոգեբուժ բժիշկ է: 1973-ին աւարտած է Պուէնոս Այրեսի Բժշկական համալսարանը, մասնագիտութիւն ստանալով Իմացական հիւանդութիւններու բուժման: Նախնական շրջանին աշխատած է հիւանդանոցներու եւ բուժարանոցներու մէջ, ապա յաջորդաբար՝ սկսած է դասախօսել, հաստատութիւններու, համալսարաններու, ինչպէս նաեւ թատրոններու մէջ: Բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Արժանթինի զանազան ձայնասփիւռներէն եւ հեռատեսիլի կայաններէն:
Որոշած է նա՛եւ հեղինակութեամբ զբաղիլ, երբ նկատած է, որ իր հրատարակած գիրքերէն աւելի քան 12-ը, թարգմանուած եւ լոյս տեսած են, աւելի քան 17 լեզուներով:
Մինչեւ այսօր իր գրած գիրքերը, յատուկ տեղ կը գրաւեն ընթերցասէրներուն մօտ:
Ներկայիս կ’աշխատի որպէս հասարակական խումբերու եւ չափահաս զոյգերու հոգեբոյժ:
Իր կնկան եւ իրենց երկու զաւակներուն հետ կ’ապրին Պուէնոս Այրեսի արուարձաններէն մէկուն մէջ:
minsar55@gmail.com