Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Կիրակի 26 Նոյեմբեր 2023-ի կէսօրուան ժամը 2։00-ին, Ֆիքսի ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս կը կազմակերպէ ճաշկերոյթ։
Ներկաները պիտի համտեսեն խաչուհիներուն ձեռքով ու ճաշակով պատրաստուած հայկական տոհմիկ ու համեղ ճաշատեսակներ։ Եւ խմիչքը՝ գինի։
Անոնք պիտի վայլեն նաեւ հայկական ընտանեկան ու ընկերային մթնոլորտ մը, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։
Սակ մէկ անձի համար 18 եւրօ, իսկ մինչեւ 12 տարեկան փոքրիկը՝ 10 եւրօ։
Հասոյթէն մաս մը պիտի նուիրուի Հ.Կ.Խաչի Արցախահայութեան օժանդակութեան նպատակին։
Վստահ ենք, որ ձեր ներկայութեամբ պիտի քաջալերէք վարչութեանս առաջին ձեռնարկը։ Առաւել եւս, ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ պիտի մեկնիք մեր սրահէն։
Տեղ ապահովելու համար կրնաք դիմել հետեւեալ թիւերուն.- ընկհ. Մարալ Խաչերեան 6970591161 եւ ընկհ. Ծովիկ Մինասեան 6937751684 մինչեւ 23 Նոյեմբեր 2023։
Վարչութիւն