Եւրոերեսփոխան Սթելիոս Քիպուրոփուլոս կ՚ողջունէ Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեակը
Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեայ տարեդարձը խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ նաեւ մեծ թիւով եւրոպացի, ամերիկացի, ռուս, աւստրալիացի ու այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու, երեսփոխաններու եւ գոնկրեսականներու կողմէ, որոնք իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին մեր արծուաբոյնի անկախ եւ անկաշկանդ ապրելու իրաւունքին, դատապարտելով թուրք-ազերիական յարձակողականութիւնը եւ Արցախի հողերու գրաւումը։ Անոնց կարգին էին նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Սթելիոս Քիպուրոփուլոս, Կիպրացի եւրոերեսփոխան Լուքան Ֆուրլաս եւ Արցախի ժողովուրդի մնայուն բարեկամ Էլենի Թէոխարուս։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սթելիոս Քիպուրոփուլոսի յայտարարութիւնը, որ երիզագրուեցաւ եւ սփռուեցաւ համացանցին վրայ (տեսանիւթը կարելի է դիտել https://www.facebook.com/anc.gr էջին վրայ)։
«Սիրելի հայ բարեկամներ,
Համայն աշխարհը վկան դարձաւ Արցախի բնիկ ժողովուրդի դիմագրաւած վտանգին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ, անցեալ տարուան մէջ Թուրքիոյ բացայայտ գործակցութեամբ ծաւալած յարձակումներուն ընթացքին։
Այսօր, վերջին պատերազմի թարմ յիշողութեան եւ Հայաստանի սահմաններուն երկայնքին կրկնուող ընդհարումներու լոյսին տակ, կը շարունակենք նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդին։
Հայերը կը շարունակեն դէմ յանդիման գտնուիլ ատրպէյճանական յարձակողականութեան եւ Թուրքիոյ նոր-օսմանեան ձգտումներուն։ Այս անհաւասար կռիւին մէջ, Ատրպէյճանի յարձակողական վարքագիծին վկան կը դառնանք, որ նոյնիսկ այս շաբթուան ընթացքին իրադրութիւնը սրեց, աւելի քան 50 զինուորներ տեղաւորելով եւ փակելով Գորիս-Կափան երթեւեկութեան մայր ճամբան։ Այս եղելութիւնը արդիւնք էր ազերի զինեալ ուժերու շաունակական ռազմական յարձակումներուն Հայաստանի վրայ։
Կացութիւնը շրջանին մէջ աւելի բարդ դարձած է այսօր։ Ժողովուրդը կը գտնուի իր կեանքը փրկելու ամենօրեայ պայքարի մէջ։
Պատերազմի վէրքերը տակաւին բաց կը մնան։ Մեծ թիւով հայ գերիներ կը շարունակեն պահուած մնալ Ատրպէյճանի մէջ, ենթակայ մնալով կեղծ ու անարդար դատերու, մինչ անոնց ապագան անորոշ է։
Թրքական իշխանութիւնները, որոնք բուռն կը շարունակեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ամէն առիթով յայտարարած են, թէ «մինչեւ վերջ» պիտի շարունակեն աջակցիլ Ատրպէյճանին։ Դժբախտաբար, նոյնիսկ այսօր Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը շարունակեն սպառնալ իրենց դրացիի գոյութենական իրաւունքին վրայ, աշխարհի այս դժուար ու բարդ տարածաշրջանին մէջ։
Միջազգային համայքնը պարտաւոր է պաշտպանել այս ժողովուրդի խաղաղ ապրելու իրաւունքը, անոր ապահովութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, միաժամանակ ապահովելով անոր զաւակներու ապագան։ Եւրոպական Միութեան մեծ թիւով պատգամաւորներ միասնական ջանքերով կը շարունակեն աշխատիլ հայ գերիներու ապահով վերադարձին համար իրենց օճախները։
Յոյն եւ հայ կապերը զօրաւոր են եւ պիտի շարունակեն տոկուն մնալ։
Կեցցէ հայ ազգը, որ երբեք չի նահանջեր»։