Միհրան Քիւրտօղլեան
Քննադատութիւններու տարափով յատկանշուող մեր անմիջական շրջապատէն կամ անկէ դուրս կարելի՞ է արդեօք գտնել երկու-երեք օրինակ, որ ցոյց տայ, թէ նոյնիսկ արդար մղումով կատարուած քննադատութիւնը առաջնորդած ըլլայ քննադատուողը իր «սխալը» ընդունելու կեցուածքին:
Ով գիտէ քանի անգամներ մենք ալ գտնուած ենք երկու վիճակներու մէջ. Քննադատելու եւ քննադատուելու:
Առաջին պարագային, հաւանաբար գերակայ զգացումով ունեցած ենք «յաղթանակ» մը արձանագրած ըլլալու ինքնագոհութիւնը, իսկ երկրորդին՝ մեր հպարտութեան մէջ վիրաւորուած՝ստորակայ զգացումը համակած է մեզ եւ մղուած ենք ինքնապաշտպանութեան:
Մարդկային բնութեան անբաժանելի գիծը կը կազմէ հակազդելու մղումը: Որքան որ բնական կը թուի գործի կամ տեսակէտի մը յառաջացուցած քննադատութիւնը, նոյնքան եւ հակազդեցութեան բնական օրէնքով, տրամաբանական է պաշտպանութեան դիրքի վրայ մնալու քննադատուողին յամառութիւնը, կամ լաւագոյն պարագային՝ արդարացում-պատճառաբանութիւն որոնելու միջոցը:
Այս երեւոյթը կը բխի անկէ, որ մարդ անհատի համարումը ինքզինքին նկատմամբ կը գլէ կ՚անցնի ամէն չափ ու կշիռ:
Իրապէս. անցեալէն թէ ներկայէն քանի՞ պարագայ կարելի է նշել, ուր քննադատութիւնը իր անմիջական արդիւնքը տուած ըլլայ քննադատուողին վրայ, — շատ ջնջին: Մինչ հակառակին օրինակները ամէն ժամ կը վխտան մեր շուրջը: Որեւէ պահու բացէ՛ք ֆէյսուքը եւ տեսէ’ք:
Բայց թողունք ֆէյսպուքը, ուր յաճախ յոխորտանքը շփոթուած է քննադատութեան հետ եւ ցոյց տանք երկու հանրածանօթ պատկերներ:
Նշանաւոր կանկսթեր Ալ Գաբոնէ, որ կը նկատուէր «ընկերութեան թիւ 1 թշնամին», ձերբակալութենէն ետք, ակնարկելով արգիլեալ խմիչքի ու բախտախաղի իր ապօրէն գործունէութեան, կը յայտարարէր. «Կեանքիս լաւագոյն տարիները վատնեցի մարդիկը հաճոյացնելու, անոնց օգնելու որ ուրախ պահեր ունենան առօրեայ դժուարութեանց մէջ, բայց փոխարէնը ստացայ հալածանք ու պարսաւանք…»:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին, Ֆրանսան Հիթլերի բանակներուն յանձնող նախագահը՝ Ֆիլիփ Փեթեն, երբ կը դատապարտուէր իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, ան կը շարունակէր մնալ իր համոզումին մէջ ու կը յայտարարէր. «իմ արարքներուս առաջնորդը Ֆրանսայի բարիքն էր ու շահը. Խիղճս հանդարտ է…»:
Ահա պատահական, բայց ցցուն երկու պարագաները անձերու, որոնք ընկերութենէ մեկուսացած ու դատարանէ խարանուած յանցանքը իրենց ճակտին, չէին ընդուներ, որ սխալ գործած են:
Մարդիկ չե՞ն անդրադառնար, որ այս այսպէս է:
Կ՚անդրադառնան, բայց կը շարունակեն քննադատել:
Գիտութեան յառաջընթացի ներկայ փուլն իսկ ոչ միայն չէ չափաւորած մարդոց քննադատելու եռանդը, այլ ընդհակառակն՝ աւելի բորբոքած է զայն ու թափ տուած անոր: Աչք մը նետենք մեր շուրջը. ամէնուրեք գերիշխողը բորբոքած ոճով քննադատութիւնն է:
Պետութիւններ քննադատութիւնը կ՚ընեն դաշնակից թէ թշնամի պետութիւններուն, կուսակցութիւններ՝ կուսակցութիւններուն, միեւնոյն կուսակցութեան անդամներ՝ իրենց կուսակիցներուն, գործաւորներ՝ գործատէրերուն, քաղաքացիներ՝ կառավարութիւններուն եւ այլն, եւ այսպէս կեանքի անիւը կը դառնայ ու կ՚առաջամղուի քննադատութեամբ, բոլոր մարզերու մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Կ՚եզրակացուի ուրեմն, որ մարդկային մտածողութիւնը իր սնունդը եւ ուժականութիւնը կ՚առնէ քննադատութենէն եւ այդ ուժականութիւնը կը սպառէ…քննադատութեամբ:
Եւ որքան շատ սպառէ, այնքան աւելի ուժ կ՚ամբարէ: Զարտուղի պարագայ, ուր սպառումը ոչ միայն չ՚աղքատացներ, այլ հարստութիւն կը բերէ, մտքի ու դատողութեան հարստութիւն:
Ուրեմն, կեցցէ՛ քննադատութիւնը:
Սակայն զգոյշ. Քննադատութիւնն ալ ունի իր ծուղակը, որուն մէջ ինկողը կ՚աղքատանայ եւ ուժաքամ կը դառնայ:
Անշուշտ…մտքով: