ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ — «Ազդակ»
Հինէն ի վեր հայը ծանօթ է իր հիւրընկալութեամբ։ Հայ ընտանիքներուն մէջ ընդունուած չէր «մինակ» ընտանեօք ճաշի նստիլ, մանաւանդ երբ տանտիկինը համեղ կերակուր պատրաստած ըլլար։
Երբ ընտանիքին մէջ նշելու որեւէ առիթ ըլլար, կը հաւաքուէին բոլոր բարեկամները, դրացիներն ու ծանօթները՝ «թուփ ու ծուպ»ը։ Թուփը ընտանիքին ծնողներուն եղբայրներուն եւ քոյրերուն ընտանիքներն էին, իսկ ծուպը՝ որդիներուն առանձին կազմած ընտանիքները։
Սեղանին կը նստէին հետեւեալ շարքով. գլուխը կը նստէր ընտանիքին հայրը, անոր երկու կողմերուն կը նստէին պատուոյ հիւրերը, ամենայարգելի մարդիկ՝ ընկեր, բարեկամ, դրացի ապա, որդիները, փեսաները, հարսերն ու դուստրերը։ Տանտիրուհին կը նստէր ամուսինին դիմաց՝ ամենավերջը, երբ բոլորը արդէն տեղաւորուած կ’ըլլային։
Սովորաբար երեխաներուն համար առանձին սեղան պատրաստուած կ’ըլլար։ Սեղանին բացումը կը կատարէր ընտանիքին աւագը, ան կը պարզէր հաւաքոյթին առիթը եւ կը նշանակէր դամատան կամ սեղանապետը, որուն պարտականութիւնն էր «համով» զրոյց ընել եւ ղեկավարել սեղանը։
Կենացներ
Առաջին կենացը կը բարձրացուէր դամատայի կենացը։ Իւրաքանչիւր դամատա ունէր սեղան վարելու իր ոճը. ան կ’որոշէր կենացներուն յաջորդականութիւնը եւ կը ճշդէր ուտելիքներուն մատուցման կարգը։
Երկրորդ կենացը հաւաքոյթի առիթին կենացն էր, որ կը ներկայացնէր դամատան գեղեցիկ արտայայտութիւններով եւ դիպուկ բնորոշումներով, ապա՝ խօսքը կու տար ուրիշներուն։
Կերուխումի ընթացքին յաջորդաբար կը խմուէր բոլոր ներկաներուն կենացը՝ աւագութեան կարգով։
Եթէ մէկուն կենացը մոռցուէր, խնդրոյ առարկայ անձը խիստ կը նեղուէր եւ քէն կը պահէր։
Անոր որ կենացը առաջարկուէր՝ ան ոտքի կ’ելլէր եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր իր հասցէին ըսուած գովեստներուն համար։ Անձնական կենացները աւարտելէ ետք, ներկաները կը խմէին ընդունուած, պարտադիր կենաց մը՝ «Պարզերես ըլլանք, իրարմէ չկշտանանք, մեր պատուին, մեր օճախին, մեր հողին տէր կանգնինք, Աստուած մեր ագահութենէն կտրէ մեր սէրութեան վրայ դնէ, հացն ու գինին մեր սեղանէն անպակաս ըլլան, մեր վատ օրը աս ըլլայ»։
Վերջին տարիներուն, Արցախեան պատերազմէն ետք, բոլոր սեղանակիցները յոտնկայս կը խմեն հայրենիքին համար զոհուածներու յիշատակի կենացը, կը մաղթեն, որ անոնք վերջին զոհերը ըլլան հայրենիքի զոհասեղանին, բոլոր ծնողները «ցամաք աչքով» հեռանան այս աշխարհէն եւ ոչ մէկ մանուկ որբ մնայ։
Կենացներուն մէջ յաճախ կը յիշուի նաեւ օճախը։
Օճախ բառը կը գործածուի տուն, ընտանիք, երբեմն նաեւ հայրենիք իմաստով, անիկա յաճախ կը բնորոշուի սուրբ մակդիրով։
Եթէ սուրբ օճախը հայուն տունը կամ հայրենիքն է, ապա հոնկէ բարձրացող ծուխը տան յաւերժականութեան, շարունակելիութեան խորհրդանիշն է։
Անկարելի է պատկերացնել որեւէ ընտանեկան հաւաքոյթ, ուր բաժակ չբարձրացուի մայրերուն համար։
Մայրն ու հայրենիքը կը համարուին հաւասար սրբութիւններ՝ արժանի խոնարհման եւ ծնրադրման։
Խաղաղութեան կենացը եւս անպակաս է հայկական սեղաններէն. հոգիի խաղաղութիւն, ընտանիքի խաղաղութիւն, հայրենիքի խաղաղութիւն… Իսկ երբ խօսքը խաղաղութեան եւ հայրենիքին կը վերաբերի, կարելի՞ է չյիշել հայ զինուորը, սահմանապահ անձնուէր զինուորը։
Վերջին կենացը՝ հիւրընկալ օճախի կենացը կ’ըլլայ։ Կը յիշուին գերդաստանի բոլոր յարգարժան մարդիկը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնուի տանտիրուհիին։
Հայկական կենացներու ընթացքին հնչող բոլոր բարեմաղթանքները, խրատները կը վկայեն հայ մարդուն հոգեկան գեղեցկութեան, առաքինութեան, ընտանիքի նուիրուածութեան եւ հիւրամեծարութեան մասին։
Ցաւալի է, որ այսօր անհետացման եզրին կը գտնուին ժողովրդական մտածողութիւնն ու աշխարհայեացը արտացոլող այս պարզ, բայց գեղեցիկ ու խորիմաստ նմոյշները, որոնք հայ բանահիւսութեան անկրկնելի գոհարներն են։
Լաւ կենաց ըսելու 5 ոսկի կանոնները
Կերուխումի հայկական սովորութիւններէն կենացը ելոյթի տեսակ է, որ կը զուարճացնէ եւ հաճոյք կը պատճառէ սեղանակիցներուն։
Տօնական օրերու նախօրեակին ծանօթանանք կենաց ըսելու 5 ոսկի կանոններուն.-
Երբ կենաց կ’ըսենք, մեր խօսքը պէտք է ամփոփէ ներկաներուն միտքերը, ցանկութիւնները, մաղթանքներն ու ակնկալութիւնները։ Անիկա միայն մեր տեսակէտը չէ, պէտք է որ բոլոր ներկաներուն սրտէն բխած ըլլայ։
Կենաց ըսողը պէտք է կարենայ այնպէս շարադրել միտքերը, որ յուզէ լսողները, որպէսզի անոնք իրենց զգացումները, ցանկութիւններն ու նպատակները տեսնեն աւելի գեղեցիկ եւ ամբողջական ձեւակերպումով։
* * *
Կենաց ըսելու ատեն պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ բոլորին բաժակները լեցուն ըլլան եւ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած ըլլայ մեր՝ կենաց ըսողին վրայ։
* * *
Կենացը նաեւ կրնանք ձեւակերպել պատմութեան կամ առակի ձեւով, միօրինակութենէ խուսափելու համար։
* * *
Կենաց ըսելու ատեն պէտք է բառապաշարի ընտրութիւն կատարենք, երբեմն ներառելով խօսակցական բառապաշար, աւելի մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծելու համար։ Սրամտութիւնը, գեղեցիկ մէջբերումներն ու համեմատութիւնները կը համեմեն մեր խօսքը։
* * *
Կենացը պէտք է ներկայացնենք եւ ոչ թէ ըսենք։ Զայն ներկայացնենք զգացմունքային, տրամաբանական շեշտով, հանգիստ հնչականութեամբ եւ բարձր ձայնով։
Ամենակարեւորը, կենացը պէտք է ներկայացնենք ինքնավստահ, մեր ըսածին հաւատալով, որպէսզի լսողները նոյնպէս հաւատան։
Ամանորը հրաշքներու պահն է, մեր կենացներով հրաշքներ մաղթենք մեր մտերիմներուն, հարազատներուն, սիրելիներուն, թող անոնք ալ հաւատան հրաշքներուն եւ մեր հրաշալի կենացներուն։