Ե­գիպ­տա­հայ Ե­րո­ւանդ ­Գա­նի­մեան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին յանձ­նեց իր հօր վե­րար­կուն: ­Հայ­րը` Էֆ­լա­թոն ­Գա­նի­մեա­նը, այս վե­րար­կուն կրած է ­Մա­րա­շէն մին­չեւ Ե­գիպ­տոս գաղ­թի ճա­նա­պար­հին:
Էֆ­լա­թոն ­Գա­նի­մեան բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քի մը` ­Յով­հան­նէս ­Գա­նի­մեա­նի եւ ­Մա­րիամ ­Չա­լէ­յեա­նի եօթ­նե­րորդ զա­ւակն էր, ծնած էր ­Մա­րաշ` 1900ի Օ­գոս­տոս 16ին:
Ինչ­պէս կը յայտ­նեն թան­գա­րան-հիմ­նար­կէն, 1920ի սկիզ­բը, երբ ֆրան­սա­կան զօր­քե­րը կը հե­ռա­նա­յին ­Մա­րա­շէն, Էֆ­լա­թոն ­Գա­նի­մեան գաղտ­նի միա­նա­լով ա­նոնց` հե­ռա­ցած է հայ­րե­նի քա­ղա­քէն: ­Ցուրտ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րուն դի­մա­կա­յե­լու հա­մար, ­Մա­րիամ` Էֆ­լա­թո­նի մայ­րը, ի­րենց տան գոր­գը վե­րա­ձե­ւած է վե­րար­կո­ւի եւ տո­ւած որ­դիին: Ֆ­րան­սա­կան զօր­քե­րուն հե­ռա­նա­լէն ետք, քե­մա­լա­կան­նե­րը կը մտնեն ­Մա­րաշ, հա­յե­րը կը դի­մեն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ շուրջ 20 օր կե­նաց ու մա­հո­ւան կռիւ կը մղեն: Ե­րի­տա­սարդ Էֆ­լա­թոն փրկո­ւե­ցաւ վե­րա­հաս մա­հէն` նա­խա­պէս փա­խուս­տի դի­մե­լով:
Էֆ­լա­թոն ­Գա­նի­մեան Ե­գիպ­տոս գաղ­թե­լէ ետք կ’ա­մուս­նա­նայ Ազ­նիւ Օր­ջա­նեա­նի հետ եւ կ’ու­նե­նան հինգ ե­րե­խայ: Էֆ­լա­թոն ­Գա­նի­մեան մա­հա­ցած է 1985ին:
­Մա­րա­շը (­Գեր­մա­նի­կէ) կը գտնո­ւի ­Լեռ­նա­յին ­Կի­լի­կիոյ մէջ` Ա­տա­նա­յէն մօտ 60 քմ. հիւ­սիս` ­Տաւ­րո­սի լան­ջե­րուն, ­Սէյ­հան կամ ­Ճի­հուն գե­տի ա­րե­ւե­լեան հո­վի­տին, այժ­մեան ­Թուր­քիոյ մէջ:
­Մա­րաշ ա­նու­նը յայտ­նի է հին ժա­մա­նակ­նե­րէն: Ան ­Կի­լի­կիոյ հա­յա­շատ ու հա­րուստ քա­ղաք­նե­րէն էր: ­Դե­ռեւս խա­չակ­րաց ար­շա­ւանք­նե­րու շրջա­նին (XI-XIII դա­րեր) ­Մա­րա­շի եւ ա­նոր շրջա­կայ­քը հա­յե­րը բնակ­չու­թեան գե­րակշ­ռող տարրն էին: XVI դա­րուն ­Մա­րաշն ան­ցած է Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ տի­րա­պե­տու­թեան տակ:
­Ժա­մա­նա­կա­կից ­Մա­րա­շը հիմ­նադ­րո­ւած է XVII դա­րուն: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ ­Մա­րաշն ու­նէր շուրջ 40.000 հայ բնակ­չու­թիւն, ո­րոնք հիմ­նա­կա­նին մէջ կը զբա­ղէին ա­ռեւ­տու­րով, ար­հես­տով, երկ­րա­գոր­ծու­թեամբ:
1918ին ­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րէն ետք, երբ թրքա­կան զօր­քե­րը դուրս բե­րո­ւե­ցան ­Կի­լի­կիա­յէն, շուրջ 25.000 մա­րաշ­ցի­ներ, ո­րոնք 1915ին քա­ղա­քէն տա­րագ­րո­ւած ու հրաշ­քով ողջ մնա­ցած էին, վե­րա­դար­ձան ի­րենց հայ­րե­նի քա­ղաք:
Օգ­տո­ւե­լով դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ ա­ռաջ ե­կած հա­կա­սու­թիւն­նե­րէն` Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ ա­րե­ւե­լեան կող­մը ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի գլխա­ւո­րու­թեամբ հետզ­հե­տէ թափ առ­նող ազ­գայ­նա­կան շար­ժու­մը սկսաւ նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած բռնու­թիւն­ներ կի­րար­կել հայ բնակ­չու­թեան դէմ` փոր­ձե­լով կան­խել ա­նոնց վե­րա­դար­ձը:
1920ի ­Յու­նո­ւար 21ին քե­մա­լա­կան զօր­քե­րը յան­կար­ծա­կի յար­ձա­կու­մով զգա­լի կո­րուստ­ներ կը պատ­ճա­ռեն քա­ղա­քին մէջ ամ­րա­ցած ֆրան­սա­կան կա­յա­զօ­րին: 1920ին քե­մա­լա­կան­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան պայ­մա­նա­ւո­րո­ւիլ ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հետ, ո­րոնք ի­րենց զօր­քե­րը դուրս հա­նե­ցին ­Կի­լի­կիա­յէն: Ֆ­րան­սա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ա­նո­րոշ դիր­քո­րո­շու­մը կը ստի­պէ հայ բնակ­չու­թեան, խիստ ան­հա­ւա­սար պայ­ման­նե­րու մէջ, դի­մել ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան: Ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան փոք­րա­թիւ ու­ժերն, այ­լեւս ան­կա­րող ըլ­լա­լով դի­մա­կա­յել թրքա­կան գե­րակ­շիռ ու­ժե­րուն, ստի­պո­ւած կ’ըլ­լան յանձ­նո­ւե­լու թուր­քե­րուն:
­Շուրջ 20 օր տե­ւած գո­յա­մար­տը հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րե­լու վճռա­կա­նու­թեան ա­պա­ցոյցն էր:
Փր­կո­ւած մա­րաշ­ցի­նե­րու պա­տա­ռիկ­նե­րը ա­պաս­տան գտան ­Սու­րիոյ, ­Լի­բա­նա­նի, ­Կիպ­րո­սի, Եւ­րո­պա­յի, ­Պա­ղես­տի­նի, Ե­գիպ­տո­սի, ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի եւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ։
­Մա­րաշ­ցի­նե­րը ի­րենց հայ­րե­նա­կից­նե­րուն նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցոյց տա­լու հա­մար 1924ին կը հիմ­նեն ­Մա­րա­շի ­Հայ­րե­նակ­ցա­կան ­Միու­թիւ­նը:
Ե­րե­ւա­նի ա­րե­ւե­լեան կող­մը հիմ­նադ­րո­ւած ա­ւա­նը, ուր բնա­կու­թիւն  հաս­տա­տած են ներ­գաղ­թած մա­րաշ­ցի­նե­րը, ի պա­տիւ ­Մա­րա­շի՝ ա­նո­ւա­նո­ւած է ­Նոր ­Մա­րաշ: