­Թուր­քիոյ եւ ­Սու­րիոյ մէջ փրկա­րար ջո­կատ­նե­րը պայ­քար կը մղեն ժա­մա­նա­կին հետ, փուլ ե­կած շէն­քե­րուն տա­կէն գտնե­լու հա­մար ա­ռա­ւե­լա­գոյն թի­ւով վե­րապ­րող­ներ, մինչ մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ձայն, «72 ժա­մո­ւան պա­տու­հա­նը» շու­տով պի­տի փա­կո­ւի։ Այն կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւածն է, ո­րուն ըն­թաց­քին փրկա­րար­նե­րը յոյս ու­նին գտնել վե­րապ­րող ան­ձեր, իսկ մին­չեւ հի­մա, հա­կա­ռակ մե­ռեալ­նե­րու հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցող թի­ւին, ո­րոնց համ­րան­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, եր­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ, ան­ցած էր 5200-ը, փրկու­թեան ջո­կատ­նե­րը, կա­մա­ւոր­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը կա­րո­ղա­ցած են ողջ դուրս բե­րել մեծ թի­ւով քա­ղա­քա­ցի­ներ։
Երկ­րա­շար­ժի ա­մէ­նէն յու­զիչ եւ սրտաճմ­լիկ պատ­մու­թիւ­նը ե­ղաւ յղի կնոջ մը միայ­նակ ծննդա­բե­րու­թիւ­նը ա­ւե­րակ­նե­րուն տակ։ Փր­կա­րար­նե­րը կա­րո­ղա­ցան ա­պա­հով դուրս բե­րել նո­րա­ծի­նը, սա­կայն դժբախտ մայ­րը չդի­մա­ցաւ ու մա­հա­ցաւ։ ­Կեանքն ու մա­հը նոյն պա­հուն հան­դի­պե­ցան փլա­տակ­նե­րուն մէջ, մարդ­կա­յին անն­կա­րագ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւն ապ­րող ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։
­Մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը կը յայտ­նեն, թէ ­Թուր­քիոյ հա­մար փրկու­թեան մի­ջազ­գա­յին օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի լաւ է քան ­Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին։ ­Թուր­քիա փու­թա­ցած են մեծ թի­ւով փրկա­րար խում­բեր, բայց դէ­պի ­Սու­րիա այլ եր­կիր­նե­րէ օգ­նու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փակ է։ ­Մին­չեւ հի­մա՝ ­Ռու­սիան, Ի­րա­նը, Ի­րա­քը, Ալ­ճե­րիան եւ Օ­մա­նը ու­ղար­կած են դե­ղո­րայք եւ օգ­նու­թիւն, կարգ մը եւս եր­կիր­ներ ցա­ւակ­ցած ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու։

­Թուր­քիոյ մէջ հա­յեր տա­կա­ւին
կը գտնո­ւին փլա­տակ­նե­րուն տակ

­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ուժ­գին երկ­րա­շար­ժին հե­տե­ւան­քով փլա­տակ­նե­րուն տակ մնա­ցած են նաեւ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ ապ­րող հայ երգ­չու­հի ­Զի­լան ­Տիգ­րիսն ու իր ա­մու­սի­նը։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ա­կունք»-ը՝ վկա­յա­կո­չե­լով տիգ­րա­նա­կերտ­ցի հայ ա­րո­ւես­տի գոր­ծիչ­նե­րէն՝ Ու­տի Ե­րո­ւան­դի՝ ­Դի­մա­տետ­րին վրայ կա­տա­րած գրա­ռու­մը։
Ըստ աղ­բիւ­րին՝ ­Զի­լան ­Տիգ­րիս ու իր ա­մու­սի­նը՝ ­Չաղ­տաշ ­Չան­քա­յեան, դեռ չեն գտնո­ւած փլա­տակ­նե­րուն տակ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց հար­ցե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նը յոյս կը յայտ­նէ, որ ա­նոնք ողջ ու ա­ռողջ դուրս պի­տի հա­նո­ւին այն­տե­ղէն։
­Զի­լան ­Տիգ­րիս ծնած է 1972-ին, ­Տիգ­րա­նա­կերտ, ուր ստա­ցած է իր տար­րա­կան, միջ­նա­կարգ եւ  բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւ­նը: Ան հայ­կա­կան ծա­գում ու­նի մօր եւ հօր կող­մէն։
Հայ երգ­չու­հին 2015-ի Օ­գոս­տո­սին մաս­նակ­ցած էր ­Հա­յաս­տա­նի Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Ա­րի տուն» ծրա­գի­րին, ո­րու ծի­րէն ներս ալ, 85 հա­յե­րու հետ միա­սին, այ­ցե­լած էր ­Հա­յաս­տան։
Լուր մը կու գայ, այս ան­գամ ­Թուր­քիոյ Իս­կեն­տե­րուն քա­ղա­քէն, ուր ե­րեք հայ կը շա­րու­նա­կեն մնալ փլա­տակ­նե­րուն տակ: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մենփ­րես»-ը, այս մա­սին յայտ­նած է թրքա­կան «Ար­թի ­Կէր­ջէք» լրա­տո­ւա­կա­նի սիւ­նա­կա­գիր Ա­րիս ­Նալ­ջը` «­Թո­ւի­թեր»-ի իր է­ջին վրայ կա­տա­րած գրա­ռու­մով:
Լ­րագ­րո­ղին հա­մա­ձայն, փլա­տակ­նե­րուն տակ մնա­ցած Ար­միկ, ­Մես­րոպ եւ Թշ­խուն ­Պա­լը­քեան­նե­րէն տա­կա­ւին լուր չկայ:

­Հա­յաս­տան փրկա­րա­րա­կան ջո­կատ­ներ
կ՚ ու­ղար­կէ ­Սու­րիա եւ ­Թուր­քիա

 ­Հա­յաս­տան ե­րէկ՝ 7 ­Փետ­րո­ւա­րին, փրկա­րա­րա­կան ջո­կատ­ներ ու­ղար­կեց ­Սու­րիա եւ ­Թուր­քիա՝ ա­ջակ­ցե­լու ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժին հե­տե­ւան­քով տու­ժած շրջան­նե­րուն մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ո­րո­նո­ղափր­կա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Այս մա­սին յայտ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նակ ­Վա­հան ­Յու­նա­նեան:

­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ հաս­տա­տած է
­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին հետ

­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան հե­ռա­խօ­սա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նին հետ:
­Վար­չա­պե­տը ցա­ւակ­ցու­թիւն ու զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին եւ ժո­ղո­վուր­դին` երկ­րի հա­րա­ւա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հուժ­կու երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով բազ­մա­թիւ զո­հե­րուն առն­չու­թեամբ: ­Փա­շի­նեան շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում մաղ­թած է բո­լոր վի­րա­ւոր­նե­րուն եւ ա­ւել­ցու­ցած է, որ Ե­րե­ւա­նի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նէն թռիչ­քի կը պատ­րաս­տո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան փրկա­րա­րա­կան ու­ժե­րուն ա­ղէ­տի գօ­տի տե­ղա­փո­խող ինք­նա­թի­ռը:
Էր­տո­ղան հայ վար­չա­պե­տին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար եւ նշած, որ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բարձր կը գնա­հա­տէ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը` կա­րե­ւո­րե­լով այդ քայ­լը նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հե­տա­գայ երկ­խօ­սու­թեան խո­րաց­ման տե­սան­կիւ­նէն:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն կը ցա­ւակ­ցի ­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին

6 ­Փետ­րո­ւա­րին ­Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժի առն­չու­թեամբ,
Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Սու­րիոյ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Նո­րա Ա­րի­սեա­նին:
Ցա­ւակ­ցա­գի­րին մէջ ը­սո­ւած է.- «Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն իր խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներն է յայտ­նում ­Սի­րիոյ բա­րե­կամ ժո­ղովր­դին եւ սի­րիա­հայ հա­մայն­քին` ­Փետ­րո­ւա­րի 6-ին տե­ղի ու­նե­ցած ա­ղէ­տա­լի երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով կրած մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րի կա­պակ­ցու­թեամբ:
­Գի­տակ­ցում ենք նաեւ, որ երկ­րա­շար­ժի եւ ետցն­ցում­նե­րի պատ­ճա­ռած նիւ­թա­կան վնաս­նե­րը ա­հա­ւոր են. այդ պատ­ճա­ռով եւ ա­ղէ­տեալ ըն­տա­նիք­նե­րին հարկ ե­ղած օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար ար­դէն իսկ ձեռ­նար­կել ենք հա­մաշ­խար­հա­յին հան­գա­նա­կա­յին ար­շաւ: ­Մեր զօ­րակ­ցու­թիւնն ենք յայտ­նում մեր քոյ­րե­րին ու եղ­բայր­նե­րին եւ մաղ­թում ուժ եւ համ­բե­րու­թիւն»:

­Սու­րիա­հայ հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը
օգ­նու­թիւն կ­՚ըն­ծա­յեն շար­ժա­հար հա­յու­թեան

­Բե­րիոյ թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու հա­մադ­րո­ւած ջան­քե­րով, ­Հա­լէ­պի եւ մնա­ցեալ հա­յա­հոծ շրջան­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը շա­րու­նակ բաց են ըն­դու­նե­լու հա­մար ա­պաս­տան ու­զող հայ­րե­նա­կից­նե­րը։ Ինչ­պէս կը յայտ­նէ «­Գան­ձա­սար»-ի խմբա­գիր ընկ. ­Զար­միկ ­Պօ­ղի­կեան հա­մա­ցան­ցին վրայ տա­րա­ծած տե­սա­նիւ­թով, ա­ռա­ջին գի­շե­րը մօ­տա­ւո­րա­պէս 2000 հա­յեր մնա­ցին հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ։ ­Հայ­կա­կան օգ­նու­թեան խում­բե­րը ա­մէն տե­սա­կի դիւ­րու­թիւն ըն­ծա­յե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։ Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ մեծ թի­ւով տու­ներ վնա­սո­ւած ըլ­լա­լով, կա­րի­քը ու­նին լուրջ վե­րա­նո­րո­գում­նե­րու։ Ըն­կե­րու­հին շեշ­տեց, թէ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը կա­րի­քը ու­նի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ մեղ­մաց­նել երկ­րա­շար­ժի պատ­ճա­ռած հսկայ վէր­քե­րը։
Ն­շենք, որ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս կոչ ուղ­ղեց ­Միու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ միա­ւոր­նե­րուն եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն՝ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած սու­րիա­հա­յու­թեան։
Ե­րեք­շաբ­թի, 7 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Բե­րիոյ ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Մա­կար եպս. Աշ­գա­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Մա­նուկ վրդ. ­Պա­րի­խա­նեա­նի, ազ­գա­յին­նե­րու եւ ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան ­Ժի­րայր ­Րէի­սեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լեց երկ­րա­շար­ժէն փրկո­ւած եւ մարմ­նա­կան վնաս­ներ կրած հա­յոր­դի­նե­րուն, «Ֆ­րի­շօ» հի­ւան­դա­նոց։
Սր­բա­զան հայ­րը, իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը տո­ւաւ եւ ի խո­րոց սրտի ա­ղօ­թեց ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն ­Տի­րոջ նա­խախ­նա­մու­թեամբ փրկո­ւած հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար, գօ­տեպն­դե­լով զի­րենք եւ մաղ­թե­լով Ա­մե­նա­կա­լին զօ­րու­թեամբ շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում։
Ն­շենք, որ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թիւ­նը երկ­րա­շար­ժի ա­ռա­ջին օ­րը կա­պո­ւե­ցաւ ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Ժի­րայր ­Րէի­սեա­նին հետ եւ ի­րա­զեկ դար­ձաւ հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին։ ­Նաեւ յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նո­ւե­ցաւ սու­րիա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։