­Կի­րա­կի՝ 11 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն, իր աչ­քե­րը փա­կեց յու­նա­հա­յու­թեան եր­կա­րա­մեայ ան­կեղծ բա­րե­կամ, նախ­կին նա­խա­րար եւ ե­րես­փո­խան ­Թա­սոս ­Նե­րան­ծիս։ Ծ­նած էր 1944-ին ­Նի­քէա­յի շրջա­նը եւ 1974-էն ի վեր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած էր՝ քա­նիցս ընտ­րո­ւե­լով ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան։ 2004-2007 տա­րի­նե­րուն ստանձ­նեց փոխ­նա­խա­րա­րի պաշ­տօն­ներ, մինչ իր ե­րես­փո­խա­նա­կան տա­րի­նե­րուն ցոյց տո­ւաւ բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։
­Պա­հեց ան­կեղծ եւ ան­բա­սիր նկա­րա­գիր մը, որ յատ­կան­շեց իր ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը. խորհր­դա­րա­նէն ներս ե­ղաւ ճար­տար խօ­սող եւ ցուցաբերեց ար­դար տի­պար մը, որ յար­գո­ւե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ։
Իր ա­ռա­ջին քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րէն՝ ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մօ­տիկ բա­րե­կամ, ջեր­մու­թեամբ զօ­րակ­ցե­ցաւ հա­յու­թեան ար­դար պայ­քա­րին, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն միշտ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դար­ձուց, յա­ճախ ներ­կա­յաց­նե­լով իր պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։
Ապ­րած ըլ­լա­լով ­­Նի­քէա­յի մէջ, ու­նե­ցաւ մեծ թի­ւով ­­Գո­քի­նիա­հայ բա­րե­կամ­ներ, իսկ յա­ճախ ներ­կայ ե­ղաւ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­լոյթ­նե­րուն։
Իր մա­հով յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ ան­կեղծ բա­րե­կամ մը ու ­­Հայ դա­տի պաշտ­պան մը։