Հոկտեմբեր 18ին կեանքէն հեռացաւ ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարար, բարերար Լեւոն Հայրապետեան։ «Արմէնփրես»ին այս մասին տեղեկացուց հայ գրող, հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ Զօրի Բալայեան։ «Նա տառապում էր ծանր հիւանդութեամբ, ու վերջին օրերին կարծես կանխազգում էր իր կեանքից հեռանալը։ Լուսադէմին նա լքեց մեզ եւ մահից ժամեր առաջ ասել էր, որ իրեն յուղարկաւորեն Մոսկուայում՝ ծնողների կողքին,- ըսաւ ան։
Լեւոն Գուրգէնի Հայրապետեան ծնած էր 1949 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ։ Աւարտած է Մ.Պ.Հ.ի Փիլիսոփայութեան դպրոցը։ Մասնակցութիւն ունեցած է Լ.Ղ.Հ. ստեղծման գործին մէջ եւ կը համարուի անոր գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը։ Կը համարուի ամենախոշոր ներդրողը Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Անոր ծրագիրները իրագործուած են Ստեփանակերտի մէջ, Մարտակերտ շրջանի Վանք գիւղին մէջ։ Գործարարի միջոցներով 2000-2002 թուականներուն վերակառուցած է հայկական հռչակաւոր Գանձասարի վանական համալիրը, որ ներկայիս Ղարաբաղի ամենաբարեկարգուած սրբավայրերէն մէկը կը համարուի։ 2008 թուականին Հոկտեմբեր 16ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մօտ՝ հինաւուրց Շուշիի եւ պատմական Գանձասարի բարերարը կազմակերպած էր նորապսակներու համատեղ պսակադրութիւն։ Այդ արարողութիւնը, 700 երիտասարդներու մասնակցութեամբ, իր տեսակով առաջինն էր ոչ միայն Արցախի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի մէջ։ Մեծ հարսանիքի օրը 200 զոյգ պսակադրուած է Գանձասարի վանքին մէջ։ Մի քանի ժամ ետք 500 զոյգ եւս պսակադրուած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ։
Կեանքէն հեռացաւ բարերար Լեւոն Հայրապետեան
Կեանքէն հեռացաւ բարերար Լեւոն Հայրապետեան