Թր­քա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր «­Ճում­հու­րիէթ» օ­րա­թեր­թի սիւ­նա­կա­գիր Այ­տըն Էն­կին յօ­դո­ւած մը հրա­պա­րա­կած է նո­ւի­րո­ւած՝ տա­սը տա­րի ա­ռաջ Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թեան եւ մեր օ­րե­րուն ա­նոր գոր­ծը շա­րու­նա­կող հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նին: «­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը Հ­րանդ ­Տինքն է» խո­րա­գի­րը կրող յօ­դո­ւա­ծը «Ար­մէնփ­րես» կը ներ­կա­յաց­նէ մաս­նա­կի կրճա­տում­նե­րով:

Ա­նոր սպա­նու­թեան օ­րէն ար­դէն տա­սը տա­րի ան­ցած է։ ­Տա­սը տա­րի ան­ցած է այն ժա­մա­նա­կէն, երբ վար­չա­պե­տը՝ ներ­կայ նա­խա­գա­հը, ա­նոր տու­նը եր­թա­լով, խոս­տա­ցաւ՝ ը­սե­լով. «­Թոյլ չենք տար, որ այս յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կորն­չի Ան­գա­րա­յի մթին բա­ւիղ­նե­րուն մէջ»։ ­Սա­կայն սադ­րիչ­նե­րը, մար­դաս­պան­նե­րու դէմ­քը շո­յող­նե­րը, ա­նոր մա­հո­ւան ճա­նա­պար­հին ա­րիւ­նոտ քա­րեր նե­տող­նե­րը, յան­ցան­քի մա­սին ի­մա­ցող­նե­րը, բայց զայն չկան­խող­նե­րը, աչք փա­կող­նե­րը դեռ կը շրջին «մթին լա­բիւ­րին­թոս­նե­րու ա­պա­հո­վու­թեան մէջ»…
Զայն սպան­նե­ցիք։ ­Կար­ծե­ցիք, թէ այս երկ­րի ա­մե­նա­քաջ զա­ւակ­նե­րէն մէ­կը մէջ­տե­ղէն վերց­նե­լով պի­տի կա­րե­նաք վերց­նել ան­կէ բարձ­րա­ցող հզօր ձայնն ու քաջ սիր­տը։

Ս­խա­լե­ցաք։
Ցե­ղա­պաշ­տա­կան-ազ­գայ­նա­կան նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով կուր­ցած ձեր ու­ղե­ղը չկրցաւ հա­շո­ւի առ­նել, նա­խա­տե­սել։ Չկր­ցաք հասկ­նալ, որ ա­նոր սպա­նու­թեամբ՝ ան­կէ պի­տի ծնին հա­զա­րա­ւոր­ներ, տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր­ներ։
Չէիք կրնար գի­տակ­ցիլ եւ չգի­տակ­ցե­ցաք, որ յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք ա­նոր սպա­նու­թեան վայ­րին վրայ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ պի­տի հա­ւա­քո­ւէին, այդ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­նե­րը ­Շիշ­լիէն Ե­նի­քա­փը պի­տի բա­ցա­գան­չէին. «­Բո­լորս Հ­րանդ ենք», ա­նոր սպա­նու­թե­նէն ծնած զայ­րոյ­թէն պի­տի ծնէր գի­տակ­ցումն ու պի­տի յա­ռա­ջա­նար սրտի խի­զա­խու­թիւ­նը։
Զայն չկրցաք հասկ­նալ նոյ­նիսկ երբ ան ողջ էր։ 1998 թո­ւա­կա­նին Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նին մէջ 1915-ի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը յան­ցանք նկա­տող օ­րէն­քի ըն­դուն­ման օ­րը ա­ռանց վա­րա­նե­լու գլխա­ւոր հե­ռա­տե­սի­լի պաս­տա­ռէն խօ­սե­ցաւ։ ­Յի­շե­ցէք այդ օ­րը ա­նոր ը­սած­նե­րը. «Կ­՛եր­թամ ­Փա­րիզ եւ ­Գոն­գորտ հրա­պա­րա­կին վրայ, քա­րի մը վրայ կանգ­նե­լով, կը հա­ռա­չեմ. «1915-ին Ա­նա­տո­լիոյ մէջ ­Հա­յե­րու դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ գոր­ծո­ւած»։
Ֆ­րան­սա­կան պե­տու­թիւ­նը մէկ ձեռ­քէս կը բռնէ զիս եւ կը տա­նի։ Այ­նու­հե­տեւ կը վե­րա­դառ­նամ, Ան­գա­րա­յի ­Կիւ­վեն այ­գիին մէջ քա­րի մը վրայ կանգ­նե­լով կը հա­ռա­չեմ. «1915ին Ա­նա­տո­լիոյ մէջ ­Հա­յե­րու դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծո­ւած է»։ ­Պե­տու­թիւ­նը միւս ձեռ­քէս կը բռնէ եւ կը տա­նի։ ­Գու­ցէ զիս մաս­նա­տեն։ ­Սա­կայն ես չեմ հրա­ժա­րիր ը­սե­լէ այն, ինչ որ ճիշդ գի­տեմ։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան հետ ոչ թէ օ­րէնք­նե­րով, այլ քննար­կե­լով եւ խօ­սե­լով կրնանք ա­ռե­րե­սիլ…»։

Յի­շե­ցի՞ք։
Ամչ­ցա՞ք։
Ը­սի, որ «զայն սպան­նե­ցիք եւ ան­կէ ծնան տաս­նեակ, հա­րիւ­րա­ւոր, հա­զա­րա­ւոր ա­նոր նման­ներ։
Ան, որ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վախ­ցած, սար­սա­փած, շշու­կով խօ­սող հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մէ­ջէն յայտ­նո­ւած էր, այ­սօր կ­՛ապ­րի իր դրօ­շա­կիր ե­րի­տա­սարդ ­հա­յե­րուն ձայ­նին, խօս­քին, գի­տակ­ցու­թեան եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ։
Ա­նոնց­մէ մէկն ալ ­Կա­րօ ­Փայ­լանն է։
­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը։
Նա­խորդ օ­րը խորհր­դա­րա­նին մէջ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ը­սե­լով ան­կէ ետ չմնա­ցող եւ 1915 թո­ւա­կա­նի մա­սին խօ­սե­լու ա­տեն՝ «ես ա­նոր ա­նու­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը դնեմ, դուք ալ կո­չե­ցէք՝ ինչ­պէս որ կ­՚ու­զէք։ Ե­կէք ա­նու­նը միա­սին դնենք եւ շա­րու­նա­կենք մեր ճամ­բան։ Ես շատ լաւ գի­տեմ, թէ պապս ին­չեր ապ­րած է» ը­սող, բո­լո­րիդ կող­մէ պատ­ժո­ւած ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը:

Մի­թէ՞ չէք հասկ­նար՝ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը Հ­րանդ ­Տինքն է։
Հ­րան­դը սպան­նե­ցիք, ­Կա­րօն, ­Կա­րօ­նե­րը ի՞նչ պի­տի ը­նէք։