Քանի մը շաբաթ առաջ՝ 10 Մայիսին, հիւանդութեան շրջան մը անցընելէ ետք, մեզմէ հեռացաւ սիրելի եւ բոլորին ծանօթ հայրենակից մը՝ Կարօ Աւագեան։
Կարօն կը պատկանի յետպատերազմեան այն սերունդին, որ իր երիտասարդական ծլարձակումները վայելեց գաղութի վերաշխուժացման ճամբուն վրայ, դաստիարակներ ունենալով մեծ ուսուցիչներ, կուսակցական անկրկնելի անձնաւորութիւններ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական անշահախնդիր ծառայողներ, ազգային կեանքին մէջ անջնջելի հետք թողած դէմքեր, որոնց շունչով եւ նուիրուածութամբ ինք եւս տոքորուեցաւ եւ փոքրուց մտաւ ծառայութեան ուղիին վրայ որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ աւագ խմբապետ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի անդամ, կուսակցական ընկեր, ազգային մարմիններու մէջ ծառայող, «Ազատ Օր»-ի ջերմ պաշտպան, Հայ Կապոյտ Խաչի ջատագով եւ հայեցի կրթութեան ջերմ հաւատացող։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Մայիս 2022-ին, Ֆիքսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ քահանայից դասուն, գաղափարի ընկերներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամներուն եւ ընտանեկան բարեկամներուն։ Սկաուտական խումբ մը պատուոյ դիրք բռնած էր հանգուցեալի դագաղին մօտ։
Արարողութենէն յետոյ, յանուն Առաջնորդ Սրբազան հօր, քարոզեց Տ. Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան, իսկ գաղափարի ընկերներուն կողմէ դամբանական խօսեցաւ ընկ. Մաննիկ Աշրեան։ Գերեզմանատան մէջ, հանգուցեալ հայրենակիցի մարմինը հողին յանձնուելէ առաջ, դամբանախօսեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու դամբանականները։
Մաննիկ Աշրեանի դամբանականը
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
Յիսուսի յարութենէն ետք, քառասնօրեայ մեր աղօթքը եկաւ սիրեցեալ ընկերոջս Կարօ Աւագեանին մահուան գոյժին ստեղծած խոր յուզումս մեղմացնել հաւատքի յոյսով:
Մարդ արարածը միշտ կը փորձէ ըմբռնել անցողական երկրային իր կեանքի իմաստը եւ ընտրել իր ճանապարհը՝ դէպի մարդկային սկզբունքներով ստեղծագործ կեանք ու յաւերժութիւն կամ նիւթեղէնին կառչելով, եսակեդրոն անմարդկային կեանք:
Հանգուցեալ ընկ. Կարօն կը պատկանէր մարդկային, ազգային, կրօնական սկզբունքներուն հաւատարիմ անձերու փաղանգին: Զինք ճանչցողները եւ յատկապէս իր հետ գործակցողները վստահ եմ, թէ իրենց սրտին մէջ պիտի պահեն միշտ ազնիւ, համեստ, ծառայասէր ու պայքարունակ Կարօյին յիշատակը: Ինք կը պատկանէր սփիւռքի ազգային գոյատեւման համար ամէն մարտահրաւէրի պարագային «ներկայ» պատասխանող այն յունահայերուն, որոնք պէտք է դառնան մեր ապագայի կեանքը իմաստաւորող օրինակ, յատկապէս նոր սերունդներուն համար:
Ընկեր Կարօն ծնած էր 1936-ին Գոքինիոյ գաղթակայանը: Իր ընտանիքին մէջ մեծցած էր քրոջը Մարիին հետ հայեցի դաստիարակութեամբ, ինչ որ առաւել եւս իր նկարագրին ուժեղ հիմքը դարձաւ, շնորհիւ «Զաւարեան» վարժարանի իր ուսուցիչներուն:
Մենք շուրջ տասը տարիներ եղած ենք դրացիներ եւ միշտ նկատած եմ, թէ Կարօն նաեւ աշխատանքով իր հօրը եւ ընտանիքի կողքին էր: Իսկ Երիտասարդականի մէջ սերտօրէն գործակցած ենք: Այն ատեն մենք աղջիկները զատ խումբերու մէջ էինք, բայց Կարօն ամէն հաւաքոյթի պարագային, ընկերուհիներու կողքին էր ընկերական եւ երբեմն նոյնիսկ եղբայրական հսկողութեամբ, ինչպէս նաեւ իր օգնութեան կարիքը ունեցող ամէն անձի կողքին: Մեր իմաստուն Աւետիք Իսահակեանի տեսակէտին հաւատարիմ՝ «մարդը այնքան մեծ է, ինչքան որ ընդունակ է ուրիշներին սիրելու»:
Յետոյ, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքային անդամներ դարձանք, առաւել հասունցած Կարօն, ազգայինը գերադասող եւ ամէն զոհողութեան պատրաստ, օրինակելի ընկեր մըն էր: Ներկայ էր ամէն տեղ: Կուսակցական ժողովներու աշխատանքներուն մասնակից էր ու գաղութային բոլոր ելոյթներուն զգալի ներկայութիւն, խրախուսելով միութենական գործունէութիւնը: Քաջութիւնը ունէր իր սեփական կարծիքը արտայայտելու եւ ուղիղ ու արդար լուծումներու սատարելու որոշ թելադրանքներով:
Կարօն նաեւ եղբայր Կարօ էր, փոքր տարիքէն մտնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ սկաուտական շարքերուն մէջ: Հիմնեց Ծովային Գոքինիոյ սկաուտներու խումբը ու դարձաւ խմբապետ եւ որոշ տարիներ նաեւ մասնաճիւղի խմբապետ:
Իր կամաւոր նուիրումը շարունակեց իբրեւ Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ստացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան Ծառայութեան եւ սկաուտական բարձրագոյն շքանշանները:
Ինք ծառայած է «Համազգային»ի մէջ եւս իբր երգչախումբի անդամ եւ յաճախ եկեղեցւոյ մէջ դպրաց տասի անդամ:
Ամուսնանալով 1972-ին, Գոմոթինիէն Անի Կիւլպէնկեանին հետ փոխադրուեցաւ Ֆիքս, ուր շարունակեց իր գործունէութիւնը: Ունեցան երկու զաւակներ՝ Նազարն ու Օննիկը եւ ընտանեօք աշխուժօրէն մասնակցեցան ազգային կեանքի վարչական աշխատանքներուն՝ Անին Հ.Կ.Խաչի մէջ, զաւակները Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ սկաուտական եւ մարմնակրթական գործունէութեան: Մի քանի տարիներ առաջ, Ազգային վարչութեան մէջ, առիթը ունեցայ, գործակցելով Նազարին հետ, նկատելու թէ ժառանգած էր իր հօր սկզբունքները՝ լրջօրէն, արդարօրէն ու համեստօրէն ծառայելու: Կարօն բախտը ունեցաւ նաեւ ուրախանալու թոռնիկներով, Նազարի եւ իր կնոջ ուսուցչուհի Վիքի Մաղաքեանի ամուսնութենէն վերջ:
Երկար տարիներ Կարօն նաեւ Աթէնքի Հոգաբարձութեան մէջ բացառիկ ջանասիրութեամբ, շինարարական աշխատանքներով, Առաջնորդարանի մէջ ելոյթներով, սատարեց նաեւ ժողովուրդի ներկայութեան յաջողցնելով, տաճարի պայծառացման:
Միշտ մօտէն կը հետեւէր հայկական կեանքի բոլոր զարգացումներուն, իբր «Ազատ Օր»ի ջերմ ընթերցող եւ իր ընտանեկան թէ ընկերային միջավայրին մէջ հայապահպանումը եւ հայրենի մտահոգութիւնները իր կարեւորագոյն նիւթերն էին:
Յուզիչ եւ քաղցր յիշատակ կը պահեմ այն հանդիպումներէն, որ կ’ունենայինք իր հետ, լուսահոգի ամուսինս ու նաեւ նուիրեալ Ազգ. վարչութեան նախկին ատենապետ հանգուցեալ Եղիա Ճամուզեանը: Մեր խօսակցութեան միակ նիւթը մեր յարուցեալ ազգի ներկան ու ապագայի յոյսն էր:
Սիրեցեալ ընկ. Կարօ, այս էր ուրեմն քու պատգամդ բոլորիս:
Յստակ է, թէ ներկան չենք կարող անցեալի մէջ ապրեցնել, բայց կարող ենք անցեալը ներկային մէջ ապրեցնել, որպէսզի ունենանք ապագայ, իբր ազգ: Սփիւռքը ամէնօրեայ Աւարայր է: Ուստի, կը պարտինք արժանապատուութեամբ դիմագրաւել նորօրեայ մարտահրաւէրները, բարձր պահելով հայ անունը ամէնուրեք, յիշելով Պարոյր Սեւակի ոգեշունչ տողերը՝ «Մեր հայրենիքը… մեզնից դատարկուեց: Բայց… ո՛չ մի վայրկեան, ո՛չ մի ակնթարթ, մենք չենք դատարկուել մեր հայրենիքից»:
Խոնարհելով, ուրեմն, մեր ընկերոջ անշունչ մարմնին առջեւ, կը խոստանանք, թէ իր զգալի բացակայութեամբ, միշտ ներկայ պիտի ըլլայ մեր սրտերուն մէջ: Յաւիտենական հանգիստ իր հոգւոյն, խորին վշտակցութիւններ եւ սուրբ հոգւոյ մխիթարութիւն իր ընտանիքին ու հարազատներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողմէ եղբ. Գէորգ Պօղոսեանի դամբանականը
Աւագ խմբապետ եղբ. Կարօ,
«Բարձրացիր – Բարձրացուր»
Դուն ապրեցար այս հիմնական Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքով, մանկութեան եւ երիտասարդութեան օրերէն մասնակցեցար մեր սկաուտական շարքերուն, բարձրացար եւ մեծ թիւով սերունդներ բարձրացուցիր քեզի հետ։ Բախտը չունեցայ անմիջականօրէն աշխատելու քեզի հետ, բայց գուրգուրանքդ զգացի թէ՛ իբրեւ երիտասարդ խմբապետ, թէ՛ իբրեւ երեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական։ Խանդավառուած էիր երբ վերջերս Գարէայի ակումբէն ներս մէկ առ մէկ վեթերաններու հանդիպումները ըրինք եւ քեզմէ զարմացած կը լսէինք տասնեակ սկաուտներու անուններ եւ սկաուտական երգեր, պատուելով մեր հին եղբայրներուն վաստակը։
Երթաս բարով, եղբ. Կարօ։ Վստահ ըլլաս, թէ քու բարձրացուցած եղբայրները եւ քոյրերը «Միշտ պատրաստ» կը մնանք։