Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան «Արսէն Պալեան» խումբը։ Երկրորդ կարգի մէջտեղը կ՚երեւի Կարօ Աւագեան

«­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան խում­բե­րուն մէջ
մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ մի շքեղ պէճ,

­Գո­քի­նիոյ խումբն է այդ տաս­նը­չորս թի­ւը կրող՝
Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան պար­ծանքն է:

Խ­րոխտ եւ կար­գա­պահ հայ քա­լո­ւած­քով ներ­կայ խմբա­պետ­նե­րով,
ա­ռաջ­նորդ­նե­րով տո­ղանցք­նե­րու կ­’իջ­նաս,

­Նա­խան­ձե­լի կ­՚ըլ­լաս ա­մէն կող­մէ ալ գնա­հա­տո­ւե­լով»:

­Լու­սա­հո­գի Ե­ղիա ­Ճա­մու­զեա­նի մա­հո­ւան առ­թիւ, ­Կա­րօ Ա­ւա­գեա­նի կող­մէ գրո­ւած տխրու­նիէն ի­մա­ցանք, որ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան խում­բե­րու քայ­լեր­գը յօ­րի­նած էր Ազ­գա­յին վար­չու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ա­տե­նա­պե­տը, որ ինքն ալ իր կար­գին սկաուտ խմբա­պետ ե­ղած էր եւ ան­շուշտ կ’ակ­նար­կէր իր ժա­մա­նա­կո­ւան խմբա­պետ­նե­րուն:
­Մեր խմբա­պետ­նե­րէն էին եղբ. ­Պեր­ճը, եղբ. Վ­րէ­ժը, եղբ. ­Կա­րոն, գայ­լիկ­նե­րու ա­քե­լան եղբ. Գ­րի­գո­րը եւ պա­լուն եղբ. ­Գէոր­գը:
Ս­կաու­տա­կան շար­ժու­մը 60-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն աշ­խոյժ շրջան մը կը բո­լո­րէր թի­ւի եւ գոր­ծու­նէու­թեան ի­մաս­տով: Այն շրջա­նին ո­րո­շո­ւե­ցաւ հիմ­նել նաեւ ծո­վա­յին սկաուտ­նե­րու խում­բը, ո­րուն խմբա­պե­տու­թիւ­նը ստանձ­նեց եղբ. ­Կա­րոն:
­Հա­զիւ քա­նի մը տա­րի գոր­ծեց ծո­վա­յին սկաուտ­նե­րու խում­բը, «ճայ» եւ «խեց­գե­տին» խմբակ­նե­րով եւ երբ սկաուտ­նե­րու թի­ւը նո­ւա­զե­ցաւ, ո­րո­շո­ւե­ցաւ սահ­մա­նա­փա­կել գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ցա­մա­քա­յին սկաուտ­նե­րով:
Տ­պա­ւո­րիչ էր սկաուտ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ինչ­պէս ար­դէն քայ­լեր­գի բա­ռե­րէն ի յայտ կու­գայ յու­նա­կան ազ­գա­յին տօ­նե­րու առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած տո­ղանցք­նե­րուն, թի­ւի այ­լեւ քա­լո­ւած­քի ի­մաս­տով. գնա­հա­տան­քի խօս­քեր կը լսո­ւէին յու­նա­կան խնա­մա­կա­լու­թե­նէն:
Ս­կաու­տա­կան կեան­քը, գոր­ծու­նէու­թեամբ, եր­գե­րով եւ խա­ղե­րով անջն­ջե­լի կեր­պով դրոշ­մո­ւած է մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ:

«Օ՛ն բա­նա­կում, դու ես մեր ի­տէա­լը
Օ՛ն բա­նա­կում, ինչ ա­նուշ ա­նուն»:

Կ­՚եր­գէինք, եւ ան­շուշտ եր­գը ապ­րու­մի կը վե­րա­ծո­ւէր մաս­նակ­ցե­լով սկաու­տա­կան բա­նա­կում­նե­րուն:
Եղբ. Վ­րէ­ժը, եղբ. ­Կա­րոն եւ եղբ. ­Գէոր­գը մնա­յուն սկաու­տա­կան խմբա­պե­տու­թիւ­նը կը կազ­մէին ա­մա­ռո­ւայ մեր բա­նա­կում­նե­րուն: ­Խա­ղեր, եր­գեր, ծո­վու լո­գանք­ներ, լու­ղոր­դա­կան մրցում­ներ, բուր­գեր ծո­վի մէջ եւ ծո­վէն դուրս, եր­թեր բնու­թեան եւ ան­տա­ռին մէջ հե­տա­խու­զա­կան նշան­նե­րով:
Ե­րե­կո­յեան ընթ­րի­քէն ետք կը յա­ջոր­դէր խա­րոյ­կա­հան­դէս-կրակ­վա­ռը, եր­գե­րով, կա­տակ­նե­րով, տրա­մա­խօ­սու­թիւն­նե­րով մին­չեւ ուշ գի­շեր երբ փո­ղա­հա­րը կը հնչեց­նէր լռու­թեան ե­ղա­նա­կը եւ այ­լեւս քու­նի ժա­մա­նակն էր: ­Քա­նի-քա­նի ան­գամ երբ հին սկաուտ­ներս կը հան­դի­պինք ե­րա­նե­լի օ­րե­րը կը յի­շենք:
Եղբ. ­Կա­րո­յի պա­րա­գա­յին հարկ չկար խօս­քով յի­շե­լու, երբ ակ­նարկ մը կը փո­խա­նա­կէինք իր հետ, ա­ռանց խօս­քի, ինք­նա­բե­րա­բար մեր ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը կը ճամ­բոր­դէր այն քաղցր օ­րե­րուն, այդ մէ­կը իր նա­յուա­ծքէն կ­՚ար­տա­ցո­լար:
­Չէ՞ որ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ճամ­բոր­դե­լու ա­մէ­նէն ա­րա­գըն­թաց մի­ջոցն է:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եղբ. ­Կա­րո­յի ծա­ռա­յու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ միայն սկաու­տա­կան մար­զէն ներս:
Իբր մար­զիկ մաս կազ­մեց ոտ­նագն­դա­կի, կո­ղո­վագն­դա­կի եւ վո­լէյ-պո­լի խում­բե­րուն: Ընտ­րո­ւե­ցաւ նաեւ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ, ստանձ­նե­լով քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը:
Իր տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շար­քե­րէն ներս շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ:
«Ըն­կեր» ­Կա­րոն մաս կազ­մեց ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նի Ե­րի­տա­սար­դաց «­Հա­մա­զասպ» խում­բին, ա­պա «Ար­սէն ­Պա­լեան» տղոց խում­բին, ա­պա միա­ցեալ «­Սօ­սէ-­Պա­լեան» խում­բին:
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին ան­ցաւ Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը, հա­ւա­տա­րիմ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան իր տո­ւած երդ­ման, իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ շրջա­նի «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէի եւ կո­մի­տէու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Երբ շրջա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Կա­րօ ­Մար­կո­սեան ­Գա­նա­տա մեկ­նե­ցաւ, ընկ. ­Կա­րօ Ա­ւա­գեան փո­խա­րի­նեց զինք ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ստեղ­ծո­ւած բա­ցը լրաց­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ:
Եր­կար տա­րի­ներ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի երգ­չա­խում­բին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ ալ պար­գե­ւատ­րո­ւե­լով իր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար:
Ա­մուս­նա­ցաւ եւ ըն­տա­նիք կազ­մեց ­Գո­մո­թի­նիէն օր. Ա­նի ­Կիւլ­պէն­կեա­նին հետ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Ֆիք­սի շրջա­նը:
­Ֆիք­սի շրջա­նին մէջ եւս ծա­ւա­լեց գոր­ծու­նէու­թիւն, ստանձ­նե­լով կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան պաշ­տօն­ներ: Խ­թան հան­դի­սա­ցաւ նաեւ շրջա­նի Հ.Կ.­Խա­չի գոր­ծու­նէու­թեան:
­Հա­յա­բոյր մթնո­լորտ ստեղ­ծեց իր ըն­տա­նե­կան յար­կէն ներս, իր կեն­դա­նի օ­րի­նա­կով դաս­տիա­րա­կեց իր ըն­տա­նի­քը: Վս­տահ, որ դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­մէ­նէն ազ­դու մի­ջո­ցը այն է:
Ա­նին տա­րի­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մին եւ կը շա­րու­նա­կէ սա­տար հան­դի­սա­նալ միու­թեան: ­Նա­զա­րը եւ Օն­նի­կը ի­րենց կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նին միու­թե­նա­կան եւ ազ­գա­յին կեան­քին, ազ­գա­յին կա­ռոյ­ցի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամ­բով:
Ա­թէն­քի կո­մի­տէու­թեան հեր­թա­պա­հի հան­գա­ման­քով մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան, ­Նո­յեմ­բե­րեան քա­ղա­քի հետ եղ­բայ­րաց­ման առ­թիւ:
­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պետն էր այժ­մու պաշտ­պա­նու­թեան փոխ նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս: ­Վե­րա­դար­ձին, ընկ. ­Կա­րոն իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, եր­կու շա­րու­նա­կու­թեամբ, ար­տա­յայ­տեց «Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րէն:

***

«Ազ­գա­յին» ­Կա­րոն ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ ազ­գա­յին մե­քե­նա­յին, ­Ֆիք­սի շրջա­նի իբր պատ­գա­մա­ւոր: Երբ Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գա­բար­ձու­թիւն կազ­մե­լու դժո­ւա­րու­թիւն կար, ինք ա­ռաջ նե­տո­ւե­ցաւ ստանձ­նե­լով ­Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­թիւ­նը որ­պէս­զի աշ­խա­տանք­նե­րը հու­նա­ւո­րէ:
Ո­րոշ շրջա­նի մը հա­մար ե­ղաւ նաեւ Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ: ­Չի զլա­ցաւ նաեւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սին ա­մէն ան­գամ, որ պա­հանջ­քը կը զգա­ցո­ւէր:
Երբ այ­լեւս տա­րի­քի եւ ա­ռող­ջու­թեան պատ­ճա­ռով ան­կա­րող էր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու, ներ­կա­յու­թիւն էր ա­մէն ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ հա­ւաք­նե­րուն:
Երբ խօս­քը կ­՚ու­զէի ի­րեն ուղ­ղել կը շո­ւա­րէի՝ եղբ. ­Կա­րօ, ընկ. ­Կա­րօ, ինչ­պէ՞ս կան­չել զինք, քա­նի պարզ ­Կա­րօ ա­նո­ւա­նե­լը ան­յար­մար կը նկա­տէի: Այս­պէս ի­րեն մօ­տե­նա­լով, ուղ­ղա­կի ը­սե­լիքս կ­՚ը­սէի ա­ռանց ա­նո­ւա­նու­մի:
­Բա­րի ճա­նա­պարհ սի­րե­լի եղ­բայր, սի­րե­լի ըն­կեր, վստահ որ մտա­հո­գիչ հա­մե­մա­տու­թեամբ կը պակ­սին քու նման ծա­ռա­յա­սէր եւ պատ­րաս­տա­կամ ան­ձեր:
­Վարձքդ կա­տար։

Թագ­ւոր