Անցեալ շաբթուան ընթացքին, հելլէն մամուլի տպագիր ազդեցիկ թերթերու թղթակիցներ, օգտուելով Արցախի Հանրապետութեան նախարար Կարէն Միրզոյեանի Աթէնք կատարած այցելութենէն, հարցազրոյցներ ունեցան անոր հետ։
Էֆիմերիտա թոն սինտաքթոն
Առաջին հարցազրոյցը լոյս տեսաւ «Էֆիմերիտա թոն սինտաքթոն» (ԷՖ. ՍԻՆ) թերթի Երկուշաբթի՝ 20 Մարտ 2017ի թիւին մէջ, թղթակից Նիքոլաս Զիրղանոսի ստորագրութեամբ։ Լման էջով հրատարակուած հարցազրոյցը կը կրէ «Թուրքիա կ’ապակայունացնէ Միջին Արեւելքը՝ սեփական շահի համար» խորագիրը։
Հարցումները կը վերաբերին տարի մը առաջ՝ Ապրիլին Արցախի դէմ սանձազերծուած ատրպէյճանական զինեալ յարձակումէն ետք ներկայ իրավիճակին, Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը հրահրող պատճառներուն,Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի միջեւ յարաբերակցութիւններուն եւ Թուրքիոյ դերին։
Պրն. նախարարը, պատասխանելով հարցումներուն, կը նկարագրէ ներկայ իրավիճակը՝ դիտել տալով, թէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն չկան, քանի որ շարունակաբար կը կրկնուին զինեալ յարձակումները եւ զինադադարի խախտումները՝ ատրպէյճանական ռազմական ուժերուն կողմէ։
Ատրպէյճան կը շարունակէ իր փորձերը՝ սահմանագծին վրայ իրավիճակը ապակայունացնելու առումով, ինչ որ վտանգաւոր միտում է։ Կը նշուի, թէ հարցի խաղաղ կարգաւորման համար աշխատանքը դեռ ընթացք չէ առած։ «Ատրպէյճանի այս յարձակողականդիրքորոշումը բանակցութիւնները անելի կը մատնէ եւ վտանգի տակ կը դնէ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը»,- կ’ըսէ նախարարը։ Լրագրողի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ատրպէյճան կը սրէ լարուածութիւնը, Կարէն Միրզոյեան դիտել կուտայ, թէ հիմնական պատճառները ներքին են. հետզհետէ սաստկացող տնտեսական անբարենպաստ իրավիճակը, հակառակ ուժանիւթի աղբիւրներէ գոյացող հասոյթներուն։ Միաժամանակ, երկիրը կը դիմագրաւէ մարդկային իրաւունքներու յարգման լուրջ հարցեր։«Ներկայիս Պաքու կը փորձէ շեղել հանրային կարծիքը իր ներքին խնդիրներէն անդին, Արցախի դէմ գործադրուող իր յարձակողապաշտ քաղաքականութեամբ։ Անոնք կ’ամրապնդեն ազգայնական զգայնութիւնները, հակահայկական տրամադրութիւնները, ցեղապաշտական մօտեցումները՝ վտանգաւոր խաղ մը մէջտեղ բերելով եւ այլ երկիրներ եւս ներգրաւելով հակամարտութեան մէջ։ Վերջին տարիներուն ընթացքին, կը տեսնենք սերտ դաշինք մը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ, յանուն իսլամական համերաշխութեան։
Այս խաղը սակայն շատ վտանգաւոր է, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրօնական չէ, եւ եթէ նման ապակառուցողական մօտեցում որդեգրուի՝ Փանտորայի արկղը բացուած պիտի տեսնենք»,- կ’ըսէ Կարէն Միրզոյեան։
Միրի Օմոնիա
Երկրորդ հարցազրոյց մըն ալ լոյս տեսած է Յունաստանի ռուսալեզու «Միրի Օմոնիա» թերթի Չորեքշաբթի՝ 22 Մարտի թիւին մէջ։
Առաջին էջով հրատարակուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարի լուսանկարը եւ յօդուածի հիմնական խորագիրը, ապա՝ ներսի երկու էջերով տեղ տրուած է տարածուն հարցազրոյցին։
Հարցազրոյցներու այլ շարք մըն ալ կատարուած է տպագիր թէ ելեկտրոնային լրատուական կայքէջերու հետ, որոնք պիտի հրատարակուին յառաջիկայ օրերուն։