Կիրակի երեկոյեան, Յունաստանի վարչապետին կողմէ յայտարարուած շրջագայութեան արգիլումի որոշումի լոյսին տակ, այսու կը յայտնենք մեր բոլոր բաժանորդներուն, որ այլեւս կարելի չէ «Ազատ Օր»ի ամէնօրեայ տպագիր թիւերը ցրուել մեր հայրենակիցներու տուները։
Մինչեւ սոյն արգիլումի վերացումը, մեր թերթը պիտի շարունակէ լոյս տեսնել ելեկտրոնային ձեւով (PDF) եւ պիտի ուղարկուի բաժանորդներու ելեկտրոնային հասցէներուն միայն։
Կը խնդրենք մեր բոլոր բաժանորդներէն` մեր թերթի հասցէին
՝ azatordaily@gmail.com
անմիջականօրէն ուղարկել իրենց ելեկտրոնային հասցէները (e-mail), որպէսզի օրը-օրին կարելի ըլլայ ստանալ «Ազատ Օր»ը իրենց համակարգիչներուն, հեռաձայներուն եւ պլանշէթներուն (Tablet) վրայ։
Նաեւ, թերթիս պաշտօնէութիւնը պիտի կապուի մեր բաժանորդներուն հետ, ստանալու համար անոնց ելեկտ. հասցէները։
Կը յուսանք, որ մօտ ատենէն պիտի վերացուին խոչընդոտները, որպէսզի տպագիր թերթը դարձեալ հասանելի ըլլայ բոլորին։

«Ազատ Օր»