Նոյեմբեր 15ի այս օրը կը լրանայ մահուան 151րդ տարելիցը Կարապետ Ամիրա Պալեանի, որ Օսմանեան Կայսրութեան չորս սերունդ արքունի ճարտարապետներ տուած Պալեան ամիրայական ընտանիքին ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը կը նկատուի։
Շատ գրուած ու խօսուած է սուլթանական՝ օսմանեան-թրքական ճարտարապետութեան նկարագիր ու փայլք ապահոված Պալեան ճարտարապետներուն մասին։ Իրականութեան մէջ Պալեան ընտանիքը իր գագաթնակէտին հասցուց դարերու ընթացքին հայ ճարտարապետներու ստեղծած մշակութային-քաղաքակրթական մեծարժէք աւանդը, որ մասնագէտներու գնահատումով Օսմանեան Կայսրութեան բազմազգեան մայրաքաղաքին՝ Կոստանդնուպոլսոյ տուաւ բիւզանդական եւ արաբական, այլեւ՝ եւրոպական ու մահմետական ոճերու եւ դիմագիծներու ուրոյն համադրում մը։
Ինչպէս որ Մատենադարանի գիտաշխատող, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համակեցութեան պատմութիւնն ուսումնասիրող մասնագէտ Անահիտ Աստոյեան կը վկայէ՝ «իսկապէս, այսօրուայ Կոստանդնուպոլսի ճարտարապետական դիմագծի վրայ հայ ճարտարապետները մեծ ազդեցութիւն են ունեցել: Յայտնի անունները, տարբեր ժամանակաշրջաններում, շատ են՝ Էդուարդ Թերզեան, Սարգիս Թաշճեան, Գէորգ Ասլանեան, Խալֆա Աւետիսեան, Միհրան Ազարեան, Յովսէփ Ազնաւուր (ով հեղինակել է Աբբաս Հիլմի փաշայի ապարանքը, ծխախոտի գործարանը), Մկրտիչ Չարխեան, Ստեփան Համամճեան, Լեւոն Կիւրեղեան, Արամ եւ Իսահակ Գարագաշները, Ստեփան Իզմիրլեան, Անտոն Գազազեան, Գեղամ Գաւաֆեան, Յովհաննէս Սէրվերեան եւ այլք: Հայերը եղել են նորոգող մասնագէտներ, պալատները զարդարողներ, որմնանկարներ անողներ: Եւրոպայում բարձր մակարդակի կրթութիւն ստացած հայ ճարտարապետներն են եւրոպական նորը բերել Թուրքիա. այսօր թուրքերի ճակատը պարզ անող ամենագեղեցիկ պալատներն ու մզկիթները հայ ճարտարապետների գործերն են:
«Այս առումով առանձնայատուկ յիշատակման արժանի է Պալեանների տաղանդաշատ ընտանիքը: Համաշխարհային ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ չկայ մէկ այլ նման դէպք, երբ մէկ ընտանիքի ինն անդամներ, իրար յաջորդելով, լինեն արքունի ճարտարապետներ՝ շուրջ երկու դար իրականացնելով զանգուածային պետական շինարարութիւն: Կարապետ Ամիրա Պալեանը, Գրիգոր Ամիրա Պալեանը, Նիկողոս Պալեանը, Սարգիս Պալեանը, Սենեքերիմ Պալեանն, իրար յաջորդելով, շէնացրել են թուրքական պետութիւնը բացառիկ կառոյցներով, որոնք այսօր էլ պարզերես են անում ու ներկայանալի դարձնում թուրքական կողմին՝ միջազգային խորհրդաժողովներ հիւրընկալելիս։ Խօսքը Տոլմապահջէի, Աքսարայի, Չըրաղանի, Ֆեներպէյի, Պէյլերպէյի պալատների մասին է, որոնք ինչպէս իրենց արտաքին, այնպէս էլ ներքին զարդանախշերով ու որմնանկարներով իսկապէս բացառիկ են։ Թուրքական սուլթանները ճարտարապետական այս ընտանիքի անդամներին այնքան են գնահատել, որ բազմաթիւ արտօնութիւններ են տուել, տիտղոսների ու շնորհների արժանացրել»:
Կարապետ Ամիրա Պալեան ծնած էր 1800ին. մանչ զաւակն էր արքունի ճարտարապետ Գրիգոր Ամիրա Պալեանին։ Անհրաժեշտ տեղեկութիւնները կը պակսին Կարապետի երիտասարդութեան եւ ուսման մանրամասնութեանց մասին։ Բայց ծանօթ է, որ հօր մահէն ետք (1831ին) երիտասարդ ու տաղանդաւոր ճարտարապետ Կարապետ Պալեան փոխարինած է հօրը՝ իբրեւ արքունի ճարտարապետ։
Պոլսահայ Շուշան Գորտոնճիյեան, իր կայքէջով, հետեւեալ ամփոփ տեղեկութիւնները արձանագրած է Կարապետ Ամիրայի մասին.- «Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի շինութիւնը Կարապետ Ամիրա Պալեանի առաջին գործը եղած է: Կարապետ Պալեան ոչ միայն ճարտարապետութեամբ, այլեւ՝ իր բարերարութիւններով ալ հայ ազգին ծառայած ու օգտակար եղած է: Ան, Նազելի Պապայեանի հետ ամուսնացած եւ 10 զաւակ ունեցած է: Անոր մանչ զաւակները՝ Նիկողոս, Սարգիս, Յակոբ եւ Սիմոն Պալեանները մասնայատուկ ճարտարապետներ եղած են: Կարապետ Ամիրա Պալեան թաղուած է Պէշիկթաշի հայոց գերեզմանատան մէջ, սակայն իր դամբարանը կորսուած է:
«Կարապետ Պալեան կը յիշատակուի իբրեւ մեծահռչակ Տոլմապահջէ Պալատին ճարտարապետը: Իրերայաջորդ Մահմուտ Բ., Ապտիւլ Ազիզ եւ Ապտիւլ Մէճիտ սուլթաններու ժամանակաշրջանին ան եղած է արքունի ճարտարապետը: Անոր ամէնէն յաջող աշխատութիւնները իրագործուած են սուլթան Ապտիւլ Մէճիտի գահակալութեան շրջանին:
«Կարապետ Պալեան, մօտաւորապէս 30 տարուան իր աշխատութեան շրջանին, ծրագրած ու կառուցած է 7 պալատ, 4 գործատուն, զօրանոց մը, մզկիթ մը, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց, 2 ջրաթումբ, 7 եկեղեցի եւ շատ մը բնակարաններ։
«Կարապետ Ամիրա Պալեանի իրագործած նշանաւոր շէնքերու ցանկը երկար է: Տոլմապահջէ Պալատ, Զոյգ Պալատներ, Էյիւպ (ներկայիս գոյութիւն չունի), Ճէմիլէ եւ Միւնիրէ Սուլթան Պալատներ, Ֆընտըքլը (ներկայիս՝ Ճարտարապետ Սինան Համալսարանի շէնքը), Ջըրաղան Պալատ (հինը, որ այժմ գոյութիւն չունի), Հիւնքար Ապարանքը (Իզմիթ վերանուանուած այժմու թանգարանը), Պայընտըր Ապարանքի նորոգութիւնը, Եըլտըզ Ապարանքը (ներկայիս գոյութիւն չունի), Կիւմիւշսու զօրանոցը (ներկայիս՝ Պոլսոյ Գիտարուեստական Համալսարանի շէնքը), Գուլէլի Ձիաւոր զինուորներու զօրանոցը (այժմու Զինուորական Դպրոցը), Տոլմապահջէ Մզկիթը, Մահմուտ Բ.ի Շիրիմը «Ջէմպէրլիթաշ», Մէքթէպի Հարպիյէ (ներկայիս՝ Զինուորական Թանգարան), Սիբահի Օճախ (Հարպիյէ, ներկայիս գոյութիւն չունի), Թէրքոսի Հիմնարկները «Թէրքոս», Գիրազլը Ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Մահմուտ Բ.ի Ջրաթումբ, Իզմիթի Ջուխատունը, Հէրէքէյի գործատունը, Պաքրգիւղի կտաւի գործատունը, Պէյքոզի կաշիի գործատունը, Զէյթինպուրնու Երկաթ ու Պողպատի գործատունը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, Ս. Յակոբ Եկեղեցին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցին «Պէշիկթաշ» Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցին «Գուրուչէշմէ» Ս. Երրոդութեան Եկեղեցին (Բերա, Յովհաննէս Սէրվերեանի հետ միասին), Սէմերճեան-Ճեմարան Վարժարանը (Սկիւտար):
Անհրաժեշտ աղբիւրներ չունենալու հետեւանքով՝ դժուար է պատասխանատուութեամբ կատարել Կարապետ Ամիրա Պալեանի եւ ընդհանրապէս Պալեան ամիրայական ընտանիքի ազգային գործունէութեան ներկայացումն ու արժեւորումը։ Իսկ ոգեկոչումի այսօուան հակիրճ սիւնակը կ’արժէ եզրափակել Անահիտ Աստոյեանի հետեւեալ նշումով. -«Հասարակ թուրք մարդն այսօր էլ քաջատեղեակ է անցած դարասկզբին տեղի ունեցած մեծ ոճրին: Շատ յաճախ հայերի հետ մասնաւոր շփումներում, վկայակոչելով իրենց պապերի ու տատերի պատմութիւնները, նրանք յիշում են, որ իրենց նախնիներն արձանագրել են.- «Հայերը տեղահանուեցին ու իրենց հետ տարան այս երկրի պարաքեաթը (օրհնանքը)»:
Կարապետ Ամիրա Պալեան (1800-1866)
Կարապետ Ամիրա Պալեան (1800-1866). Սուլթանական արքունի ճարտարապետներու Պալեան ամիրայական ընտանիքին հռչակաւոր ներկայացուցիչը Ն.