Հ.Հ. ­Սիւ­նի­քի մարզ­պե­տի խորհր­դա­կան ­Ռո­բերտ ­Հայ­րա­պե­տեան Facebookի իր է­ջին մէջ հրա­պար­կած է տե­սա­նիւթ եւ գրած. «Ա­ռա­ջին օ­դա­նա­ւը փորձ­նա­կան վայ­րէջք կա­տա­րեց ­Սիւ­նի­քի օ­դա­կա­յան»:
­Յի­շեց­նենք, որ ­Սիւ­նի­քի մարզ­պետ ­Վա­հէ ­Յա­կո­բեան ­Մար­տին Tert.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած էր, որ ­Կա­պա­նի օ­դա­կա­յա­նի վե­րա­գոր­ծարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տած են եւ ար­դէն իսկ ո­րո­շում կա­յա­ցած է վե­րա­կանգ­նե­լու զայն:
«­Մեծ յոյ­սեր ու­նիմ, որ մենք մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Կա­պա­նի օ­դա­կա­յա­նի ժա­պա­ւէ­նը կը կտրենք»,- նշած էր մարզ­պե­տը: