Մաքսային երկու պաշտօնեաներ կաշառակերութեան մեղադրանքով կալանաւորուած են
Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի (Պ.Ե.Կ.) աշխատակիցներու կողմէ կաշառք ստանալու, ապօրինի ճանապարհով հանրապետութիւն գիւղատնտեսական ապրանքներ ներածելու եւ ապօրինի ձեռնարկատիրութիւն իրականացնելու հետեւանքով՝ պետութեան խոշոր վնաս պատճառելու դէպքին վերաբերեալ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ, Պ.Ե.Կ. նախաբացթողումային հսկողութեան վարչութեան (մաքսային) Բագրատաշէնի բաժանմունքի մաքսային տեսուչը եւ նոյն բաժանմունքի հերթափոխի պետը կալանաւորուած են իբրեւ մեղադրեալներ»: Քննութեամբ պարզուած է, որ Պ.Ե.Կ.ի յիշեալ պաշտօնեաները շարք մը անհատ ձեռնարկատէրներու օգտին ապօրինի գործողութիւններ կատարած եւ Բագրատաշէնի մաքսակէտով ներածուած միրգ-բանջարեղէնը պատշաճ զննութեան չենթարկելու համար վերջիններէն կաշառք ստացած են:
Կաշառակերութեան յանցանքով ձերբակալուած է նաեւ դատաւոր մը
Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Լեւոն Արազեան Հինգշաբթի՝ 11 Մայիսին ձերբակալուած է կաշառակերութեան յանցանքով:
Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (Ա.Ա.Ծ.) կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներուն արդիւնքով՝ ենթադրաբար կաշառք ստանալու պահուն ձերբակալուած է Արարատի եւ Վայոց ձորի մարզերու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւորը:
Քրէական գործով անձը տուգանքով միայն դատապարտելու համար, դատաւորը պահանջած եւ անձամբ ստացած է 600 տոլար:
Գումարի փոխանցումը իրականացուած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցներու վերահսկողութեան ներքոյ: Առերեւոյթ յանցագործութեան առթիւ նախապատրաստուած նիւթերը փոխանցուած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն: