Շուրջ 10 օրեր առաջ, Հայաստանի ուժային կառոյցներուն կողմէ կանխուեցաւ «Իսլամական Պետութիւն» կոչուող միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներէն մէկուն Հայաստան մուտք գործելու փորձը:
Այս մասին հաղորդող «Առաւօտ»ը կը գրէ.- «Մեզ հասած տեղեկութիւններով՝ Դեկտեմբերի կէսերուն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, Հայաստանի սահմանապահ ծառայութեան եւ ազգային անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ ձերբակալուեցաւ միջին-ասիական երկիրներէն մէկուն քաղաքացի (անունը կարելի չէ եղած ճշդել), որ «Իսլամական Պետութեան» անդամ է: Տուեալ անձը ժամանած է Թուրքիայէն եւ փորձած է մուտք գործել Հայաստանի տարածք, սակայն այդ արարքը ժամանակին կանխուած է Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն կողմէ, եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապ ունեցող անձնաւորութիւնը ետ ուղարկուած է Թուրքիա»:
Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (Ա.Ա.Ծ.) «Առաւօտ»ին հաստատած է «Իսլամական Պետութեան» անդամին Հայաստան մուտք գործելու փորձին մասին տեղեկութիւնը: Հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Ա.Ա.Ծ.ն կը յայտնէ, որ փորձը կանխուած է, ահաբեկիչը Հայաստանի քաղաքացի չէր:
Ըստ «ՓանԱրմինիըն»ի՝ կը տեղեկացուի, որ միայն 2017ի ընթացքին, հակաահաբեկչական քայլերու շրջագիծին մէջ, միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու կասկածով այլ պետութեանց 960 քաղաքացիներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն արգիլուած է, յաւելեալ 95 օտարերկրացիներ եւս սահմանային վերահսկողութեան տակ կը գտնուին, յատուկ հետախուզման իրավիճակով:
«Ուեսթ Փոյնթ» ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնին կողմէ 2016ին հրապարակուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ «Իսլամական Պետութիւն»ը Հայաստանի 1 քաղաքացի կրցած է անդամագրել 2013էն 2014 ժամանակաշրջանին: Ա.Ա.Ծ.ն «ՓանԱրմինիըն»ին տրուած պարզաբանումին մէջ հերքած էր տեղեկատուութեան իսկութիւնը: 2016ին թրքական մամուլը յայտնած էր երկրի տարածքին «Իսլամական Պետութեան» անդամ Հայաստան ծնած, Ֆրանսայի քաղաքացի եւ կրօնափոխ եղած եզիտի Արտիոմ Ալոյեանի ձերբակալութեան մասին:
Կանխուած է ՏԱՀԵՇի անդամի մը Հայաստան մուտքը
Կանխուած է ՏԱՀԵՇի անդամի մը Հայաստան մուտքը