Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է, ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու շար­ժում­նե­րուն ի պա­տաս­խան, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի (Պ.Բ.) ձեռ­նար­կած կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու տե­սա­նիւ­թը: «Ի պա­տաս­խան ար­ցա­խեան-ադր­բե­ջա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րի շփման գծում ­Մա­յի­սի 16ի լոյս 17ի գի­շե­րը հա­կա­ռա­կոր­դի դրսե­ւո­րած ակ­տի­ւու­թեան, Պ.Բ. մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թեան մէջ գտնո­ւող ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ձեռ­նար­կել են կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ին­չի ար­դիւն­քում, ըստ Պ.Բ. հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րի տրա­մադ­րու­թեան տակ ե­ղած հա­ւաս­տի տո­ւեալ­նե­րի, ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մը կրել է կո­րուստ­ներ»,- կը յայտ­նէ Ա.Հ. Պ.Բ. հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը:
Ա.Հ. Պ.Բ.ը ա­ւե­լի վաղ յայտ­նած էր, որ ­Մա­յիս 16ին եւ լոյս 17ի գի­շե­րը ար­ցա­խեան-ատրպէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ, հա­կա­ռա­կոր­դը տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ, հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման կար­գը խախ­տած էր շուրջ 60 ան­գամ՝ հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կե­լով ա­ւե­լի քան 900 կրա­կոց: ­Բա­ցի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժը սահ­մա­նի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ կի­րա­ռած էր 82 (4 արկ) եւ 120 մի­լի­մեթ­րա­նոց ա­կա­նա­նետ­ներ (17 արկ), իսկ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան հա­տո­ւա­ծի ուղ­ղու­թեամբ՝ 60 (4 արկ) եւ 82 մի­լի­մեթ­րա­նոց ա­կա­նա­նետ­ներ (15 արկ) ու հաս­տո­ցա­ւոր հա­կահ­րե­տա­նա­յին նռնա­կա­նետ (5 արկ):
Ն­շենք, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չա­մե­քե­նա­յին կող­մէ վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրրո­ւած է հեր­թա­կան կեղծ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն, ըստ ո­րուն՝ իբր թէ հայ­կա­կան կող­մը նպա­տակ ու­նէր ռմբա­կո­ծե­լու այդ երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը տե­ղա­փո­խող ուղ­ղա­թի­ռը:
Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի սո­վո­րա­կան դար­ձած կեղ­ծի­քին մա­սին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Պ.Ն. մա­մու­լի խօս­նակ ­Սե­նոր ­Հաս­րա­թեան իր դի­մա­տետր է­ջին վրայ գրած է.- «Ե­րէկ ադր­բե­ջա­նա­կան քա­րոզ­չա­մե­քե­նա­յի կող­մից շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրւած հեր­թա­կան յօ­րի­նո­ւածքն առ այն, թէ իբր հայ­կա­կան կող­մը նպա­տակ ու­նէր խո­ցե­լու այդ երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին տե­ղա­փո­խող ուղ­ղա­թի­ռը, ի­րեն յա­տուկ պրի­մի­տի­ւու­թեամբ (պար­զամ­տու­թեամբ) «մեկ­նա­բա­նեց» նաեւ ­Հա­սա­նո­վի անձ­նա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը սպա­սար­կող ռազ­մա­կան ա­գիտպ­րո­պը (քա­ղա­քա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը)… Այս ան­լուրջ եւ ի­րա­կա­նու­թեան հետ ո­րե­ւէ կապ չու­նե­ցող ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը պար­զա­պէս նպա­տա­կաուղղ­ւած է լու­ծե­լու եր­կու խնդիր. նախ՝ ար­դա­րաց­նե­լու Ար­ցա­խի Պ.Բ.ի ռազ­մա­կան օ­բիեկ­տի (կեդ­րո­նի) վրայ ­Մա­յի­սի 15ին կա­տա­րո­ւած նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, եւ երկ­րոր­դը՝ սե­փա­կան հան­րու­թեան շրջա­նում ­Հա­սա­նո­վի «ի­մի­ջը» (վար­կա­նի­շը) բարձ­րաց­նե­լու հա­մար ցոյց տա­լու, թէ ինչ­պի­սի՛ ծայ­րա­յեղ վտան­գա­ւոր պայ­ման­նե­րում է գոր­ծում շար­քա­յին զին­կո­մից պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­թո­ռին հա­սած նախ­կին դա­սա­լի­քը…
­Յի­շեց­նենք, որ նոյն ա­գիտպ­րո­պը նոյն փու­թա­ջա­նու­թեամբ ա­միս­ներ ա­ռաջ ­Զա­քի­րին ներ­կա­յաց­նում էր որ­պէս ա­ռաջ­նա­յին գծում «հայ­կա­կան դի­ւեր­սիոն (խա­փա­նա­րար) խմբե­րի դէմ» գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ան­ձամբ հա­մա­կար­գո­ղի դե­րում, ո­րի «լա­ւա­գոյն» դրսե­ւո­րում­նե­րից մէ­կը, թե­րեւս, ս. թ. ­Փետ­րո­ւա­րի 24ի լոյս 25ի գի­շե­րը ­Մար­տու­նու պաշտ­պա­նա­կան ուղ­ղու­թեամբ նրա ու­նե­ցած «փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւնն» էր: ­Հէնց այդ օրն էր, որ նոյն ­Հա­սա­նո­վի ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ մշա­կո­ւած յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւն­քում՝ ադր­բե­ջա­նա­կան դի­ւեր­սիոն խում­բը մար­տագ­ծում թող­նե­լով 5 զոհ, ճո­ղոպ­րեց ել­ման դիր­քեր, իսկ այ­նու­հե­տեւ, իր սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, հայ­ցեց մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի միջ­նոր­դու­թիւ­նը՝ սե­փա­կան դիակ­նե­րը դուրս բե­րե­լու հա­մար… ­Թե­րեւս սա է ի­րա­կան ­Հա­սա­նո­վը, ո­րին տե­ղա­փո­խող ուղ­ղա­թի­ռը խփե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, գո­նէ այս պա­հի դրու­թեամբ, դե­ռեւս չկայ»: