­«Թերթ» կը գրէ, որ Թուր­քիոյ իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան եւ Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում ­Կու­սակ­ցու­թեան թուրք ե­րես­փո­խան­նե­րը, ­Թուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թե­նէն հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօս­քը ընդ­հա­տած են՝ «դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու ա­հա­բեկ­չու­թեան» եւ «հա­յե­րու ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րու» մա­սին վան­կար­կում­նե­րով ու պոյ­քո­թի են­թար­կած են ա­նոր խօս­քը` սե­ղան­նե­րուն զար­նե­լով:
­Փայ­լան մաս­նա­ւո­րա­բար յայ­տա­րա­րած է, որ 1913-1923 թուա­կան­նե­րուն երկ­րին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած հա­յե­րը, ա­սո­րի­նե­րը, յոյ­ներն ու հրեա­նե­րը, «մեծ կո­տո­րած­նե­րու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով, այս հո­ղե­րէն կա՛մ աք­սո­րո­ւած են, կա՛մ տան­ջանք­նե­րու են­թար­կուած»: ­Թուրք ե­րես­փո­խան­նե­րը դահ­լի­ճէն պո­ռա­ցած են.- «Այս հո­ղե­րուն վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ ե­ղած, խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն թուրք ժո­ղո­վուր­դը չես կրնար վի­րա­ւո­րել, Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տը չես կրնար վի­րա­ւո­րել, դուն ­Հա­յաս­տա­նի ե­րես­փո­խան չես, ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան ես»:
­Սա­կայն հայ ե­րես­փո­խա­նը շա­րու­նա­կած է իր խօս­քը` ը­սե­լով.- «­Ժա­մա­նա­կին մենք բնակ­չու­թեան 20 տո­կոսն էինք, այ­սօր 1000ի մէջ մէկն ենք: ­Բան մը ե­կած է հայ ժո­ղո­վուր­դի գլխուն, ես ա­տոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կ­՛ը­սեմ, դուք ինչ­պէս կ­՛ու­զէք զայն ա­նո­ւա­նե­ցէք: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ լաւ գի­տէ, թէ ի՛նչ ե­կած է իր գլխուն: Ա­սոր դուք ա­նուն տո­ւէք, ես ալ` ըն­դու­նիմ, թէ մեր գլխուն ինչ ե­կած է: Ես նախ­նի­նե­րուս, պա­պե­րուս գլխուն ի՛նչ ե­կած է` շատ լաւ գի­տեմ: ­Մեր գլխուն բան մը ե­կած է, եւ ե­կէք դուք զայն ա­նո­ւա­նե­ցէք, միա­սին ա­ռե­րե­սո­ւինք»:
Ատ­կէ ետք թուրք ե­րես­փո­խան­նե­րը ­Փայ­լա­նին չեն ար­տօ­նած շա­րու­նա­կել իր խօս­քը: ­Հայ ե­րես­փո­խա­նը դի­մած է խորհրդա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Ահ­մեթ Այ­տա­նին.- «Այս ի՞նչ է, յար­գե­լի՛ նա­խա­գահ, պի­տի չմի­ջամ­տէ՞ք»:
­Սա­կայն փոխ-նա­խա­գա­հը նոյն­պէս չէ յա­ջո­ղած հանգս­տաց­նել կիր­քե­րը, փո­խա­րէ­նը՝ ան խնդրած է ­Փայ­լա­նէն «ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել իր խօս­քե­րուն եւ չվի­րա­ւո­րել թուրք ազ­գը»:
­Փայ­լան պա­հան­ջած է յա­ւե­լեալ 5 վայր­կեան խօս­քի հա­մար, սա­կայն փոխ-նա­խա­գա­հը տրա­մադ­րած է ըն­դա­մէ­նը մէկ վայր­կեան, ո­րու ըն­թաց­քին ալ հայ ե­րես­փո­խա­նը չէ յա­ջո­ղած շա­րու­նա­կել խօս­քը` ե­րես­փո­խան­նե­րու պոյ­քո­թին պատ­ճա­ռով:
«­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը օգ­տա­գոր­ծե­լուն հա­մար ­Փայ­լա­նը պատ­ժած են` զրկե­լով ե­րեք նիս­տի մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւուն­քէն: ­Փայ­լա­նի խօս­քե­րը հա­նո­ւած են նիս­տի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն:
«Ա­նա­տո­լու» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը ­Փայ­լա­նի խօս­քը նկա­տած են «դա­ւա­ճա­նու­թիւն եւ ստոր­նու­թիւն»:
­Կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն ­Նա­ճի ­Պոս­թանճ ­Փայ­լա­նի քայ­լը ո­րա­կած է իբ­րեւ «ամ­բողջ կայս­րու­թեան մը կռնա­կէն հա­րո­ւած» եւ ա­ւել­ցու­ցած.- «­Մենք ոչ մէկ խնդիր ու­նինք ­Թուր­քիոյ հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ ար­տերկ­րի մէջ բնա­կող հա­յե­րուն հետ… «Ո­մանք ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պնդում­նե­րով այս­տե­ղէն եւ մի­ջազ­գա­յին ամ­պիոն­նե­րէն կը փոր­ձեն ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւն զար­գաց­նել»:
­Փայ­լա­նի խօս­քը քննա­դա­տած են նաեւ ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Ժո­ղո­վուր­դի ­Կու­սակ­ցու­թեան շարք մը ան­դամ­ներ, քե­մա­լա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Էն­կին Ալ­թայ նշած է, որ ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւ­նը խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րի բարձ­րա­ձայ­նու­մը ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ:
­Փայ­լա­նի կու­սա­կից, Ան­գա­րա­յէն ընտ­րո­ւած ե­րես­փո­խան ­Սուր­րէ­յա Էօն­տեր` խու­սա­փե­լով յստակ ձե­ւա­կեր­պում­նե­րէ, նշած է, որ այն ժա­մա­նա­կաշրջա­նը, ո­րուն մա­սին կը խօ­սի ­Փայ­լան, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­մէ­նէն ցա­ւա­լի շրջանն է:

­­­Փայ­լան պի­տի դի­մէ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան

«Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ­­Փայ­լան նշեց, որ պի­տի դի­մէ ­­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան: Ան փաս­տեց, որ երկ­րին մէջ տի­րող ազ­գայ­նա­կան մթնո­լոր­տով ա­ւե­լի սահ­մա­նա­փա­կո­ւած են ա­զա­տու­թիւն­նե­րը: Ան ը­սաւ.-
«­­Նոր ի­րո­ղու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րոյ­թը ար­տա­բե­րե­լը կրկին կ­’ըն­կա­լո­ւի որ­պէս յան­ցանք: Ե­թէ դար­ձեալ ը­սեմ այդ բա­ռը, գու­ցէ նոյն պա­տի­ժը կու­տան, սա­կայն ես չեմ դադ­րիր ը­սել է այն, ինչ որ կը հա­ւա­տամ: ­­Դի­մե­ցի ի­րա­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու: Այս պա­հուս կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի ­­Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւե­լիք դի­մումս: ­­Կը պատ­րաս­տո­ւիմ դի­մել նաեւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան: ­­Կը կար­ծեմ պի­տի յա­ջո­ղիմ»,- ը­սած է ­­Փայ­լան: