Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի բոլոր բարեկամներուն, որոնք վտանգուած են աշխարհի մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Nouvelles d’Armenie, այս առնչութեամբ Փարիզի քաղաքապետը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի քաղաքի շքանշանը յանձնելու Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Իր ելոյթին մէջ Իտալկօ անդրադարձած է նաեւ Երեւան կատարած իր այցին: «Շատ քիչ կը պատահի, որ մէկ այլ քաղաքի մէջ նման յստակութեամբ նոյնական մշակոյթի զգացողութիւն ունենամ»,- նշած է Իտալկօ: Ան միաժամանակ շեշտած է, որ ցնցուած էր Երեւանի արդիականութեամբ, մասնաւորապէս ԹՈՒՄՕ կատարած իր այցէն:
«Երբ մեկնեցայ՝ կը մտածէի, թէ ի՛նչ կրնայ Փարիզը տալ Երեւանին, վերադառնալու ատեն կը մտածէի, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Երեւանը իր նորարարական գաղափարները փոխանցել Փարիզին»,- ամփոփած է Անն Իտալկօ:
Կարօ Փայլան
Փարիզի քաղաքապետը Կարօ Փայլանը պիտի պարգեւատրէ քաղաքի շքանշանով