Թուրքիոյ իշխանութեան կրօնամէտ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» (A.K.P.) եւ ազգայնամոլ «Ազգային ճակատ» (M.H.P.) կուսակցութիւնները՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրէն ներս՝ միասնաբար օրինագիծ մը ներկայացուցած են Ազգային ժողովին, որ ընդունուած է ձայներու 51,4%ով: Անով կը նախատեսուի երեսփոխաններու կողմէ կարգ մը «անբաղձալի արտայայտութիւններ»ու արգիլումը:
Ըստ նշեալ օրինագիծին՝ նախ կ՚արգիլուին աշխարհագրական խորքով անբաղձալի անունները եւ արտայայտութիւնները, ինչպէս՝ «Քիւրտիստան», «Քրտական քաղաքներ», «Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Ամետ», «Լազիստան», «Իոնիա» (Անատոլիոյ՝ այսօրուան Իզմիր եւ Այտըն քաղաքներու հարաւի ծովափին՝ Անտիկական շրջանին տրուած անունը), կամ օրինակ՝«Պոնտոսէն կու գամ»: Բայց նաեւ կ’արգիլուին «Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը կամ «Տերսիմի ջարդ»ը, որոնք նոյնպէս կ՚ընկալուին իբրէւ «անբաղձալի արտայայտութիւն»ներ: Այսուհետեւ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ այս արտայայտութիւնները գործածող երեսփոխանները պիտի ենթարկուին տուգանքի: Վիճարկումներու ընթացքին օրինագիծը պաշտպանողները ըսած են.- «Ասիկա արտայայտութեան ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան հետ մօտէն կամ հեռուէն կապ չունի։ Ասիկա մեր գոյութեան սպառնացող իրավիճակի մը կ՚առընչուի»։
Կ՚արգիլուի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւննը
Թուրք երեսփոխաններուն կ՚արգիլուի կարգ մը արտայայտութիւններու գործածութիւնը, ներառեալ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը