ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ «­Ժա­մա­նակ»

Աւստ­րա­լա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի ա­նու­նը հա­յու­թեան ծա­նօթ դար­ձաւ, երբ ան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զբա­ղե­ցուց ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­րե­ւոր ու բարձր պաշ­տօն­ներ Աւստ­րա­լիոյ ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելզ նա­հան­գի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ: Իսկ վեր­ջերս ան դար­ձաւ այդ նա­հան­գին վար­չա­պե­տը:
Աւստ­րա­լիոյ հնա­գոյն եւ ա­մէ­նէն խիտ բնա­կե­ցո­ւած այդ նա­հան­գին մէջ, ան անց­նող տա­րի­նե­րուն հեր­թա­բար նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան կա­պե­րու նա­խա­րար, փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րար, ա­պա՝ ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելզ նա­հան­գի գան­ձա­պետ: ­Վեր­ջին պաշ­տօ­նին մէջ ան ա­ռա­ջին կին գան­ձա­պետն էր հնա­գոյն այս նա­հան­գին մէջ, ո­րուն ա­չա­լուրջ վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ գտնո­ւե­ցաւ 70 մի­լիառ աւստ­րա­լա­կան տո­լար ծա­ւա­լով նա­հան­գա­յին պիւտ­ճէն:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Այս ե­րի­տա­սարդ հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չին ա­նու­նը սփիւռ­քի մէջ նա­խա­պէս ալ ծա­նօթ էր, քա­նի որ ան տա­րի­ներ շա­րու­նակ գտնո­ւած է քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ՝ ներգ­րա­ւո­ւած է Աւստ­րա­լիոյ հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս: ­Պաշ­տօ­նա­վա­րած է Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ Ազ­գա­յին ­Կո­մի­տէին (­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի անգ­լե­րէն ա­նո­ւա­նու­մը) մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ըլ­լա­լով, խորհր­դա­րա­նին մէջ պաշտ­պա­նած է հա­յան­պաստ օ­րի­նա­գիծ­ներն ու բա­նա­ձե­ւե­րը, միշտ ու­շադ­րու­թեան տակ պա­հած է հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին հար­ցե­րը, նաեւ՝ խօ­սած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, ո­րուն առ­թիւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան զինք պար­գե­ւատ­րած է Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան շքան­շա­նով:
Աւստ­րա­լա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը ա­ռա­ջին առ­թիւ սկսած է աւստ­րա­լիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ քննար­կում­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին: Ան Հ.Յ.Դ. Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ է. ա­ւե­լի վաղ ե­ղած է Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) ան­դամ եւ զբա­ղած է պաս­քեթ­պո­լով:
­Պէ­րէ­ճիք­լեան ար­ժա­նա­ցած է Աւստ­րա­լիոյ հայ հա­մայն­քին կող­մէ սահ­մա­նուած «­Տա­րո­ւան ըն­կեր» մրցա­նա­կին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Իր քա­ղա­քա­կան հա­կում­նե­րով՝ 47ա­մեայ Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեան ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած է տա­կա­ւին շատ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­նե­րէն:
­Ռայ­տի ­Փի­թըր ­Պորտ պե­տա­կան երկ­սեռ ա­ւագ դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք, ­Սիտ­նիի հա­մալ­սա­րա­նէն ան 1992 թուա­կա­նին ստա­ցած է ա­րո­ւես­տի պա­քա­լո­րիա­յի աս­տի­ճան, 1996 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած է նոյն հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու բա­ժի­նը, իսկ 2001 թո­ւա­կա­նին՝ ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի հա­մալ­սա­րա­նի ֆի­նան­սա­կան բա­ժի­նը: ­Տա­կա­ւին ու­սում­նա­ռու­թեան տա­րի­նե­րուն՝ 1993ին դար­ձած է Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ: 1997-1998 թո­ւա­կան­նե­րուն ե­ղած է ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի Ե­րի­տա­սարդ ա­զա­տա­կան­նե­րու ղե­կա­վա­րը՝ դառ­նա­լով եր­րորդ կին ղե­կա­վա­րը կու­սակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան մէջ: 1996-2003 թո­ւա­կան­նե­րուն Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեան ե­ղած է ­Պե­տա­կան ­Խոր­հուր­դի պա­տո­ւի­րակ, 1997-2003 թո­ւա­կան­նե­րուն՝ ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հան­րա­պե­տա­կան գոր­ծա­դիր քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, 1999 թո­ւա­կա­նին՝ Ո­ւի­լը­պիի պե­տա­կան նստա­վայ­րի քա­րո­զար­շա­ւի ղե­կա­վար, 2002 թո­ւա­կա­նին՝ ­Քոն­վեն­շըն ­Կո­մի­տէի նա­խա­գահ:
Ան Աւստ­րա­լիոյ մէջ 1945 թո­ւա­կա­նին հիմ­նո­ւած Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ է, ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի մէջ կու­սակ­ցու­թեան 21րդ­ ա­ռաջ­նոր­դը, որ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նո­ւար 2017ին:
­Պէ­րէ­ճիք­լեան ար­դէն ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է նոր գրա­սե­նեակ մը կազ­մե­լու գոր­ծին:

ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

­Վեր­ջին օ­րե­րուն, հա­մաշ­խար­հա­յին մա­մու­լի է­ջե­րը (The Sydney Morning Herald, The Age, The Huffington Post, 9news.com.au, The Australian, The Age, ABC Net) ո­ղո­ղո­ւած էին նո­րու­թիւն­նե­րով Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի մա­սին, որ յանդգ­նու­թիւն ու­նե­ցած է իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րե­լու Աւստ­րա­լիոյ ա­մէ­նէն մեծ նա­հան­գի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին եւ ընտ­րո­ւած է (2014 թո­ւա­կա­նին, ­Մար­տի դրու­թեամբ, նա­հան­գի բնակ­չու­թեան թի­ւը 7,5 մի­լիոն մարդ կը հա­շո­ւէր): ­Շա­բաթ­ներ ա­ռաջ այդ պաշ­տօ­նէն, ըն­տա­նե­կան խնդիր­նե­րու պատ­ճա­ռաւ, հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի նախ­կին վար­չա­պետ ­Մայք ­Փերտ: Այս առ­թիւ, ­Պէ­րէ­ճիք­լեան ֆէյս­պու­քեան իր հան­րա­յին է­ջին վրայ գրած է.- «Ես խո­րա­պէս տխրած եմ, որ ­Մայք ­Փերտ յայ­տա­րա­րեց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն հե­ռա­նա­լու իր ո­րոշ­ման մա­սին: ­Մայ­քը ո­գեշն­չող ղե­կա­վար էր եւ մեծ ազ­նո­ւու­թեան տէր մարդ, որ անժխ­տե­լի ու հիաս­քանչ հետք ձգած է նա­հան­գի կեան­քէն ներս՝ զայն դարձ­նե­լով տնտե­սա­պէս ու են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րով զար­գա­ցած կեդ­րոն մը: Ան հիա­նա­լի ղե­կա­վար մըն էր ու ըն­կեր: Ես հպարտ եմ ա­նոր հետ վեց տա­րի աշ­խա­տե­լուս հա­մար՝ որ­պէս նա­խա­րար եւ ե­րեք տա­րի՝ որ­պէս ե­րես­փո­խան»:
Իր կար­գին ­Փերտ, ABC Newsի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է.- «Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեան հիա­նա­լի նա­հան­գա­պետ մը կ­՛ըլ­լայ, կաս­կած չու­նիմ»:
The Huffington Post գրած է, որ ­Պէ­րէ­ճիք­լեան «­Մայք ­Փեր­տի աջ ձեռ­քը ե­ղած է»: ­Մայք ­Փերտ ու­րիշ լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցի՝ Fairfaxի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նը բնու­թագ­րած է որ­պէս «ան­հա­ւա­տա­լի հա­ւա­տա­րիմ, աշ­խա­տա­սէր կին, որ հիա­նա­լի վար­չա­պետ մը կ­՛ըլ­լայ»:
­Նա­հան­գա­յին այլ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ եւս յայ­տա­րա­րած են, որ կը սպա­սո­ւի, թէ Կ­լէյ­տիս, իբ­րեւ վար­չա­պե­տի, զար­մաց­նէ բո­լո­րը:
Աւստ­րա­լիոյ Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն ա­ռա­ջին կին վար­չա­պե­տի ընտ­րու­թեան առ­թիւ, մա­մու­լը անդ­րա­դար­ձած է նաեւ Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի կեն­սագ­րու­թեան:

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Ան ծնած է 1970 թո­ւա­կա­նին, ­Սիտ­նի, ուր իր ծնող­քը գաղ­թած են 1960ա­կան­նե­րուն: «Ես ­Սիտ­նի ծնած եմ, բայց ծնողքս գաղ­թա­կան­ներ էին, ուս­տի մենք տու­նին մէջ հա­յե­րէն կը խօ­սէինք: Երբ դպրոց գա­ցի, անգ­լե­րէն ոչ մէկ բառ գի­տէի, բայց մայրս ին­ծի միշտ կ­՛ը­սէր.- «­Նոյ­նիսկ ե­թէ հա­մո­զո­ւած չես, թէ ու­սու­ցի­չը քե­զի ի՞նչ կը հարց­նէ, ձեռք բարձ­րա­ցուր»: Այս էր, որ զիս միշտ յա­ռաջ մղած է իմ ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թաց­քին»,- իր ե­լոյթ­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին պատ­մած է ­Պէ­րէ­ճիք­լեան: Կ­լէյ­տի­սի հայ­րը՝ Գ­րի­գոր, Աւստ­րա­լիա տե­ղա­փո­խո­ւած է Ե­րու­սա­ղէ­մէն, իսկ մայ­րը՝ Ար­շան ­Սու­րիա­յէն: Ա­նոնք ­Սիտ­նիի մէջ ծա­նօ­թա­ցած եւ հոն ա­մուս­նա­ցած են: ­Պէ­րէ­ճիք­լեան ու­նի եր­կու քոյր՝ ­Ռի­թա եւ ­Մա­րի:
­Մին­չեւ հինգ տա­րե­կա­նը, Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեան խօ­սած է հա­յե­րէն, այժմ նոյն­պէս կը տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէ­նին:
­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ իր կու­սա­կից­նե­րը յա­ճախ խոր­հուրդ տո­ւած են ներ­կա­յա­նա­լու պար­զա­պէս Կ­լէյ­տիս ա­նու­նով, ա­ռանց դժո­ւար մտա­պա­հո­ւող իր մա­կա­նու­նին, ­Պէ­րէ­ճիք­լեան մշտա­պէս մեր­ժած է՝ նշե­լով, որ մա­կա­նու­նը իր մէջ ար­դա­րու­թեան զգա­ցում կ­՛արթնցնէ եւ կը յի­շեց­նէ ան­հա­տի մը ար­մատ­նե­րուն մա­սին:
­Հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը իր քա­ղա­քա­կան ար­շաւ­նե­րուն ըն­թաց­քին միշտ կողմ­նա­կից հան­դէս ե­կած է միա­սե­ռա­կան ա­մուս­նու­թիւն­նե­րուն եւ Աւստրա­լիոյ կող­մէ փախս­տա­կան­նե­րուն երկ­րին մէջ ա­պաս­տան տրա­մադ­րե­լու ջա­տա­գով դար­ձած: Ըն­կեր­նե­րը դեռ յի­սու­նը չբո­լո­րած ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նը կը բնու­թագ­րեն որ­պէս չա­փա­զանց հա­մեստ անձ­նա­ւո­րու­թիւն: «Ան եր­բեք չէ ձգտած պաշ­տօ­նի, պար­զա­պէս չա­փա­զանց խե­լա­ցի է»,- ը­սած են ա­նոնք:
Իր բարձր պաշ­տօ­նին ա­ռըն­թեր, մա­մու­լը անդ­րա­դար­ձած է նաեւ ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րուն. ան կը սի­րէ գի­նի, օ­փե­րա, պատ­մա­կան գիր­քեր, կը խա­ղայ կոլֆ:
Ա­մուս­նա­ցած չէ եւ միշտ այս նիւ­թին շուրջ կա­տա­կած է, թէ ա­մուս­նա­ցած է աշ­խա­տան­քին հետ:
Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեան նախ­քան վեր­ջին բարձր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լը մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տո­ւած է: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին աւստ­րա­լիա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փոր­ձած են Կ­լէյ­տի­սը շո­ւա­րեց­նել՝ անձ­նա­կան բնոյ­թի հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լով ա­նոր:
Լ­րագ­րող­նե­րէն մէ­կը ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի ա­պա­գայ վար­չա­պե­տին քա­նի մը ան­գամ հար­ցու­ցած է՝ ար­դեօք ան պատ­րա՞ստ է պա­տաս­խա­նե­լու իր անձ­նա­կան կեան­քին վե­րա­բե­րող հար­ցում­նե­րուն:
«Ար­դէն շատ տա­րի­ներ է, որ ես կ­՛ապ­րիմ հրա­պա­րա­կա­յին կեան­քով: ­Վեց տա­րի ա­ւագ նա­խա­րար ե­ղած եմ: Ես ա­մէն ին­չի պատ­րաստ եմ»,- պա­տաս­խա­նած է ան:
Այս պա­տաս­խա­նէն ետք ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նին հար­ցու­ցած են. «Ին­չո՞ւ ինք, ինչ­պէս նաեւ Աւստ­րա­լիոյ ա­ռա­ջին կին վար­չա­պետ ­Ճու­լիա ­Քի­լըրտ, ե­րա­խա­ներ չու­նին եւ ար­դեօք այդ հան­գա­ման­քը կրնա՞յ անդ­րա­դառ­նալ իր քա­ղա­քա­կան կեան­քին վրայ»:
«Ես այն եմ, ինչ որ կամ: ­Բո­լորս չէ, որ կրնանք ծրագ­րել, թէ մեր կեան­քը ինչ­պէս կը դա­սա­ւո­րո­ւի: Ես շատ եր­ջա­նիկ մարդ եմ: Ե­թէ ին­ծի քսան տա­րի ա­ռաջ հարց­նէիք, թէ իմ կեան­քը այս­պէ՞ս կ­՛ըլ­լար, ես հա­ւա­նա­բար ու­րիշ տե­սակ կը պատ­կե­րաց­նէի: ­Բայց ես շնոր­հա­կալ եմ բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար, զորս ու­նե­ցած եմ: ­Կը փա­փա­քիմ նաեւ ը­սել, ոչ այն պատ­ճա­ռով, որ պար­տա­ւոր եմ, այլ այն պատ­ճա­ռով, որ կ­՛ու­զեմ, որ իմ կեան­քին մէջ ա­մէ­նէն մտե­րիմ մար­դի­կը իմ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներն են: Ես չեմ ու­զեր ոե­ւէ մէ­կուն մա­սին դա­տո­ղու­թիւն­ներ ը­նել, ըստ անձ­նա­կան հան­գա­մանք­նե­րու: Ես բո­լո­րին հա­մար այս­տեղ եմ, որ­պէս­զի կա­ռա­վա­րեմ եւ յոյս ու­նիմ, որ մար­դիկ զիս իմ ար­ժա­նիք­նե­րով կը դա­տեն, թէ ի՛նչ կրնամ ես ը­նել»,- պա­տաս­խա­նած է ան: ­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սը մեծ ար­ձա­գանգ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է: Աւստ­րա­լիա­կան ո­րոշ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ գրած են, թէ վար­չա­պե­տը պար­տա­ւոր չէ հա­շո­ւե­տու ըլ­լա­լու իր անձ­նա­կան կեան­քին հա­մար: Իր կար­գին, ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի 42րդ ­վար­չա­պետ Ք­րիս­թի­նա ­Քե­նի­լի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն կոչ ը­րած է տղա­մար­դոց եւ կի­նե­րու ան­հիմն տար­բե­րա­կում­ներ պա­րու­նա­կող դի­տար­կում­ներ չը­նել:

ԱՅՑ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

2013ին, ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելզ նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին հետ, Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեան այ­ցե­լած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ, որ­մէ ետք ան յայտ­նո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ծա­նօթ «սեւ ցու­ցա­կին» վրայ:
Ըստ այդ ցու­ցա­կին, Ատր­պէյ­ճան persona non grata կը նկա­տէ օ­տա­րերկ­րեայ ծա­գու­մով բո­լոր ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ­՛այ­ցե­լեն Ար­ցախ: Այդ ցան­կը զե­տե­ղո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քին վրայ եւ այս պա­հուս ա­նոր մէջ կան տար­բեր եր­կիր­նե­րու 324 քա­ղա­քա­ցի­ներ՝ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, լրագ­րող­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող մար­դիկ:
­Նոյն տա­րին, ­Պէ­րէ­ճիք­լեան՝ ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելզ նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նի եւ Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ Ազ­գա­յին ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թեան հետ Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի կող­մէ, որ բարձր գնա­հա­տած է հայ-աւստ­րա­լա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՈՎ

­Վար­չա­պետ ընտ­րո­ւե­լուն յա­ջորդ օրն իսկ մա­մու­լը որ­սա­ցած է Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի քայ­լե­րը եւ ար­ձա­նագ­րած է, որ նո­րըն­տիր վար­չա­պետն ու կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դը, ա­ռա­ւօ­տեան, սո­վո­րա­կա­նին պէս աշ­խա­տան­քի ներ­կա­յա­ցած է հան­րա­յին փո­խադ­րա­կառ­քով՝ թիւ 205 հան­րա­կառ­քի սո­վո­րա­կան ու­ղե­ւո­րի մը պէս: ­Ժա­մը 07։10ին ան ար­դէն աշ­խա­տան­քի ճամ­բուն էր՝ սուր­ճի գա­ւա­թը ձեռ­քին՝ կը շտա­պէր աշ­խա­տան­քի եւ ա­նոր ո՛չ թիկ­նա­պահ­նե­րը կ­՛ու­ղեկ­ցէին, ոչ ալ մա­մու­լի քար­տու­ղար­նե­րը: ­Թիւ 205 հան­րա­կառ­քի ու­ղե­ւոր­նե­րը, ո­րոնց­մէ շա­տեր զինք կը ճանչ­նա­յին հան­րա­կառ­քէն, շնոր­հա­ւո­րած են նո­րըն­տիր գոր­ծի­չը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած ա­նոր:
­Հան­րա­կառ­քով աշ­խա­տան­քի եր­թա­լու ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի սո­վո­րու­թեան մա­սին բո­լո­րը գի­տեն:
Այդ սո­վո­րու­թիւ­նը ծա­նօթ էր, երբ ան տա­կա­ւին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րար էր: Ըն­կեր­նե­րը վկա­յած են, որ այդ մէ­կը Կ­լէյ­տիս ­Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի հա­մար մար­դոց հետ կապ պա­հե­լու ձե­ւա­կան փորձ չէ, այլ իր եր­կա­րա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին ան բազ­միցս ա­պա­ցու­ցած է այդ մէ­կը: Իբ­րեւ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րար, ան դէմ ար­տա­յայ­տո­ւած է ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­զի կա­ռա­վա­րու­թեան գնացք­նե­րու, հան­րա­կառք­նե­րու եւ լաս­տա­նա­ւե­րու բեռ­նա­թափ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: ­Պաշ­տօ­նա­վար­ման ըն­թաց­քին ա­նոր ձեռք­բե­րում­նե­րէն էր ­Սիտ­նիի թե­թեւ եր­կաթգ­ծա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու ընդ­լայ­նու­մը, Opal ­Քար­թի փու­լա­յին ներդ­րու­մը եւ ­Սիտ­նիի ստոր­գետ­նեայ փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան ցան­ցի կա­ռուց­ման նա­խա­ձեռ­նու­մը: