Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը Յունուար 23ին շնորհաւորեց նոյն օրը Նոր Հարաւային Կալես նահանգի վարչապետի պաշտօնին ընտրուած Կլետիս Պերեճիքլեանը։
Ան այդ պաշտօնին ընտրուեցաւ՝ դառնալով Ազատական կուսակցութեան ղեկավարը, նախկին ղեկավար Մայք Պերտի հրաժարականէն ետք։
Կլետիս Պերեճիքլեան նախապէս գանձապետն էր Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգը հանդիսացող Նոր Հարաւային Կալեսի։
Նահանգը ունի 7.5 միլիոն բնակչութիւն։
46 ամեայ Պերեճիքլեան թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու։ Ան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2019ի ընտրութիւնները։ Կլետիս յաճախած է շրջանի Համազգայինի Շաբաթօրեան, գործօն տարր մըն է Սիտնիի հայ համայնքին մէջ եւ մեծապէս նպաստած է նահանգին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն։ Ան նաեւ Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ կը գտնուի, որովհետեւ Նոր Հարաւային Կալես նահանգէն քաղաքական պատուիրակութեան մը հետ Արցախ այցելած էր։
Կլետիս Պերեճիքլեան՝ վարչապետ
Կլետիս Պերեճիքլեան՝ նոր Հարաւային Կալեսի վարչապետ