ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Տարլին ինը տարեկան աղջիկ մըն է: Կ՛ապրի Էլ Սալվատորի փոքր քաղաքներէն մէկուն` Սան Վինսենթէի մէջ, ուր կը մասնակցէի միջ-եկեղեցական համագումարի մը եւ կը խօսէի Աստուածաշունչի ընկալման տարբեր բնութագրումներուն մասին` անգլերէն լեզուով: Չնշմարեցի, որ խումբին մէջ կայ նաեւ Տարլին, որ մեծ հօրը հետ եկած էր համագումարին:
Կէսօրուան ճաշի դադարին մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէնով ըսաւ.- «Կ՛ուզեմ հետդ անգլերէն խօսիլ, քանի որ դպրոցը կը սորվիմ եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ վարժութիւն ընեմ»:
Սիրեցի համարձակութիւնը եւ սկսայ հետը զրուցել` հարցնելով իր եւ իր յաճախած դպրոցին մասին: Ուզեցի գիտնալ, թէ ի՛նչ են իր հետաքրքրութիւնները դպրոցը աւարտելէ ետք: «Ի՞նչ կ՛ուզես ընել դպրոցը աւարտելէդ յետոյ»:
«Կ՛ուզեմ հայրս տեսնել»,- եղաւ իր արագ եւ կտրուկ պատասխանը:
Տարլին` խարտեաշ մազերով եւ անուշիկ ժպիտով, իր հաստատ համոզմունքը տուաւ ինծի: Քիչ մը շուարած էի եւ չէի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս առնչել իր պատասխանը իմ հարցումիս: Տարլին չսպասեց, որ ես զարմանքս փարատեմ: «Հայրս երեք տարիէ ի վեր Ամերիկա է եւ զինք չեմ տեսած: Շատ հաւանաբար պիտի չվերադառնայ»,- ըսաւ ան ու աչքերէն սկսան հոսիլ մանկական անմեղ արցունքներ, որոնց մէջ կար հօրը կարօտը, բայց նաեւ` ընտանիք ունենալու ապահովութիւնը:
Տարլինի մայրը կ՛աշխատի տեղական վարժարանի մը մէջ` իբրեւ վերակացու:
«Գիշերները կը վերադառնայ շատ յոգնած եւ ոյժ չ՛ունենար ինծի հետ ժամանակ անցընելու»,- ըսաւ աղջնակը: Արցունքները քիչ մը աւելի հոսեցան, բայց արդէն ես զինք գրկած էի, եւ ան կամաց-կամաց ապահովութիւն կը ստանար:
Տարլինի հայրը երեք տարի առաջ մեկնած էր Թեքսաս` Միացեալ Նահագներ, գործի աւելի լաւ պայմաններ ձեռք ձգելու եւ հոգալու համար իր ընտանիքին ապրուստը: Այս ալ Էլ Սալվատորի ընկերային կեանքի, տնտեսական վիճակի դժուար իրականութիւններէն մէկն է: Բայց կար նաեւ այլ երեւոյթ մը: Ան սպառնալիքներ ստացած էր տեղական «աւազակախումբներու» կողմէ, որոնք սպառնացած են իր կեանքին, եթէ ան իրենց մեծ գումարներ չտայ: Տարլինի հայրը, ճարահատ, փախուստ տուած էր Ամերիկա: Մէկ կողմէ իր ընտանիքի նիւթական ապահովութեան համար, բայց նաեւ` իր կեանքին… Ասիկա Էլ Սալվատորի իրական կեանքին տխուր երեւոյթներէն մէկն է…
Էլ Սալվատոր շատ գեղեցիկ երկիր մըն է` շրջապատուած լեռներով, որոնք հրաբխային են: Խիտ անտառներով ծածկուած է այս երկիրը. կը սկսիս մտածել, թէ արդեօ՞ք աշխարհի բոլոր ծառերը հոս մէկտեղուած են: Կարելի չէ չհմայուիլ երկրին գեղեցկութեամբ եւ անգամ մը եւս չհամոզուիլ, որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իսկապէս «բարի» է եղած իր գեղեցկութեամբ:
Բայց այդ «բարիին» դիմաց զօրաւոր կերպով կեցած է «չարը»…
«Հրա՛յր, պիտի խնդրէի, որ մինակդ դուրսը չշրջագայիս»: Փաւլոն է զիս խրատողը, Էլ Սալվատորի մեր գրասենեակի երիտասարդ գործակիցս: «Մեր երկրին մէջ կը գործեն աւազակախումբներ, զորս մենք կը կոչենք Մարա, որոնք պետութեան մէջ պետութիւն հիմնած են եւ մեծ վտանգ կը սպառնան ժողովուրդին»,- ըսաւ ան:
Էլ Սալվատոր 1980-1992 տարիներուն անցած է քաղաքացիական պատերազմի դառն փորձութիւններու մէջէն. այդ ընթացքին արձանագրուած են բազմաթիւ մարդկային կորուստներ: Պատերազմէն ետք պետութիւնը, ըստ պատշաճի, չէ հոգացած ժողովուրդին` ընկերային-հոգեբանական դառն փորձառութիւններուն բուժում ապահովելու ծրագիրներ մշակելով: Եւ այսօր այդ վիճակները բարդացած են եւ վերածուած` «կողոպուտի, վայրագութեան եւ մահուան» իրականութիւններու, որոնք կը գործադրուին կազմակերպուած աւազակախումբներու` «մարա»ներու կողմէ, որոնք ահ ու սարսափ կը սփռեն ժողովուրդին մէջ:
«Ամէն ամիս երեսուն հազար մարդ կը ձգէ երկիրը տարբեր ձեւերով,- Փաւլոն է խօսողը:- Մարդիկ կ՛ուզեն աւելի լաւ կեանք ու ապագայ եւ հնարաւոր ամէն ձեւ կը գտնեն` դուրս ելլելու երկրէն»: Ու տակաւին, փոքրերու եւ պատանիներու մաքսանենգութիւնը նոյնքան տարածուած է, որովհետեւ անոնք կը գործածուին մարաներուն կողմէ` սպանութիւններ եւ ոճիրներ իրականացնելու նպատակով:
Էռնեսթօ քսանհինգ տարեկան երիտասարդ մըն է, որ կ՛աշխատի այն պանդոկին մէջ, ուր իջեւանեցի: Ան առեւտրական գիտութեանց ուսանող է տեղական համալսարանը եւ պանդոկին մէջ այս իր ըրած գործը քիչ մը նիւթական ապահովել է՝ իր ապրուստին եւ ուսման ծախսերուն համար: «Մեր երկրին գլխաւոր մտահոգութիւնը անապահովութիւնն է»,- ըսաւ Էռնեսթօ: Ան համալսարանը աւարտելէ ետք կ՛ուզէ դուրս գալ երկրէն` նոր կարելիութիւններ գտնելու նպատակով: Մինչ այդ Էռնեսթոն կարծես գտած է ապրելու ձեւը իր երկրին մէջ: «Երեւի պիտի հաշտուինք այս կեանքին հետ»,- ըսաւ ան` պզտիկ ու գոհունակ ժպիտ մը գծելով իր դէմքին վրայ:
Բայց այս երկու իրականութիւններուն մէջէն` բարիին, գեղեցիկին եւ չարին` անապահովութեան եւ վայրագութեան, ապրեցայ երրորդ իրականութիւնը: Եւ այդ ալ հեռաւոր Էլ Սալվատորի մէջ Արմենիա քաղաքն էր:
Երեւի քիչ մը զարմանալի, բայց նոյնքան ուրախանալի երեւոյթ էր, որ հեռաւոր Էլ Սալվատորի մէջ կը մտնէի Հայաստան քաղաքը` առանց հայու… Իսկ անո՞ւնը: Էլ Սալվատոր կաթողիկէ երկիր է եւ անոնք Արմենիա անունը տուած են` մեկնելով Աստուածաշունչի Նոյեան Տապանի պատմութենէն, որ կայք դրաւ Արարատ լերան վրայ: Ճիշդ է, որ ոչ մէկ հայ կայ, բայց Արմենիա անունը տեսնել քիչ մը ամէն տեղ՝ շատ լաւ ու հպարտանալիք զգացում էր: Բայց չուշացաւ «չար» զգացումը… Կրնա՞յ ըլլալ, որ կը հասնինք այն օրը, երբ պատմութեան մէջ միայն Արմենիա անունը կը մնայ եւ` առանց հայ մարդու… Որպէս հայկական իրականութիւն… Յար եւ նման Էլ Սալվատորի՝ Արմենիա քաղաքի՞ն…
Խումբ մը եկեղեցական առաջնորդներու դիմաց կը խօսէի ընկերալեզուաբանական եւ մշակութային ու ազգային ինքնութեան գործօններուն եւ Աստուածաշունչի ընկալման գործառոյթին մէջ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին: Շատ տարբեր դիմագիծեր, իւրաքանչիւրը` իւրայատուկ իր ինքնութեան մէջ, քով-քովի կեցած եւ կազմած են էլ-սալվատորեան ազգային մշակոյթը: Անպայմանօրէն հարց կու տաս, թէ ինչպէ՛ս կազմաւորուած է այս ժողովուրդը : Ո՞ւր եւ ե՞րբ անոնք միաձուլուած են իրարու հետ եւ կազմած այս նոր ինքնութեամբ երկիրը: Կան սպանական գաղութատիրութեան գործած աւերները: Եւ թէ ինչպէ՛ս նոյն այդ գաղութատիրութիւնը «ջնջած» է երկրին ազգագրական ու ցեղային ինքնութիւնը, եւ որուն յաջորդած է շատ մը ժողովուրդներու հոսքը դէպի նոր երկիր: Եւ այս հոսքին հետ` նոր ժողովո՞ւրդ:
Խօսեցայ հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան, բայց նաեւ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան եւ անոր պատճառած մեծ ցաւին մասին, այդ ցաւին խթան եղող ազգային ինքնութեան եւ անոր պատկանելու հպարտութեան եւ պահպանումի անհրաժեշտութեան մասին: Դրի առաջարկս բոլորին.- «Պէտք է հպարտ զգաք ձեր ինքնութեամբ, մշակոյթով եւ Աստուածաշունչը պէտք է դնէք ձեր երկրի կեանքին մէջ, որպէսզի բարին զօրանայ»:
Բարին, չարը եւ Արմենիա: Էլ Սալվատորի իմ մէկ շաբթուան ապրած փորձառութիւններս: Բայց բարին պէտք է յաղթէ ու իր տեղը գտնէ, որովհետեւ կայ Տարլինը, ու տակաւին` բոլոր Տարլիները, որոնք «կ՛ուզեն իրենց հայր(եր)ը տեսնել…»: Ու տակաւին` Էռնեսթոն եւ բոլոր երիտասարդները, որոնք պէտք է հաւատան իրենց երկրի ապագային եւ մնան հպարտ…
Բայց Փաւլոն համոզուած է.- «Մեր երկրի դրօշակին վրայ կայ երեք իրականութիւն` Աստուած, միութիւն եւ ազատութիւն»: «Մեր երկիրը այս իրականութիւնները վերածեց լոզունգի` առանց դարձնելու զանոնք ապրող իրականութիւններ: Բայց ինծի համար այս երեքը իմ կեանքի ներշնչումս է եւ անոնց միջոցով կը պահեմ եւ կը կերտեմ իմ ինքնութիւնս եւ մշակոյթս»:
Փաւլօ որոշած է մնալ Էլ Սալվատոր… Ան կ՛ուզէ աշխատիլ, որպէսզի այս երեք իրականութիւնները սերմանէ հաւաքականութեան կեանքին մէջ, եւ որպէսզի բարին յաղթէ: Ան չ՛ուզեր հաշտուիլ իր երկրին ներկայ իրականութեան հետ…
Բայց կայ նաեւ իմ եւ հայուն պայքարը: Արմենիան սոսկ անուն պէտք չէ մնայ: Հոն պէտք չէ հասցնենք երբեք: Արմենիան ապրող կեանք եւ իրականութիւն պարտի մնալ եւ պէտք է աշխատիլ` պահելու համար զայն:
Բայց մինչ այդ կան Տարլինին արցունքները… նաեւ` սրտին փափաքը, որ` «կ՛ուզէ հայրը տեսնել»:
Մինչեւ ե՞րբ աշխարհ ու անոր բոլոր քաղաքական կարգավիճակները պիտի անտեսեն Տարլինին ու անոր նման մանուկներու արցունքները… Բարի արցունքները, որոնք` «կ՛ուզեն իրենց հայրը տեսնել»…
Բարին, չարը եւ Արմենիա:
Պայքարի մեր կեանքերը: Հոն, ուր բարին պիտի կերտել եւ ապրեցնել:
Եթէ Փաւլոյին պայքարն է, բայց նաեւ իմս: Եւ որ նաեւ պէտք է դառնայ իւրաքանչիւրիս պայքարը:
Պայքարը` բարին կերտելու…