Ա­նի Ա­բի­կեան

Ե­րե­խա­նե­րուն ո­րա­կեալ կրթու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր եւ հա­ւա­քա­կան հարց մըն է, որ բա­ցի դաս­տիա­րա­կէն եւ դաս­տիա­րա­կո­ւող­նե­րէն յատ­կա­պէս նա­խադպ­րո­ցա­կան տա­րիք­նե­րուն ո­րո­շիչ ազ­դե­ցու­թիւն կ­‘ու­նե­նան նաեւ ծնող­նե­րը, քան­զի փոք­րի­կին հիմ­նա­կան մի­ջա­վայ­րը ըն­տա­նի­քը ու դպրոցն են: Եր­կու դե­րա­կա­տար­ներն ալ միեւ­նոյն նպա­տա­կը ու­նին՝ կրթել եւ պատ­րաս­տել ներ­կայ ու ա­պա­գայ սե­րուն­դը, ստեղ­ծել ա­ռողջ ու ա­պա­հով մի­ջա­վայր մը, ուր փոք­րի­կը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն պի­տի հա­սուն­նայ ու ծաղ­կի:
Ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ դաշ­տի մը նման կը ձե­ւա­ւո­րո­ւին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը եւ փո­խազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը՝ ծնող­նե­րուն, դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ ե­րե­խա­նե­րուն մի­ջեւ: ­­Հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, երկ­խօ­սու­թիւ­նը, ման­կա­վար­ժա­կան հան­դի­պում­նե­րը, ծնող­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ըլ­լայ զա­նա­զան խնդիր­նե­րու լուծ­ման եւ կամ ընդ­հա­նուր կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, հիմ­նա­կան դեր կ­‘ու­նե­նան ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին եւ կ­‘ար­դիւ­նա­ւո­րեն ե­րե­խա­յին ընդ­հա­նուր կրթու­թիւ­նը:
­­Գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս՝ Հ.Կ.Խ.ի ­­Զա­ւա­րեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­­Հա­յաս­տան Ու­շա­գեան» ­­մանկ­պար­տէ­զը ա­մէն տա­րի «­­Բաց դռնե­րու օր –­ աշ­խա­տա­նոց» կը կազ­մա­կեր­պէ, ա­ռիթ ըն­ծա­յե­լով ծնող­նե­րուն հա­ճոյ­քով մաս­նակ­ցիլ, մօ­տէն ապ­րիլ ստեղ­ծա­գործ պա­հեր փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն հետ ու գե­ղե­ցիկ օր մը ու­նե­նե­նալ ման­կա­պար­տէ­զի եր­դի­քին տակ: ­­Ջերմ ու հա­մե­րաշխ մթնո­լոր­տի մէջ ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ այս կա­պը կ­‘ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի ու իր տե­ղը կը գտնէ ոչ միայն դպրո­ցա­կան վայ­րին մէջ այդ յա­տուկ օ­րը, այլ ամ­բողջ տա­րո­ւան ուս­ման ըն­թաց­քին:
Իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցա­կան տա­րեշրջա­նի հունձ­քը եւ ծնող­նե­րը ե­րախ­տա­պար­տու­թեան ու գո­հու­նա­կու­թեան զգա­ցում­նե­րով կ­‘ար­տա­յայ­տո­ւին՝ գո­յա­ցած ընդ­հա­նուր գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ իւ­րա­յա­տուկ այդ օ­րո­ւան հա­մար: Ծ­նող — ու­սու­ցիչ — ե­րե­խայ ստեղ­ծա­գործ ու ըն­կե­րա­յին ո­գիով, ձեռք- ձեռ­քի ու միա­կազմ, ան­մո­ռա­նա­լի փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ձեռք կը ձգեն բա­ցա­ռիկ այդ օ­րը, ներգ­րա­ւե­լով բո­լո­րին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, ո՛չ ար­դիւն­քին, այլ ըն­թա­ցող գոր­ծակ­ցու­թեան — մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար: ­­Յատ­կան­շե­լի է փոք­րիկ­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը եւ ան­համ­բե­րու­թիւ­նը ա­մէն ան­գամ որ այս­պի­սի գոր­ծու­նէու­թիւն մը տե­ղի կ­‘ու­նե­նայ. ա­նոնք նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ կը նե­տո­ւին, կը դի­մա­ւո­րեն, կը գոր­ծակ­ցին ու կ­­՛աշ­խա­տին ի­րենց ծնող­նե­րուն եւ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն հետ:
Ծ­նող­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն եւ ընդ­հա­նուր կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն կը բնո­րո­շեն նպա­տակ­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւ­նը:
­­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դպրո­ցի եւ ըն­տա­նի­քի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խիստ անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րո­ւի, քան­զի ե­րե­խա­նե­րուն դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, բայց նաեւ կրթու­թիւ­նը կը ստա­նան տար­բեր ազ­դե­ցու­թիւն­ներ։
Այս պատ­ճա­ռով մշտա­կան ​​ա­չալրջու­թիւն կը պա­հան­ջո­ւի ըն­տա­նի­քէն եւ դպրո­ցա­կան մի­ջա­վայ­րէն, որ­պէս­զի պատ­շաճ ձե­ւով լու­ծել յայտ­նո­ւող խնդիր­նե­րը, եւ ստեղ­ծել քա­ջա­լե­րա­կան այն մի­ջա­վայ­րը ուր կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը պի­տի յա­ջո­ղին՝ ի շահ ե­րե­խա­նե­րու ընհ­դա­նուր կրթու­թեան: