Ծնն­դեան ­Պատ­գամ

0
1845

Ա­մա­նո­րի եւ ­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան ու Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նե­րուն ա­ռի­թով, հո­գե­կան ցնծու­թեամբ, սի­րով եւ օրհ­նու­թեամբ կ­՛ող­ջու­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը մաղ­թե­լով, որ 2017 տա­րին իր հետ բե­րէ հա­մայն հա­յու­թեան խա­ղա­ղու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում:
Սուրբ Ծ­նուն­դը հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ա­ռու­մով ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր եւ նշա­նա­կա­լի խոր­հուրդ­նե­րէն է: Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան, առ այդ Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղաց­ման խոր­հուր­դը պար­փա­կող, մար­դուն հան­դէպ Աս­տու­ծոյ գե­րա­գոյն սի­րոյ խորհր­դա­նի­շը ե­ղող տօնն է։ Այս ա­ռու­մով հա­մայն մարդ­կու­թեան վե­րած­նուն­դի խորհր­դա­նիշ է այս մեծ ­Խոր­հուր­դը, որ հիմ­նա­կա­նին մէջ իբ­րեւ ու­ղե­ցոյց մար­դուն կը շնոր­հէ մեղ­քե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու, միայն աշ­խար­հա­յի­նով չտա­րո­ւե­լու եւ Ք­րիս­տո­սա­վա­յել կեանք ու կեն­ցաղ ու­նե­նա­լու ընտ­րան­քը։ Եւ խոր­քին մէջ ճիշդ պի­տի չըլ­լար Աս­տո­ւածն ու ­Մարդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը հա­կա­սա­կան ըն­կա­լում­նե­րով բա­ցատ­րե­լը։ ­Մար­դը ստեղ­ծո­ւած է Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին հա­մա­ձայն, Ա­նոր շուն­չով, Աս­տո­ւա­ծա­յին շնորհք­նե­րով, հո­գիով, բա­նա­կա­նու­թեամբ, ֆի­զի­քա­կան կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեամբ, մէկ խօս­քով Աս­տո­ւա­ծա­յին ա­րար­չա­գոր­ծու­թեամբ։ ­Բայց նաեւ` տրո­ւած է ի­րեն ա­զա­տու­թիւ­նը ընտ­րե­լու Աս­տո­ւա­ծա­յի­նը, այն ինչ որ շնոր­հո­ւած է ի­րեն ի վե­րուստ, եւ ոչ թէ աշ­խար­հի­կը, մա­կե­րե­սա­յինն ու զուտ նիւ­թա­կա­նը։ Այս ընտ­րու­թիւնն է, որ ա­ռա­ջին օ­րէն դրախ­տա­յին կեան­քին մէջ նոյ­նիսկ տրո­ւած էր մար­դուն քա­լե­լու Աս­տու­ծոյ ցոյց տո­ւած ու­ղիէն։ Այլ ու­ղի ընտ­րե­լը կոր­ծա­նա­րար կ­՛ըլ­լայ մար­դուն հա­մար, ո­րուն կեան­քի շուն­չը փչած է Աս­տո­ւած ին­քը։
Ծ­նուն­դը այս բո­լո­րին մա­սին մտա­ծե­լու ա­ռիթ է. խո­կա­լու, ինք­նա­հա­յե­ցո­ղա­կան մօ­տե­ցու­մով քննար­կե­լուշ թէ մենք իբ­րեւ մարդ­կու­թեան մաս կազ­մող­ներ, ինչ­պէ՞ս ըն­կա­լած ենք Աս­տու­ծոյ կող­մէ մե­զի տրո­ւած շուն­չը, կեան­քը, կեն­ցա­ղը եւ որ­քա­նո՞վ ար­ժա­նի ենք այդ շնորհ­քին։ ­Կեան­քի մէջ բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ տա­ռա­պանք­ներ կրնան մեզ հե­ռաց­նել Աս­տուծ­մէ, յու­սա­հա­տեց­նել եւ հա­ւատ­քէ պար­պո­ւած յանձ­նո­ւե­լու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նել։ ­Պէտք է վերստին ծնիլ, միայն վերս­տին ծնե­լով է, ա՛յն ալ հո­գե­կան ի­մաս­տով, որ կրնանք յաղ­թա­հա­րել դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։
Իսկ այդ վե­րած­նուն­դը կը կա­պո­ւի Ք­րիս­տո­սի Ծ­նուն­դին հետ։ ­Հո­գե­կան Ծ­նուն­դի մա­սին է ընդգ­ծու­մը, որ մեզ իբ­րեւ մարդ, իբ­րեւ ան­հատ, իբ­րեւ ըն­կե­րա­յին էակ, կը նո­րո­գէ ու կը վե­րա­նո­րո­գէ ընդ­միշտ կա­պո­ւած մնա­լու Ք­րիս­տո­սին։
Իբ­րեւ ազգ ու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, իբ­րեւ հա­մայնք, նաեւ վե­րած­նո­ւե­լու կա­րիք ու­նինք բո­լորս ա­մէն օր։ ­Տա­ռա­պանք­ներ, դժո­ւա­րու­թիւն­ներ, յու­սա­հա­տու­թիւն­ներ կը պա­տեն մեզ, մենք իբ­րեւ մար­դիկ դա­տե­լու ի­րա­ւունք չու­նինք մէկզ­մէ­կուն։
Աս­տո­ւած է, որ կը դա­տէ եւ ըստ այնմ կը տնօ­րի­նէ։  ­Դա­տում­նե­րը, մե­ղադ­րանք­նե­րը, բամ­բա­սանք­նե­րը, սուտն ու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ի­րար խառ­նած տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը մեզ կը հե­ռաց­նեն Ք­րիս­տո­սէն։ ­Մինչ Ք­րիս­տոս բա­րու­թիւն է, համ­բե­րու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն, նե­րո­ղամ­տու­թիւն, սէր, խա­ղա­ղու­թիւն եւ հո­գե­կան հանգս­տու­թիւն։
Մեր հայ­րե­նի­քի եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն հիմ­նադ­րու­թեան 25ա­մեա­կը նշե­ցինք անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։ Այս յո­բե­լեա­նը ա­ռիթ է նաեւ հա­մազ­գա­յին մեր վե­րած­նուն­դին։ ­Նոր պե­տու­թիւն դառ­նա­լու, նոր հա­սա­րա­կու­թիւն դառ­նա­լու, վե­րած­նե­լու նոր ար­ժէք­նե­րով, ո­րոնք հիմ­նո­ւած պի­տի ըլ­լան ար­դա­րու­թեան, հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, ի­րար յար­գե­լու եւ սի­րե­լու սկզբունք­նե­րուն վրայ։ ­Ճիշդ է, մեր 25ա­մեա­կը կրնար շու­քի մէջ մնալ, ո­րով­հե­տեւ ­Սեպ­տեմ­բե­րէն քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ էր, որ մեր թշնա­մի­նե­րը յան­կար­ծա­կի պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­ցին Ար­ցա­խի դէմ եւ ա­մե­նա­վայ­րագ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին ան­զէն բնակ­չու­թեան դէմ: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պա­տո­ւով դուրս ե­կաւ այս փոր­ձու­թե­նէն։ ­Սուղ ար­ժեց մե­զի այս պա­տե­րազ­մը։
Այ­սօր Խթ­ման գի­շերն ու ­Սուրբ Ծնն­դեան տօ­նը սու­գի մէջ կը նշեն հա­րիւ­րա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ։
Առ յա­ւէտ մեկ­նած են ե­րի­տա­սարդ զա­ւակ­ներ, խեղ­դող կա­րօտ ձգե­լով ի­րենց ե­տին։ Ա­նոնք վե­րած­նած են, մեկ­նե­լով յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւն։
­Հայ­րե­նի­քի, նպա­տա­կին եւ հա­ւատ­քի հա­մար անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը, գե­րա­գոյ­նը` կեան­քը տա­լու փաս­տը, մար­տի­րո­սա­ցու­մը, սուրբ ար­ժէք է եւ հո­գե­կան վե­րած­նուն­դի վսե­մա­գոյն քայլ։ ­Բայց այդ հե­րոս­նե­րուն ը­րա­ծը ա­ռիթ է նաեւ մե­զի, այս երկ­րա­գուն­դին վրայ մեր կեան­քը շա­րու­նա­կող­նե­րուս հո­գե­պէս վե­րած­նե­լու, գի­տակ­ցե­լու, որ ի յի­շա­տակ այդ հե­րոս­նե­րուն, մենք իբ­րեւ հա­յու­թիւն՝ վե­րա­նո­րոգ ուխ­տով, յանձ­նա­ռու­թեամբ, պէտք է լծո­ւինք հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման, ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման մեր գոր­ծին եւ պայ­քա­րին:
Այ­սօր նաեւ հա­մե­մա­տա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հետ կը վե­րած­նի սու­րիա­հա­յու­թիւնը՝ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­բար։
Վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն մեր ժո­ղո­վուր­դը ­Սու­րիոյ մէջ շատ տա­ռա­պե­ցաւ կրե­լով պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիրքն ու հե­տե­ւանք­նե­րը: Ա­յո խա­ղա­ղու­թիւ­նը տա­կա­ւին ամ­բող­ջո­վին չէ վե­րա­հաս­տա­տո­ւած։ ­Բայց ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն ա­ռըն­թեր մեր ժո­ղո­վուր­դը դուրս կու գայ խա­ւա­րէն եւ ա­րա­գօ­րէն կը լծո­ւի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Եւ այս­տեղ ան­պայ­ման պէտք է մտա­ծենք, որ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, վե­րա­նո­րոգ­ման տա­րի կը յայ­տա­րա­րէ 2017ը, նկա­տի ու­նե­նա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­վե­րա­նո­րո­գու­մը ի ­Հա­յաս­տան, յԱր­ցախ եւ Ի Ս­փիւռս աշ­խար­հի։
Վե­րա­նո­րո­գու­մը վե­րած­նունդ է. իսկ հո­գե­պէս վե­րած­նի­լը սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած է ­Սուրբ Ծ­նուն­դի ­Մեծ ­Խոր­հուր­դին հետ։ ­Խոր­հուրդ ­Մեծ ու Ս­քան­չե­լիին հետ…
Մեր հայ­րե­նի­քին թէ Ս­փիւռ­քի մէջ, այ­սօր բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէն ա­ւե­լի՝ մենք վե­րած­նո­ւե­լու պէտք ու­նինք ազ­գո­վին։ ­Հայ­րե­նի­քի մէջ՝ փո­փո­խու­թիւ­ներ բե­րե­լու մեր պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին, ի­րար հան­դուր­ժե­լու, միա­սին կա­ռու­ցե­լու մեր եր­կի­րը։ Իսկ Ս­փիւռ­քի մէջ՝ ի­րար հետ միա­սին աշ­խա­տե­լու, ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պո­ւե­լու եւ մեր դէմ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­զում դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լով, մեր հա­մայնք­նե­րու զար­գաց­ման նպաս­տե­լու։ ­Միայն հո­գե­կան  խա­ղա­ղու­թիւն ամ­բա­րե­լէ ետք է, որ հան­գիստ հո­գիով ու խղճով կը յա­ջո­ղինք զգալ մեր ինք­նա­վե­րած­նուն­դը եւ մեր ըն­կե­րոջ, ըն­տա­նի­քին եւ մեր շրջա­կայ­քին ը­սել. «Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­Յայտ­նե­ցաւ. ­Մեզ եւ ­Ձեզ ­Մեծ Ա­ւե­տիս»։ ­Պատ­րաստ ըլ­լանք այս ա­ւե­տի­սը ի­րար փո­խան­ցե­լու:

Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի,
Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­Յայտ­նե­ցաւ։
Հայ­րա­կան սի­րոյ ջերմ ող­ջունիւ

Ա­ղօ­թա­րար՝
Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան
   Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց