­Մոս­կո­ւա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Հայ­րե­նա­կան ­Մեծ ­Պա­տե­րազմ»ի յաղ­թա­նա­կին նո­ւի­րո­ւած «Ան­մահ գունդ» ա­ւան­դա­կան քայ­լեր­թը, ո­րու ըն­թաց­քին ժո­ղո­վուր­դը կը բռնէր «­Հայ­րե­նա­կան ­Մեծ ­Պա­տե­րազմ»ին մաս­նակ­ցած հա­րա­զատ­նե­րուն լու­սան­կար­նե­րը:
Չ­նա­յած ան­բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րուն՝ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ մաս­նակ­ցե­ցան քայ­լեր­թին: ­Յատ­կա­պէս մեծ ե­ղաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու թի­ւը:
Ար­ձա­նագ­րենք նաեւ, որ ­Մա­յիս 9ին ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ «Ան­մահ գունդ» ա­ւան­դա­կան քայ­լեր­թի ժա­մա­նակ մի­ջա­դէպ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­յե­րու եւ ատ­պէյ­ճան­ցի­նե­րու մի­ջեւ:
Եր­թի ըն­թաց­քին հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը բա­ցա­գան­չե­ցին «Ար­ցախ»՝ ծա­ծա­նե­լով Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շը։ Իսկ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը փոր­ձե­ցին հա­յե­րու ձեռ­քէն խլել դրօ­շը։ Ա­տոր հե­տե­ւան­քով՝ ծեծկռ­տուք տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­յե­րու եւ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու մի­ջեւ:

 

https://www.youtube.com/watch?v=CIjrDdIZ5Ig