Ծանրաբարձութեան Հայաստանի տղամարդոց երիտասարդական հաւաքականը՝ որպէս խումբ լաւագոյնն է Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին:
Ալպանիոյ Տուրերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի Մ23 տարեկաններու խումբը նուաճած է 8 ոսկէ շքանշան` դառնալով խմբակային հաշուարկով առաջինը Եւրոպայի ախոյեանութեան: Երիտասարդ ծանրորդները նուաճած են նաեւ մէկական արծաթէ եւ պրոնզէ շքանշաներ:
Հայաստանի կանանց մինչեւ 20 տարեկաններու խումբը եւս առաջինն է։ Հայ ծանրորդները նուաճած են 6 ոսկէ շքանշան: Եւրոպայի երիտասարդներու այս մրցումին ախոյեաններ դարձան Անդրանիկ Կարապետեան, Գոռ Մինասեան, Կարուշ Ղուկասեան, Սիմոն Մարտիրոսեան, Սոնա Պօղոսեան, Արփինէ Դալալեան:
Ծանրաբաձութեան հաւաքականը լաւագոյնն է Եւրոպայի մէջ
Հայաստանի տղամարդոց երիտասարդական ծանրաբաձութեան հաւաքականը լաւագոյնն է Եւրոպայի մէջ