Կիրակի՝ 24 Մայիս 2020ին, Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 101րդ ամեակի նուիրուած ոգեկոչումի եզրափակիչ ելոյթը։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ քաղաքի յունաց մայր տաճարին բակէն ներս։ Յիշատակի հաւաքը կազմակերպուեցաւ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ նահանգապետութեան կողմէ ուր, իրենց պատգամը փոխանցեցին նահանգապետ Ափոստոլոս Ծիծիքոսթաս եւ փոխ նահանգապետուհի Վուլա Փաթուլիտու։
Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Գոնստանտինոս Զերվաս եւ այլ պետական ներկայացուցիչներ։ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին կողմէ, Պոնտոսի յոյներու զոհերու յուշարձանին առջեւ դափնեպսակի զետեղում կատարեց ընկ. Կիւլա Գասապեան։