Կի­րա­կի՝ 9 Ապ­րիլ 2017ին, ­Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քէն ներս, մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ հա­զա­րա­ւոր մա­նուկ­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան, ո­րոնք ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ ու ա­ւան­դա­կան թա­փօ­րով դի­մա­ւո­րե­ցին Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ։
­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ­Մայր ­Տա­ճա­րին մէջ ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցեց ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան: ­Պա­տա­րա­գին սկիզ­բը մա­նուկ­նե­րու ա­ւան­դա­կան թա­փօ­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ միա­բան հայ­րե­րու եւ դպրե­վա­նե­ցի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: ­Թա­փօ­րը դուրս ե­կաւ ­Մայր ­Տա­ճա­րէն եւ ­Մայ­րա­վան­քի տա­րած­քը շրջան ը­նե­լով վե­րա­դար­ձաւ ­Մայ­րա­վան­քի շրջա­փակ: ­Թա­փօ­րի ա­ւար­տին Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ վե­հա­րա­նէն ող­ջու­նեց ու իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ներ­կայ հա­զա­րա­ւոր բազ­մու­թեան։
Իր պատգամին մէջ նորին սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր ծնողներուն ու մանուկներուն բազմահազար ներկայութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքը դարձեալ ծաղկազարդուեցաւ: Այսօր եկաք հոգեւոր ապրումներով դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Քրիստոս խոնարհ մուտք ունեցաւ Երուսաղէմ, սակայն` յաղթակա՛ն մուտք: Յաղթական, որովհետեւ ժողովուրդը հաւատքի մղումով եկաւ զինք դիմաւորելու. յաղթական, որովհետեւ Ան արդէն հասած էր իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին` այս երկրին վրայ հաստատելով Իր երկնային թագաւորութիւնը: Այսօր մենք նաեւ ազգային տեսիլքով կ՛ողջունենք Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Դարեր շարունակ մենք այս նոյն ոգիով ու հաւատքով դիմաւորեցինք զՔրիստոս, որովհետեւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին մէջ մենք տեսանք մեր ժողովուրդին յաղթանակը աշխարհի չարերուն ու չարիքներուն դէմ: Մենք տեսանք մեր ժողովուրդին կեանքին ծաղկազարդումը: Այսօր նայեցէք ձեր շուրջը, հակառակ մեր դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ծաղկազարդուած է հայ կեանքը` Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ սփիւռքի մէջ: Այսօր, Ծաղկազարդի տօնէն եկող խորհուրդով ու պատգամով աւելի գօտեպնդուած ու վերանորոգուած, մենք կոչուած ենք աւելիո՛վ պայծառակերպելու ու ծաղկազարդելու մեր կեանքը` հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու կենսաւորումով, մեր ազգային իղձերու ամրապնդումով, մեր պետական հիմքերու ամրացումով, Ղարաբաղի անկախութեան հզօրացումով, մեր սփիւռքի գաղութներու առաւել կազմակերպումով»:
Հայրապետական պատգամէն անմիջապէս ետք, բազմահազար մանուկներ բարձրացան վեհարան ու աջահամբոյրով ստացան նորին սրբութեան հայրական օրհնութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նուէրներ բաշխեց մանուկներուն` աւելի եւս ուրախացնելու զանոնք այս տօնական մթնոլորտին մէջ:
Նոյն օրը` յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը: Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը Դռնբացէքին իմաստը ու պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն:
Այսպիսով, հայ եկեղեցին մուտք գործեց Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին շրջանը ներկայացնող Աւագ Շաբաթը` ոտնլուայի ճամբով հետեւելու Քրիստոսի օրինակին, Վերջին Ընթրիքով ճաշակելու Անոր մարմնէն, մասնակից դառնալու Անոր չարչարանքներուն եւ Յաղթական Յարութեամբ պսակելու յառաջիկայ Սուրբ Շաբաթը: