Առաջնորդարան Կաթողիկէ Հայոց Յունաստանի — Աթէնք
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի – Նէոս Գոսմոս
Շաբաթ, 27 Ապրիլ՝ Յիշատակ Ղազարու Յարութեան։
Երեկոյեան «Բացումն վարագուրի»։
Կիրակի, 28 Ապրիլ՝ Ծաղկազարդ
Համաշխարհայի Օր Երիտասարդութեան։
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ եւ ձիթենաց ճիւղերու օրհնութիւն, Դռնբացէքի արարողութիւն ապա՝ թափօր դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր տեղի կ՛ունենայ Անդաստանը։
Երեկոյեան ժամը 8-ին մոմավարութիւն ի Յիշատակ Բիւրաւոր Նահատակաց Ազգիս Հայոց, եկեղեցւոյ «Խանցեան» պարտեզին մէջ։
Հինգշաբթի, 2 Մայիս՝ Աւագ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 5-ին՝ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, Ոտնլուայ եւ Սուրբ Պատարագ ապա՝ երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ։
Երեկոյեան ժամը 9-ին՝ Խաւարման Ժամերգութիւնը ու «Չարչարանքներու Աւետարանները» ։
Ուրբաթ, 3 Մայիս՝ Աւագ Ուրբաթ, Երեկոյեան ժամը 8-ին՝ երեկոյեան ժամերգութիւն, քարոզ եւ Տ. Մ. Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Արարողութիւն ու թափօր։
(Հաւարտ արարողութեան, ընթրիք եկեղեցւոյ բակին մէջ «Ֆալաֆէլ)։
Շաբաթ, 4 Մայիս՝ Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյց Յարութեան, երեկոյեան ժամը 8-ին, Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, ապա շնորհաւորութիւններ։
Կիրակի, 5 Մայիս՝ Տօն Յարութեան Քրիստոսի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ ապա՝ Առաջնորդ Հայրը կ՛ընդունի ձեր շնորհաւորութիւնները առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։
Երկուշաբթի, 6 Մայիս՝ Օր Մեռելոց, առաւօտեան ժամը 8:30-ին Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ։
Լիայոյս ենք որ պիտի ընդառաջէք մեր հրաւէրին
ու մասնակցիք մեծ թիւով բոլոր արարողութիւններուն։
Դիւան