­Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին ա­ռի­թով, ­Կի­րա­կի,1Ապ­րիլ, 2018ին,Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչԱ­ռաջ­նոր­դա­նիստ ­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հան­դի­սա­ւոր Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի բա­րեխ­նամ Ա­ռաջ­նոր­դը՝ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան: Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին, ­Գար­լօ Աք­սա­րէ­լեան եւ Ե­ղիա ­Հա­ցի­կեան բա­րեշնորհ սար­կա­ւագ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ւոյս զոյգ դպիր­նե­րը՝ Է­մա­նո­ւէլ ­Հա­ցի­կեան եւ Ար­թին Աք­սա­րէ­լեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ երկ­սեռ դպրաց դա­սը ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ դպրա­պետ Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ՝ ­Տի­կին ­Տի­րու­հի Գ­րի­գո­րեա­նի: Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ­Մայր Ե­կե­ղե­ցին լի էր ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, ո­րոնց մէկ մա­սը ե­կած էր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան շրջա­նէն, յատ­կա­պէս՝ ­Գա­լի­ֆոր­նիա ­Նա­հան­գի հա­յա­հոծ քա­ղաք­նե­րէն:
­Պա­տա­րա­գիչ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը օ­րո­ւան պատ­շաճ իր քա­րո­զին մէջ, անդ­րա­դառ­նա­լէ ետք ­Մեր ­Տէր ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քին, բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց ­Գա­լի­ֆոր­նիա­յէն ժա­մա­նած ուխ­տա­ւոր­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոն­քե­կե­ղեց­ւոյս ծխա­յին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հետ միա­տեղ՝­մաս­նա­կից կը դառ­նան Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­կան թա­փօ­րին, որ ինք­նին, լա­ւա­գոյն վկա­յու­թիւնն է աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ան­խոր­տա­կե­լի ու ան­խախտ հա­ւատ­քին, հան­դէպ՝ Աս­տու­ծոյ, ե­կե­ղեց­ւոյ ու այդ ճամ­բով ալ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րո­յա­կան ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն:
Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը կա­տա­րեց նաեւ Դռն­բա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ա­պա, ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս, բո­լոր հաա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան մաս­նակ­ցե­լու՝ ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած հիւ­րա­սի­րու­թեան, ո­րուն ըն­թաց­քին ե­ղան՝ փո­խա­դարձ ծա­նօ­թաց­ման, այ­լեւ գնա­հա­տան­քի, բա­րե­մաղ­թա­կան եւ օրհ­նու­թեան խօս­քեր, ինչ­պէս նաեւ նկա­րա­հան­ման յի­շա­տա­կե­լի պա­հեր:
Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թին,­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նին տե­ղի ու­նե­ցող դէպ­քերն ու դրո­ւագ­նե­րը իր մէջ խտաց­նող եւ տար­ւոյն կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­րե­րէն մէ­կը, 5 Ապ­րիլ, 2018ին, կրկին ան­գամ ե­կե­ղե­ցի հրա­ւի­րեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մեծ բազ­մու­թիւն­նե­րը, մաս­նա­կից դառ­նա­լու՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Վեր­ջին Ընթ­րի­քին, որ էր նաեւ՝ ­Սուրբ ­Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դին՝ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի հաս­տատ­ման:
­Սուրբ ­Հա­ղոր­դու­թեան ­Պա­տա­րա­գը, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00ին, մա­տու­ցեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ար­ժա­նա­պա­տիւ Տ. Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան, որ ա­պա, կէ­սօ­րէ ետք, ժա­մը 6:00ին, կա­տա­րեց նաեւ Ոտն­լո­ւա­յի սրտա­ռուչ եւ յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­ներ առ­թո­ղ եւ ծա­ռա­յու­թեան ու խո­նար­հու­թեան մե­ծա­գոյն դա­սե­րը­փո­խան­ցող հո­գե­թով ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ե­կե­ղեց­ւոյս հո­վի­ւը ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի օ­րի­նա­կով, ղեն­ջա­կը մէջ­քին կա­պած, ծուն­կի ե­կաւ ու ծա­ռա­յա­կան սի­րով լո­ւաց իւ­րա­քան­չիւր սար­կա­ւա­գի ու դպի­րի ոտ­քե­րը: Ա­ւար­տին, սրտա­յոյզ զգա­ցում­նե­րով, թե­լադ­րեց ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին, սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ դպիր­նե­րուն, որ ի­րենց կեան­քին մէջ ան­մո­ռա­նա­լի կեր­պով ար­ձա­նագ­րո­ւած պա­հեն ի­րենց ու­նե­ցած ներ­կայ ապ­րում­նե­րը, որ­պէս­՝անլ­ռե­լի պատ­գամ, յի­շեց­նե­լու հա­մար մե­զի, մեր կեան­քե­րը ապ­րիլ սի­րոյ, ծա­ռա­յու­թեան եւ խո­նար­հու­թեան կեն­սա­կան ար­ժէք­նե­րով: Ա­ւար­տին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ստա­ցան՝ ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նին կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած թա­փան­ցիկ տոպ­րակ­ներ, ո­րոնց մէջ զե­տե­ղո­ւած էին օրհ­նո­ւած իւ­ղէն պա­տա­ռիկ­ներ, որ­պէս­զի զա­նոնք ի­րենց տու­նե­րը տա­նին ու խառ­նեն ի­րենց տան իւ­ղին՝ ա­ռա­տաց­նե­լու հա­մար աս­տո­ւա­ծա­պար­գեւ բա­րիք­նե­րը հայ օ­ճախ­նե­րուն:
Ոտն­լո­ւա­յի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, դէ­պի ­Խա­ւար­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն ըն­թա­ցող կարճ դա­դա­րի մը հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած պա­հը, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ գտնո­ւող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն գե­ղե­ցի­կ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, փո­խա­րի­նո­ւած էր ­Յի­սու­սի գե­րեզ­մա­նը խորհր­դան­շող դա­գա­ղի զար­դար­ման նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քով: ­Խոստմնա­լից էր ստեղ­ծո­ւած մթնո­լոր­տը, ուր մեծ ու­րա­խու­թեամբ ու սրտի ան­հուն գո­հու­նա­կու­թեամբ կա­րե­լի էր տես­նել,թէ ինչ­պի­սի քաղց­րու­թեամբ, մայր ու զա­ւակ քո­վէ-քով ու ձեռք ձեռ­քի,մէկ կող­մէն ­Յի­սու­սի գմբէ­թա­ծածկ դա­գա­ղը կը զար­դա­րէին, իսկ միւս կող­մէ՝ ներ­կա­յէն դէ­պի ա­պա­գայ գա­ցող փոք­րիկ, բայց զօ­րա­ւոր ու ազ­դե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւն մը կը փո­խան­ցէին:
­Խա­ւար­ման ­Գի­շե­րի խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, վե­րո­յի­շեալ կարճ դա­դա­րի ա­ւա­տին, սկիզբ ա­ռաւ՝ ե­կե­ղե­ցին իր ներ­կա­յու­թեամբ լե­ցու­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու «­Հայր մեր» ա­ղօթ­քի ար­տա­սա­նու­թեամբ: ­Սաղ­մոս­նե­րու ու շա­րա­կան­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Յի­սու­սի մատ­նու­թեան, դա­տա­վա­րու­թեան ու չար­չա­րանք­նե­րուն մա­սին խօ­սող՝ Ա­ւե­տա­րան­նե­րէն քա­ղո­ւած եօ­թը հա­տո­ւած­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեան հետ միա­սին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց հա­ւա­տա­ւոր բա­րի ա­ւան­դու­թեամբ, կազ­մե­ցին եօթ­նա­հան­գոյց դեր­ձան­ներ, որ­պէս­զի զա­նոնք ի­րենց դաս­տա­կին վրայ կրե­լով,ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ղօթք­նե­րուն ու ա­ւե­տա­րա­նա­կան ճշմար­տու­թեանց զօ­րու­թիւ­նը ի­րենց վրայ պա­հեն մին­չեւ ­Յի­սու­սի ­Համ­բարձ­ման տօ­նը:
­Խո­նար­հու­թեան եւ ինք­նա­նո­ւի­րու­մի, այ­լեւ զղջման ու խոս­տո­վա­նու­թեան կա­մուր­ջով դէ­պի ար­քա­յու­թիւն ըն­թա­ցող ճամ­բան ներ­կա­յաց­նող քա­րո­զի ունկնդ­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Ք­րիս­տո­սի ­Խա­չա­փայ­տին ուղ­ղո­ւած փա­ռա­բա­նա­կան ա­ղօթք­նե­րով ու շա­րա­կան­նե­րով հո­գե­ւո­րա­պէս վե­րա­նո­րո­գո­ւած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, գո­հու­նակ սրտե­րով վե­րա­դար­ձան ի­րենց տու­նե­րը՝ Ա­ւագ Ուր­բա­թի ­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լու վառ յոյ­սե­րով:
Ա­ւագ Ուր­բա­թը, յատ­կա­պէս ­Յի­սուս ­Քիս­տո­սի ­Սուրբ ­Թաղ­ման ­Կար­գը, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կեան­քին մէջ յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­ներ առ­թողգե­րա­գոյն պահն է: ­Տէր Աս­տու­ծոյ՝ մար­դուն հան­դէպ ու­նե­ցած ան­սահ­ման սի­րոյն տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի նշանն է Ք­րիս­տո­սի ­Թաղ­ման ­Սուրբ ­Կար­գը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ջեր­մե­ռանդ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս ո­ղո­ղած էր Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ­Մայր Ե­կե­ղե­ցին:
«­Սուրբ Աս­տո­ւած»ի պա­հուն, ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տող Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, հո­գե­ւոր հո­վիւն ու սար­կա­ւա­գաց եւ դպրաց դա­սը, Ք­րիս­տո­սի խորհր­դա­կան գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ գլխա­հակ ծնրադ­րե­ցին ու ող­բա­ձայն եր­գե­ցին՝ «­Սուրբ Աս­տուած, ­Սուրբ եւ հզօր, ­Սուրբ եւ ան­մահ, որ ­Թա­ղե­ցար վասն մեր, ո­ղոր­մեա մեզ» ե­րեքսր­բեան եր­գը:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, խորհր­դա­ւոր այս պա­հո­ւան առ­թած զգա­ցում­նե­րով լի, ներ­կայ բազ­մու­թեան ուղ­ղե­լով հայ­րա­կան իր խօս­քը, ա­նոնց ողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց կեդ­րո­նաց­նել՝Ք­րիս­տո­սի խորհր­դա­կան գե­րեզ­մա­նէն ճա­ռա­գայ­թող յա­րու­թեան ու ան­մա­հու­թեան ան­հեր­քե­լի ճշմար­տու­թեան վրայ, ո­րուն կեն­դա­նի վկան է հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ի ­Հա­յաս­տան, յԱր­ցախ եւ ի սփիւռս աշ­խար­հի:
Ա­պա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաո­ւա­կան կազ­մի հսկո­ղու­թեամբ ու ե­կե­ղեց­ւոյս ­Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կազ­մո­ւած թա­փօ­րը, Կ­րօ­նա­կան ­Դա­սին, ինչ­պէս նաեւ ­Սար­կա­ւա­գաց եւ Դպ­րաց ­Դա­սին գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ք­րիս­տո­սի խորհր­դան­շա­կան դա­գա­ղը, ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­նե­րու ու­սե­րուն վրայ հանգ­չած, ա­ւե­տա­րա­նա­կան հանգ­րո­ւա­նա­յին ըն­թեր­ցում­նե­րով շրջան ը­րաւ ե­կե­ղեց­ւոյս թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ, գրա­ւե­լով՝ պա­տա­հա­կան ան­ցորդ­նե­րու յար­գա­լիր ու­շադ­րու­թիւ­նը:
­Հե­տաքրք­րա­կան էր, ինչ­պէս միշտ, հան­դի­պու­մը՝ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ դրա­ցի ­Յոյն Ուղ­ղա­փառ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Կ­րօ­նա­կան ­Դա­սին ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հսկա­յա­կան թա­փօ­րին, ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կար­գին, եր­կիւ­ղած խո­նար­հու­թեամբ բարձր բռնած Ք­րիս­տո­սի խորհր­դա­կան դա­գա­ղը, փա­ռա­բա­նա­կան ու գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք­նե­րով ող­ջա­գու­րո­ւե­ցան ի­րա­րու հետ եւ օրհ­նու­թիւն­ներ բաշ­խե­ցին ներ­կայ բազ­մու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ շա­տեր յա­տուկ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մօ­տե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյս ներ­կա­յա­ցու­ցած Ք­րիս­տո­սի խորհր­դա­կան գե­րեզ­մա­նը­ ներ­կա­յաց­նող դա­գա­ղին տա­կէն, որ­պէս­զի ան­կէ առ­նեն մեծ յոյ­սը՝ յա­րու­թեան ու ան­մա­հու­թեան:
Ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս՝ Ք­րիս­տո­սի դա­գա­ղա­բարձ յաղ­թա­հա­սակ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ինք­նա­կամ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­րի-ա­րե­նոյշ­նե­րու յար­գա­լիր ու կար­գա­պահ ներ­կա­յու­թիւ­նը, եւ ա­պա օրհ­նեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բազ­մու­թիւ­նը,որ այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թեան ընդ­մէ­ջէն, կը բա­ցա­յայ­տէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­ւան­դա­պահ, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ու ըն­տա­նե­կան սրբու­թեանց նկատ­մամբ ու­նե­ցած բա­ցա­ռիկ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը, որ այս մի­ջոց­նե­րով կ­՛ա­պա­հո­վէ նաեւ ա­նոնց փո­խան­ցու­մը՝ սե­րուն­դէ սե­րունդ:
Ա­ւագ ­Շա­բաթ օ­րո­ւան Ճ­րա­գա­լոյ­ցի սուրբ եւ ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը: Ս. ­Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին ե­կե­ղե­ցոյս հո­վիւն ու բա­րեշ­նորհ սար­կա­ւագ­նե­րը իսկ Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց երկ­սեռ դպրաց դա­սը ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ դպրա­պետ Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ՝ ­Տի­կին ­Տի­րու­հի Գ­րի­գո­րեա­նի:
Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. ­Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կող­քին ներ­կայ էին նաեւ Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ այլ ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նա­հայ կեան­քէն ներս կեն­սա­կան ու մնա­յուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, մարմ­նակր­թա­կան եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թեանց ու մար­մին­նե­րու յար­գե­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
Ս. ­Յա­րու­թեան Հ­րա­շա­փառ ­Տօ­նի Ճ­րա­գա­լոյ­ցի քա­րո­զով, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­խօ­սե­ցաւ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի խա­չին, տա­ռա­պան­քին, նե­ղու­թեան այ­լեւ չար­չա­րանք­նե­րուն յա­ջոր­դող լու­սա­ւոր ու պայ­ծառ ար­շա­լոյ­սով բա­ցո­ւող հրա­շա­փառ ու վար­դա­հե­ղեղ այն ա­ռա­ւօ­տեան մա­սին, որ մեր ­Տէր ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. ­Յա­րու­թիւնն էր, ա՛յն ­Յա­րու­թիւ­նը ո­րուն հա­ւա­տա­ցած էր հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ջին իսկ դա­րե­րէն ի վեր, նոյն ինքն Ք­րիս­տո­սի զոյգ ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ­Թա­դէոս եւ ­Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու քա­րո­զու­թեամբ ու Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ­Հայ­րա­պե­տի քրիս­տո­նէա­կան մկրտու­թեամբ եւ միւ­ռո­նա­բոյր կնի­քով:
Սր­բա­զան ­Հայ­րը շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը, յայտ­նեց նաեւ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր այդ հա­ւատ­քին վրայ մ­նաց ան­խախտ ու ան­սա­սան, ան­շեղ ու ա­նե­րեր, ո­րուն իբ­րեւ բնա­կան հե­տե­ւանք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ցայ­սօր, ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թեան Ա­ւե­տի­սին ի լուր, որ­պէս պա­տաս­խան, ան­մի­ջա­պէս փա­ռա­բա­նա­կան ձայ­նով կը գո­չեն՝. «Օրհ­նեա՜լ է ­Յա­րու­թիւնն Ք­րիս­տո­սի»:
Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը վա­ռած մո­մեր ի ձե­ռին ունկնդ­րե­ցին ­Յի­սոս Ք­րիս­տո­սի Ս. ­Յա­րու­թեան ա­ւե­տու­մը կա­տա­րող «Այ­սօր յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց» շա­րա­կա­նը, ու ա­պա, թա­փօր կազ­մած՝ ­Պա­տա­րա­գիչ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նին հե­տե­ւե­լով հա­ւա­քո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ ուր եւ տե­ղի ու­նե­ցան՝ Ս. ­Զա­տի­կի տօ­նին կա­պո­ւած ա­ւան­դա­կան հաւկ­թա­խաղ, Ե­կե­ղեց­ւոյս ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ Ս. ­Յա­րու­թեան տօ­նին պատ­շաճ փո­խա­դարձ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ:
Ս. ­Յա­րու­թեան ­Զատ­կի ­Կի­րա­կիին պա­տա­րա­գիչն էր ե­կե­ղեց­ւոյս ­Հո­գեոր ­Հո­վի­ւը, որ հա­մե­մա­տա­բար փոքր ծա­ւա­լով ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած իր քա­րո­զա­խօ­սու­թեան ընդ­մէ­ջէն, ան­գամ մը եւս անդ­րա­դար­ձաւ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. ­Յա­րու­թեան հրա­շա­փառ ի­րո­ղու­թեան մա­սին, ուր եւ յայտ­նեց, թէ ներ­կայ մեր կեանք­ե­րուն մէջ յա­ճախ կը գտնո­ւինք այն­պի­սի պա­րա­գա­նե­րու ու դէպ­քե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ, որ գու­ցէ­ յար եւ նման են յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տո­սի եւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ռա­ջին հան­դի­պում­նե­րուն, ուր ­Թով­մաս Ա­ռա­քեալ, հա­կա­ռակ՝ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ի­րեն յայտ­նո­ւած այն ի­րո­ղու­թեան թէ ­Յի­սուս յա­րու­թիւն է ա­ռած ու ե­րեւ­ցած ա­շա­կերտ­նե­րուն, թե­րա­հա­ւա­տօ­րէն ու­զած է աչ­քե­րով­ տես­նել ու մատ­նե­րո­վը շօ­շա­փել ­Յի­սու­սի վէր­քե­րը:­Տէր հայ­րը, ա­պա, եզ­րա­կաց­նե­լով օ­րո­ւան իր քա­րո­զը մէջ­բե­րեց՝ ­Թով­մա­սին ուղ­ղո­ւած ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւեալ խօս­քը.- «­Դուն տե­սար եւ շօ­շա­փե­ցիր, ե­րա­նի ա­նոնց՝ ո­րոնք ա­ռանց տես­նե­լու եւ շօ­շա­փե­լու կը հա­ւա­տան»: