2 Օ­գոս­տո­սին, Ա­թէն­քի մէջ իր աչ­քե­րը փա­կեց յու­նա­հա­յու­թեան սի­րո­ւած երգ­չու­հի, օ­փե­րա­յի տա­ղան­դա­ւոր մե­նա­կա­տար եւ հայ մշա­կոյ­թի սպա­սար­կու ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան։ ­Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նին վրայ իւ­րա­յա­տուկ սէր եւ գուր­գու­րանք տա­ծող սե­րուն­դի մը յատ­կան­շա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան, ո­րուն ձայնն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­ղան­դը զար­դա­րե­ցին հայ եւ օ­տար բե­մե­րը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին։
­Հան­գու­ցեալ ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հիին թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ 3 Օ­գոս­տո­սին՝ ­Ֆիք­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ա­պա մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Պ­րա­խա­միիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, իր ա­մուս­նոյն՝ Ար­շա­ւի­րին եւ վա­ղա­մե­րիկ զաւ­կին՝ ­Կար­պի­սի կող­քին։
Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք սոփ­րա­նօ ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը, քա­ղո­ւած «Ա­զատ Օր»-ի բա­ցա­ռի­կէն, որ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով կու տայ մեծ ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հիին կեանքն ու բե­մա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը։ ­Նաեւ, կը հրա­տա­րա­կո­ւի «­Հա­մազ­գա­յին» մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան միու­թեան ա­նու­նով ար­տա­սա­նո­ւած դամ­բա­նա­կան խօս­քը։

Ծ­նած է ­Բի­րէա: Ու­սուց­չու­հի ու­նե­նա­լով տի­կին ­Պու­թուն՝ երգ ու դաշ­նակ ու­սա­նած է Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին Ե­րաշ­տա­նո­ցին մէջ, ո­րու ըն­թաց­քը ա­ւար­տած է «­Միա­ձայ­նու­թեամբ քա­ջա­լաւ» եւ «բա­ցա­ռիկ մեկ­նա­բա­նու­թեան գնա­հատնք»ով:
Իր ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Հ­ռո­մի ­Սան­թա ­Չէ­չի­լիա ե­րաժշ­տա­կան ա­կա­դե­միա­յի մէջ, փրո­ֆէ­սէօր ու­նե­նա­լով ­Ճոր­ճիօ ­Ֆա­վա­րէթ­թոն:
­Միա­ժա­մա­նակ օ­փե­րա­յի եր­գա­ցանկ սեր­տած է Հ­ռո­մի «Օ­փե­րա ­Ռէալ»ի մաէսթ­րօ ­Ռի­չիի մօտ:
Ա­թէն­քի պե­տա­կան օ­փե­րա­յի բե­մէն աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ­նե­րու կող­քին եր­գած է բազ­մա­թիւ օ­փե­րա­ներ:
­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին կեան­քին հետ սեր­տօ­րէն կա­պած է իր ա­նու­նը, փոքր տա­րի­քէն յայտ­նո­ւե­լով յու­նա­հայ բե­մե­րու վրայ՝ ազ­գա­յին տօ­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ա­ռիթ­նե­րով իր մե­ներգ­նե­րով:
­Բա­ցի հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թե­նէն ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հին ու­նե­ցած է նաեւ յու­նա­կան եւ օ­տար բե­մե­րու վրայ տպա­ւո­րիչ ու յատ­կան­շա­կան ներ­կա­յու­թիւն, ո­րուն կը փոր­ձենք անդ­րա­դառ­նալ յա­ջոր­դա­բար:
Յունաստանի Համազգայինը տարիներ առաջ յատուկ երեկոյի մը ընթացքին պատուեց Ծաղիկ Գազանճեանը իր երկարամեայ ծառայութեան համար Հայ մշակոյթին ու Համազգայինին:

Ար­տա­սահ­մա­նեան ե­լոյթ­ներ

­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան իր ե­րաժշ­տա­կան տաս­նա­մեակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եր­կար վազ­գին ա­ռի­թով, այ­ցե­լած է բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ, հա­մա­պա­տաս­խան հրա­ւէր­նե­րով ստա­ցած ըլ­լա­լով: րնե­րով ստա­ցած ըլ­լա­լով: Այս­պէս՝
— ­Պէյ­րութ, 1962-ին եւ 1971-ին հրա­ւի­րո­ւած ըլ­լա­լով ­Լի­բա­նա­նի ­Հա­մազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ եր­կու հա­մերգ­նե­րով հան­դէս գա­լու հա­մար.
— ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէս, ­Գոր­տո­պա՝ հայ Մ­շա­կոյ­թի ­Տան հրա­ւէ­րով: Եր­կու ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ, մէկ ե­լոյթ ալ Cordoba Teatro Odeon-ի մէջ, 1964-ին:
— ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, հրա­ւի­րո­ւած ըլ­լա­լով ­Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ, ե­լոյթ ու­նե­ցած է Ուստ­րի մէջ (­Պոս­թըն), ­Շի­քա­կօ, Իլ­լի­նո­յիս «Orchestra Hall»ի մէջ, 1974-ին:
— ­Կիպ­րոս, տեղ­ւոյն ­Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­ւէ­րով, 1981-ին:
— ­Պարս­կաս­տան, ­Թեհ­րան եւ ­Նոր ­Ջու­ղա, ­Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­ւէ­րով ու­նե­ցած է եր­կու ե­լոյթ­ներ ո­րոնք ձայ­նագ­րո­ւած են ե­րի­զի վրայ:

­Յու­նաս­տա­նի մէջ

1960-էն սկսեալ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն դար­ձած է ազ­գա­յին հան­դէս­նե­րու եւ զա­նա­զան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյթ­նե­րու ա­ռի­թով: ­Ծա­ղի­կը նոր վե­րա­դար­ձած էր Ա­թէնք 1959-ին ա­ւար­տած ըլ­լա­լով Ի­տա­լիոյ Santa Cecilia-ի ե­րաժշ­տա­կան ա­կա­դե­միան, ուր եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Լի­րիկ օ­փե­րա­յի կող­մէ ըն­դու­նո­ւե­լու հա­մար մաս­նակ­ցած է 80 եր­գիչ­նե­րու օ­տի­սիո­նի մը, որ­մէ միայն ին­քը ընտ­րո­ւած եւ ըն­դու­նո­ւած է: Այս ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք հան­դէս ե­կած է անդ­րա­նիկ հա­մեր­գով մը, ­Փար­նա­սոս սրա­հին մէջ: ­Յա­ջոր­դա­բար ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է «Ա­թէն­քի British Council»ի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Գո­մո­թի­նիի եւ Ա­թէն­քի պատ­կե­րաս­րա­հի մէջ, զուտ հայ­կա­կան եր­գե­րով:

­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան մե­նա­կա­տա­րը

­Շարլ ­Կու­նո­յի «­Ֆաուստ» օ­փե­րա­յի մէջ ­Մարգ­րի­տի դե­րով 1957-ին, Ի­րո­տու Ա­թի­քու Ա­թէն­քի ֆես­թի­վա­լի ծի­րէն ներս.
— Ա­թէն­քի օ­փե­րա­յի բե­մէն իբ­րեւ մե­նա­կա­տար ե­լոյթ ու­նե­ցած է ­Փու­չի­նիի «­Թու­րան­տօ» օ­փե­րա­յի մէջ, ­Լիո­ւի դե­րով 1960-ին.
— ­Փու­չի­նիի «­Լա ­Պոէմ» օ­փե­րա­յի մէջ 1966-ին, մարմ­նա­ւո­րե­լով ­Մի­միի դժո­ւա­րին դե­րը.
— ­Վակ­նէ­րի «Tannhauser» օ­փե­րա­յի մէջ ­Վե­նիւ­սի դե­րով, 1967-ին.
— Ի­րո­տու Ա­թի­քու բե­մէն, ­Միւ­նի­խի նո­ւա­գա­խում­բով հան­դէս ե­կած է Lefrergesangverein օ­փե­րա­յով, որ կը ներ­կա­յաց­նէր ­Թե­լէ­մա­նի՝ «­Չար­չա­րանք­նե­րը ըստ ­Մար­կո­սի», 1967-ին: Այս օ­փե­րա­յին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կած են չորս մե­նա­կա­տար­ներ ո­րոնց շար­քին ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նը:
— ­Պե­տա­կան սին­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի որ­պէս մե­նա­կա­տար՝ Ա­թէն­քի «REX» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ եր­գած է ­Պէթ­հո­վէ­նի «Ահ ­Փեր­ֆի­թօ» քոն­չեր­թոն:
— ­Վեր­տիի «­Ռէք­վիէմ»ը, 1968-ին Ա­թէն­քի բե­մէն ա­նո­ւա­նի մաէսթ­րօ ­Թո­թիս ­Քա­րա­լի­վա­նո­սի ղե­կա­վա­րու­թեամբ.
— 1971-ին ­Փե­րո­քէ թատ­րո­նին մէջ հել­լէն ա­նուա­նի յօ­րի­նող ­Նի­քո­լաոս ­Խա­ծիա­փոս­թո­լո­ւի յօ­րի­նած օ­թե­րէթ՝ «Ա­փա­խի­տէս թոն Ա­թի­նոն», 30 յա­ջոր­դա­կան ե­լոյթ­ներ: ­Ծա­ղի­կը հան­դէս ե­կաւ ­Վե­րա­յի գլխա­ւոր դե­րով: ­Նոյն օ­փե­րէ­թին կը մաս­նակ­ցէր հել­լէն յայտ­նի եր­գիչ ­Գոս­թաս ­Մա­նիա­թա­քիս, ո­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ ալ կը ներ­կա­յա­ցո­ւէր օ­փե­րէ­թը:

­Ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին ե­լոյթ­ներ

Ա­թէն­քի պե­տա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի եւ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նէն ու­նե­ցած է բազ­մա­թիւ ե­լույթ­ներ, մե­նա­կա­տա­րե­լով հայ եւ օ­տար յօ­րի­նող­նե­րու գոր­ծեր:
­Ձայ­նաս­փիւ­ռի Գ. ­Կա­յա­նէն ձայ­նասփ­ռած է հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եր­գե­րու յա­տուկ յայ­տա­գիր մը՝ «­Մու­սի­քոս ­Քիք­լոս»նե­րու ծի­րէն ներս, 1989-ին:
— ­Մել­քոն ­Կիւր­ճեա­նի եւ Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նի «­Չար­շը­լը Ար­թին Ա­ղա» օ­փե­րէ­թը, ե­րաժշ­տու­թեամբ յու­նա­հայ յօ­րի­նող ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նի: Այս ե­լոյ­թը վեց ան­գամ ներ­կա­յա­ցո­ւած է Ա­թէն­քի բե­մե­րու վրայ:
­Վե­րո­յի­շեալ օ­փե­րէթ­նե­րը 4 ան­գամ բե­մադ­րած էր Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան:
­Պատ­մու­թեան հա­մար նշենք, որ «­Չար­շը­լը Ար­թին Ա­ղա»ն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ներ­կա­յա­ցո­ւած է 1935-ին ­Մայքլ Ալ­մու­խեա­նի բե­մադ­րու­թեամբ եւ երկ­րոր­դը՝ 1939-ին ­Կա­րօ ­Գա­սա­պեա­նի կող­մէ: ­Վե­րո­յի­շեալ օ­փե­րէ­թը Ա­թէն­քի բե­մե­րէն դուրս ու­րիշ ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած չէ ցարդ: 1995-ին ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նի յօ­րի­նու­մի ձե­ռա­գիր­նե­րը յանձ­նո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի «Ս­պեն­դիա­րեան» օ­փե­րա­յի տնօ­րէ­նու­թեան, ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի ձե­ռամբ:

Եր­գապ­նակ

1971-ին ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան հրա­պա­րա­կած է հայ­կա­կան եր­գե­րու բո­վան­դա­կու­թեամբ իր ա­ռա­ջին եր­գապ­նա­կը, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի:

­Ձայ­նա­սա­լիկ

Հ­րա­պա­րա­կո­ւած է նաեւ ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի ա­ռա­ջին CD ալ­պո­մը, որ կը բո­վան­դա­կէ 18 հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին սի­րո­ւած եր­գե­րու փունջ մը, իւ­րա­քան­չիւր եր­գի բա­ռե­րով եւ յու­նա­րէն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով:

­Հա­յաս­տան

1983-էն սկսեալ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հետ ­Կա­պի ­Կո­մի­տէն եր­կու գրա­ւոր հրա­ւէր­ներ ուղ­ղած էր երգ­չու­հին, հայ­րե­նիք այ­ցե­լե­լու եւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լույթ­նե­րով հան­դէս գա­լու հա­մար: Դժ­բախ­տա­բար, հայ­րե­նի բե­մէն իր ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու երգ­չու­հին ե­րա­զը չի­րա­կա­նա­ցաւ…
­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի մա­սին հայ թէ օ­տար մեծ թի­ւով գնա­հա­տա­կան գրա­խօ­սա­կան­ներ հրա­տա­րա­կո­ւած են: ­Տեղ կու տանք ա­նոնց­մէ մէ­կուն՝ ­Պէյ­րու­թի «Այգ» օ­րա­թեր­թի 29-12-61-ի թի­ւէն:
«Ունկնդ­րե­լով իբր «պիս»՝ ­Չա­րեն­ցի «­Գովք ­Հա­յաս­տա­նի»ն, ե­ղա­նա­կա­ւո­րո­ւած Ա­թե­նա­հայ Յ. ­Փա­փա­զեա­նի կող­մէ, բո­լո­րին աչ­քե­րուն առ­ջե­ւէն ան­ցաւ հե­ռա­ւոր հայ­րե­նի­քի ա­նօ­րի­նակ կա­խար­դան­քը, զոր տի­կին ­Գա­զան­ճեան մեկ­նա­բա­նեց այն­քան բնա­կան կեր­պով, զգա­ցու­մով, հրա­պոյ­րով եւ յու­զու­մով: Ան կ­‘եր­գէր իր հա­ճոյ­քին հա­մար, կ­‘եր­գէր իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, հաս­նե­լով կար­ծես բար­ձունք մը, ուր մին­չեւ այդ չէր հա­սած:
­Բա­ռե­րու տա­րօ­րի­նակ ուժ մը, ո­րուն ըն­կե­րա­նա­լու բա­ւա­րա­րու­թիւնն ու­նէր միայն ե­րաժշ­տու­թիւ­նը»:

* * *
Ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի դամ­բա­նա­կան խօս­քը

ԾԱՂԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Որ­քա՜ն աղ­քատ կը դառ­նանք։
­Տա­կա­ւին ե­րէկ էր, երբ հրա­ժեշտ տո­ւինք ­Հա­մազ­գա­յի­նի նո­ւի­րա­կան ան­դամ­նե­րուն՝ ­Մի­քա­յէլ ­Տիլ­սի­զեա­նին ու Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նին, եւ տա­կա­ւին մեր ար­ցուն­քե­րը չոր­ցած չըլ­լա­լով ա­նոնց թարմ հո­ղա­կոյ­տին վրայ, ա­հա կանգ­նած ենք մեր սի­րե­լի սոփ­րա­նո­յին՝ ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի անշն­չա­ցած մար­մի­նին առ­ջեւ։
Ինչ­պէ՞ս պատ­մել կեան­քիդ պատ­մու­թիւ­նը, սի­րե­լի ­Ծա­ղիկ։ Ար­դեօք այս սեղմ վայր­կեան­նե­րը բա­ւա­րա՞ր են մէկ առ մէկ թո­ւե­լու հա­մար փառ­քի ու մե­ծու­թեան այն տա­րի­նե­րը, որ դուն ապ­րե­ցար բե­մե­րուն վրայ, ան­մա­հաց­նե­լով ­Կո­մի­տասն ու ­Չու­խա­ճեա­նը, ­Տիգ­րա­նեանն ու ­Փա­փա­զեա­նը։ ­Կա­րե­լի՞ է ար­դեօք եր­կու խօս­քով նկա­րագ­րել այն զգա­ցում­նե­րը, որ յու­նա­հայ զան­գո­ւած­նե­րը ապ­րե­ցան ա­մէն ան­գամ որ դուն բե­մե­րուն վրայ կ­՚եր­գէիր «­Սիրտս նման է է՛ն փլած տներ»…։
­Հի­մա, այս ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ կանգ­նած՝ «մեր սիր­տը նման է էն փլած տու­նե­րուն», դա­տարկ ու ա­մա­յի, այն­պէս ինչ­պէս կ­՚ա­մա­յա­նայ մեր գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին կեան­քը, ա­մէն ան­գամ, որ քեզ նման քուր­մեր հրա­ժեշտ կ­՚առ­նեն…։
­Դուն ալ, կար­ծես վեր­ջին մո­հի­կանն ես այն հսկայ խում­բին, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հայ մշա­կոյ­թը դար­ձու­ցին կեան­քի ապ­րում ու նպա­տակ։ Ար­դեօք քա­նի՞ գի­շեր­ներ, դուն եւ ան­մո­ռա­նա­լի կո­ղա­կիցդ՝ Ար­շա­ւի­րը, ծրե­ցաք հայ քնա­րի ու գի­րի գան­ձե­րուն վրայ, մե­զի հրամցնե­լու հա­մար ան­թիւ հա­մերգ­ներ, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ, մե­նա­հա­մերգ­ներ, մշա­կու­թա­յին ե­րե­կո­ներ, ին­չե՜ր, ին­չե՜ր…։
­Սի­րե­լի ­Ծա­ղիկ, բախ­տա­ւոր կը զգանք, որ մեր գա­ղու­թը քեզ նման ա­րո­ւես­տի սպա­սար­կու մը ու­նե­ցաւ։ Ոչ միայն ո­րով­հե­տեւ լա­ւա­պէս գիտ­ցար ծա­ռա­յել հայ երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, այլ ո­րով­հե­տեւ քու ան­զու­գա­կան տա­ղան­դով, գեղ­գե­ղիչ ձայ­նով, բե­մա­կան վստա­հու­թեամբ տի­րա­ցար յու­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րուն։ Աշ­խար­հի կող­մե­րը շրջե­ցար ու ա­մէն տեղ խօ­սեց­նել տո­ւիր քու մա­սին, տա­ղանդդ բաժ­նե­ցիր հայ ու օ­տար հան­դի­սա­տե­սին։ ­Պեթ­հո­վե­նի, ­Վակ­նե­րի, ­Փու­չի­նիի եւ այլ հսկան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն կող­քին, սրահ­նե­րը լե­ցու­ցիր ­Կո­մի­տա­սով, ­Պա­պա­ճա­նեա­նով, ­Յով­հան­նէ­սեա­նով, ­Սարգ­սեա­նով ու ­Կա­նա­չեա­նով։
Ա­ւա՜ղ, սա­կայն. մինչ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մե­րուն վրայ մար­դոց հո­գի­նե­րը հայ եր­գով ջեր­մա­ցու­ցիր, հայ­րե­նի բե­մե­րուն վրայ ներ­կա­յա­նա­լու ե­րազդ չի­րա­կա­նա­ցաւ…։ Մ­նա­ցիր ա­նա­ւարտ ե­րա­զով, մինչ ար­ժա­նի էիր ձայ­նիդ ու տա­ղան­դիդ մե­ծու­թիւ­նը բաժ­նե­լու հայ հո­ղին վրայ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դին, դո՛ւն եւս զգա­լու մեր ան­մա­հա­նուն ե­րա­ժիշտ­նե­րու սրտի տրո­փիւն­նե­րը, հայ եր­գի ու մշա­կոյ­թի բա­գի­նին վրայ հայ­րե­նի­քով պլպլա­ցող հո­գիիդ ճրա­գը դարձ­նե­լու հուր ող­ջա­կէզ։
­Փառ­քի ու հիաց­մուն­քի ծով ա­լիք­նե­րուն մէ­ջէն, զգա­յուն սիրտդ ե­րեք ան­գամ խո­ցո­ւե­ցաւ, ցա­ւը ամ­պա­մած դար­ձուց հո­գիդ, մթաք­նեց լոյսն ու կեան­քիդ օ­րե­րը։
­Հա­զիւ իր 18 գա­րուն­նե­րը բո­լո­րած, սի­րե­լի մանչդ՝ ­Կար­պի­սը, զոհ կ­՚եր­թար այդ անս­պա­սե­լի ար­կա­ծին, որ իր հետ տա­րաւ ծնող­քի յոյ­սը, ա­պա­գայ ե­րազ­ներն ու սպա­սում­նե­րը, ցամ­քեց­նե­լով մատ­ղաշ կեան­քի ա­ռուն, որ պի­տի դառ­նար յոր­դա­ռատ գետ ու կեն­սա­տու աղ­բիւր։
Իր կեան­քին կէս ճամ­բուն հա­զիւ հա­սած, հի­ւան­դու­թիւ­նը զգետ­նեց սի­րե­լի քոյրդ՝ ­Մա­րին, ո­րուն հետ այն­քա՜ն ապ­րում­ներ ու­նէիր։
Ար­ցունք­նե­րը չէին ցամ­քած, երբ կեան­քը ա­նո­ղոք հա­րո­ւած մը եւս տո­ւաւ քե­զի, սի­րե­լի ու ան­մո­ռա­նա­լի եղ­բօրդ՝ ­Յով­հան­նէ­սին կո­րուս­տով, դար­ձեալ ար­կա­ծի հե­տե­ւան­քով։
Որ­քա՜ն ցաւ ու ողբ կրնայ սղմիլ մար­դու սրտին մէջ։
­Սա­կայն, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ ու համ­բե­րու­թեամբ, դուն եւ Ար­շա­ւի­րը տո­կա­ցիք, մնա­ցիք կան­գուն, պատ­նէ­շի վրայ, ո­րով­հե­տեւ գի­տակ­ցե­ցաք, թէ հայ մշա­կոյ­թը ծա­ռա­յե­լը վեր է ա­մէն մարդ­կա­յին ցա­ւէ ու կսկի­ծէ։ ­Հա­ւա­տար­մու­թեամբ շա­րու­նա­կե­ցիք ձեր կեան­քի մնա­ցորդ ու­ժը — ան որ այ­լոց պա­րա­գա­յին ար­դէն սպա­ռած պի­տի ըլ­լար — նո­ւի­րել հայ եր­գի ու թատ­րո­նի ան­դաս­տա­նին։
­Սի­րե­լի ­Ծա­ղիկ, յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­տեա­նը ոս­կի գի­րե­րով ար­ձա­նագ­րած է ա­նունդ եւ կեան­քիդ բա­ցա­ռիկ նո­ւա­ճում­նե­րը։ Այս բո­լո­րը քե­զի հա­մար չպա­հե­ցիր, այլ բաժ­նո­ւե­ցար մե­զի հետ, իւ­րա­քան­չիւ­րիս սիր­տին ու հո­գիին մէջ տեղ մը պա­հել տո­ւիր՝ ընդ­միշտ յի­շե­լու հա­մար թայ­լայ­լող ձայնդ ու անկրկ­նե­լի տա­ղան­դիդ փայլ­քը։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քի ա­նու­նով մեր խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի ըն­տա­նի­քին՝ զա­ւա­կին, թոռ­նե­րուն, ծո­ռե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն։
Ան­մո­ռա­նա­լի ­Ծա­ղիկ, յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ճամ­բան քեզ կը տա­նի դէ­պի սի­րե­լի ա­մու­սինդ՝ Ար­շա­ւի­րը ու զա­ւակդ՝ ­Կար­պի­սը։
­Մի­նակ չէք հոն։ ­Քեզ կը սպա­սեն սի­րե­լի գոր­ծա­կից­ներդ՝ ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նը, Ա­րուս Գ­րի­գո­րեա­նը, ­Գէորգ ­Նե­րե­տեա­նը, Աբ­րա­համ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը, ­Կա­րօ ­Ղե­ւոն­դեա­նը, ­Կար­պիս ­Վար­դա­նեա­նը, ­Թագ­ւոր ­Գա­զան­ճեա­նը, ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նը, ­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեա­նը եւ դեռ քա­նի, քա­նի­ներ…
­Հոն, երկ­նա­յին բազ­մու­թեան առ­ջեւ բեմ սար­քե­ցէ՛ք։ Դն­դա­ցու­ցէ՛ք «բազ­մու­թիւնք հրեշ­տա­կաց» նոր «­Չար­շը­լը»-ով մը։ Իսկ ա­ռա­ջին շար­քե­րուն վրայ՝ ­Կո­մի­տասն ու իր նման­նե­րը թող ծա­փա­հա­րեն ձեր տա­ղանդն ու յա­ւի­տե­նա­կան սէ­րը հայ եր­գին հան­դէպ:
Եր­թաս բա­րով, սի­րե­լի ­Ծա­ղիկ։
­Հո­ղը թե­թեւ։