«Եւ ես ձեզի հետ եմ»
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Ահա անգամ մը եւս կը հնչէ Աւետարանի վկայութեամբ հոգեթով շարական դարձած եւ եկեղեցիներու ղօղանջներէն քրիստոնեայ հաւատացեալներու հոգիներուն հասած Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան յաղթագոռ աւետիսը: Յաւիտենականէնյաւիտենական ճշմարտութիւն մը՝ յաւիտենականութեան վերակոչուած անկեալ մարդու որդիներուն:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Մարդկային պատմութեան ականջին հնչած մեծագոյն եւ անզուգական աւետիսներուն աւետիսն է սա, Կեանքին յաղթանակը անյաղթայարելի եւ անյագ հրէշին՝ մահուան վրայ: Եւ ո՞վ կրնար անզօրութեան մատնել մահը, եթէ ոչ նոյնինքն Կեանքի աղբիւրը՝ Աստուած:
Հրաշափառ Յարութեան տօնին ուրախ լուրը այս օրերուն, շատ մտահոգ եւ սարսափած հոգեվիճակի մէջ կը գտնէ համայն աշխարհի մարդկութիւնը, որուն գլխին վերեւ կախուած է նորայայտ «Քորոնա» ժահրին առթած մահուան ահ ու սարսափի դամոկլեան սուրը: Հոգիներու ականջներուն փոխարէն, ֆիզիքական ականջները ծայր աստիճան սրած, մարդկութիւնը վայրկեանը վայրկեանին լրատուական միջոցներէն կախուած կը սպասէ բժշկագիտական աշխարհէն ժահրին սպառնալիքի աւարտին եւ պարտութեան յոյսի նշոյլի մը ուրախ լուրը լսելու, երբ անդին՝ եկեղեցիներէն անգամ մը եւս, քանի հազարերորդ անգամն ըլլալով, ի լուր աշխարհին կը լսուի յաւիտեանս յաւիտենից մահուան վրայ Կեանքի յաղթանակին աւետիսը:
Յարուցեալ Քրիստոս՝ ի՛ր աշակերտներուն երեւցած ըլլալուն թերահաւատ Թովմաս առաքեալին ըսաւ, երբ ան «Տէրս եւ Աստուածս» բացագանչեց՝ տեսնելէ եւ շօշափելէ ետք խաչեալ Տիրոջ ձեռքին վերքերը, Յիսուս ըսաւ անոր.- «Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան:» (Յովհ. 21:29)
Իսկ անդին, Զքրիստոս իր աչքերով չտեսած, բայց Դամասկոսի ճամբուն վրայ տեսիլքով Քրիստոսէ առալելութեան կոչուած Պօղոս Առաքեալ
որ իր մէջ հին մարդը խաչ հանած եւ յարուցեալ Քրիստոսով նոր կեանք ապրած ամենայանդուգն եւ պերճախօս քարոզիչ առաքեալը եղաւ, ըսաւ, «Եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմէացիներուն 8:31):
Նորօրեայ համաճարակին պարտադրած սահմանափակումներու պատճառով, մեր ընկերային հասարակաց կեանքի ձեւը յեղակարծ փոփոխութիւններու ենթարկուելով, տօնական շատ մը արարողութիւններ առկախուեցան, ընկերային առիթներու հաւաքներ, հանդիպումներ, պարտականութիւններ եւ պատշաճութիւններ դադրեցան, եւ մեր կեանքի մէջ լայն տեղ եւ առիթ բացուեցաւ, անդրադառնալու եկեղեցական տօներու էութեան, խորհուրդին հոգեւոր իմաստին: Նկատառելի երեւոյթ է, որ եկեղեցական տօներու ընկերային երեսը եւ ձեւակերպութիւնները առ հասարակ շատերու ուշադրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը կը գրաւեն, աւելի մակերեսային եւ ձեւական անդրադարձ ունանալու տօներուն բուն իմաստին եւ բարոյական թելադրանքներուն: Կ՚երեւի թէ մարդկային հասարակութեան հոգեբանական հասարակ յայտարար է, որ մարդիկ աւելի հետամուտ ըլլան հեշտին, հաճելիին, դիւրամատչելիին, մակերասայինին, քան թէ՝ որեւէ առիթի խորքին եւ բարոյական ու հոգեւոր իմաստին:
Այսօր, անգամ մը եւս լսելով Քրստոսի Յարութեան աւետիսը՝ իր հաւատքի վկայութեան հազարամեակներու փորձառութեամբ, այս տագնապալի աննախընթաց օրերուն, երբ մարդկային բոլոր ճիգերուն անճարակութեան դիմաց դարձեալ կը դառնանք Աստուծոյ, օգնութիւն հայցելով Ամենակալէն: Յարութեան աւետիսին հետ միասին արդեօք մեր ականջներուն մէջ չե՞ն հնչեր Քրիստոսի յանդիմանական այն խօսքը, որ իր առաքեալներուն ուղղեց, երբ լիճի փոթորիկին խաղաղեցման հրաշքը կատարելէ ետք, ջրամոյն ըլլալու վտանգէն ահաբեկուած առաքեալներուն ըսելով, «Ինչու այդպէս վախկոտ էք, տակաւի՞ն հաւատք չունիք» (Մարկոս 4:40)
Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը, դէպքի մը յիշատակումը չէ, ոչ ալ շարականի մը կրկնութիւնը, այլ ան քրիստոնեային համար իրականութիւն մըն է, որ իր դրսեւորումը կը գտնէ կեանքով արտայայտուած հաւատքով:
Մարդկային մեր կեանքերը ալեկոծող տագնապի եւ խուճապի այս օրերուն յատկապէս, Յարուցեալ Փրկիչը նախքան երկինք համբառնալը, քաջալերական նոյն շեշտով մեզի ալ կ՚ըսէ այն ինչ, որ իր առաքեալներուն վերջին անգամ յայտնապէս խօսելով ըսաւ. – «Եւ ահա ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթէոս 28:20):
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Եւ Աստուած մեզի հետ է:
Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի
Հայոց Թեմին