«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։
Հոս չէ ան, յարութիւն առաւ։» (Ղուկ.24:5)
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետած բոլոր ճշմարտութիւնները մարդուն համար իրականութեան շրջագիծէն ներս մտան Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, երբ միաշաբաթի վաղ առաւօտուն Յիսուսի գերեզման այցելող իւղաբեր կիները լսեցին հրեշտակին ձայնը որ ըսաւ, «ինչու ողջ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք, հոս չէ, այլ յարեաւ» ։ Անոնցմէ յետոյ նաեւ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներ իրենք եւս անձամբ այցելելով թափուր գերեզմանին մէջ միայն Յիսուսի վարշամակը տեսան։ Մնացեալ առաքեալները եւս տեսան եւ շօշափեցին յարուցեալ Քրիստոսը երբ անոնց յայտնուեցաւ։
Հրաշափառ յարութեան առաւօտուն, Քրիստոսի թափուր գերեզմանին փոսին մէջ ընլուզուեցան մարդկային ցեղին բոլոր մեղքերը, տկարութիւնները, եւ սկսաւ Նոր Առաւօտը մարդկութեան, որ այնուհետեւ ալ վերջալոյս չունեցաւ։
Մարդ արարածին եդեմական դրախտէն արտաքսուելէն ետք, ջրհեղեղէն ազատած Նոյի սերունդին հետ ուխտ կնքելէն ասդին, Աստուած դարերու ընթացքին զանազան ձեւերով, նշաններով, տեսիլքներով, մարգարէներով ու ժամանակի լրումին ալ ուղղակիօրէն Բան Աստուծոյ միջոցաւ յայտնուեցաւ, խօսեցաւ մարդուն հետ, յայտնելով որ փրկիչը պիտի ուղարկէ։ Նախ քան Քրիստոս ժամանակաշրջանին այդ բոլորը մարդուն համար մնացին խօսք, իղձ։ Մարդկային քաղաքակրթութեան ընթացքին կրօնական զանազան վարդահետութիւններու թէ իմաստասիրական տեսութիւններու անդրշիրիմեան ուսուցումները անկատար իղձ ու երազ մնացին գերեզմանի մարդակուլ զօրութեան դիմաց։
Ս. Յարութեան առաւօտուն ամէն ինչ գործադրութեան փուլին մէջ մտաւ, աստուածայայտնութեան բոլոր խոստումներուն իրագործման ատենը հասաւ, ինչպէս որ Պօղոս Առաքեալ կըսէ «Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն Այո-ն է» (Ա. Կորնթ. 1:20), եւ նոր աշխարհի ստեղծագործութեան րենական նոր Եղիցի Լոյսը։ Նոր ադամով՝ Քրիստոսով մարդկային ցեղը վերականգնեցաւ եւ աստուածային կամքին հնազանդութեամբ անմահութիւնը վերադարձաւ, խաւարը փարատեցաւ ու Մարդուն վախճանական հայեացքի հորիզոնին վրայ ալ մայրամուտ չմնաց, քանի որ Յարութեան յաւիտենական կեանքի անդրշիրիմեան յոյսով եւ հաւատքով մանաւանդ, Մարդուն կեանքը յաւերժ արեւաշող լոյսի կեանք դարձաւ։
Հրաշափառ յարութիւնը Քրիստոսի պատմական ահեղահրաշ դէպքը մը ըլլալով հանդերձ, անցեալին պատկանող յիշատակարժան դէպք մը չէ միայն, այլ մեր առօրեայ կեանքերը ու մանաւանդ ապագան առաջնորդող եւ հունաւորող իրականութիւն է։
Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը, նաեւ մեզի համար արժէքներու հարազատութեան, իսկութեան, անփոփոխելիութեան, անսակարկութեան, անայլայլութեան եւ յաւերժութեան յարացոցյց է։ Որովհետեւ մեր կեանքի հոգելլկիչ իրողութեան մաս կը կազմէ այն պարագան, որ մենք ամէն օր պայքարի մէջ ենք մեր շրջապատին հետ, զատորոշելու եւ ստուգելու ճշմարտութիւնը եւ հարազատութիւնը մարդոց խօսքերուն եւ գործերուն մէջ։ Որովհետեւ, հակառակ Յարութեան երկհազարամեայ հաւատքի կենսափորձին, տակաւին, մարդոց կեանքին մէջ, եսասիրութեան հաշուոյն սուտն ու կեղծիքը, ճշմարտութեանց աղաւաղումը եւ արժէքներու, սրբութեանց եւ սկզբունքներու սակարկութիւնը տակաւին կը մնան նպատակին հասնելու աչքաբացութեան միջոց ըլլալու լայն ժողովրդականութիւն վայելող գործելակերպ, որ ուշ կամ կանուխ, ինչպէս որեւէ ոսկեջրուած առարկայ գունատելու է եւ խոտի նման բուսած ու ծաղկած որոեւէ վիճակ՝ թարամելու։
Քրիստոս՝ Ճշմարտութիւնը, ուղիղ Ճանապարհը եւ անվերջալոյս կեանքն է՝ արգասիքը մեր հաւատքին, որ հիմնուած է Յարութեան աւետիսին վրայ, որով Հայ եկեղեցւոյ հայրերուն ձեւաւորած դարաւոր հաւատքին միանալով կը գոչենք՝
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց։»
Օրհեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի
Հայոց Թեմին
Ս. Զատիկ, Աթէնք