Ե­ղի­ցին կամք քո որ­պէս յեր­կինս եւ յերկ­րի

 

«­Փառք ի բար­ձունս Աս­տու­ծոյ
եւ յեր­կիր խա­ղա­ղու­թիւն
ի մար­դիկ հա­ճու­թիւն« (­Ղու­կաս 2:14)

­Մարդ­կա­յին ան­կեալ բնու­թեան փրկու­թեան եւ վե­րա­կանգ­ման հա­մար մար­գա­րէ­նե­րուն նա­խա­գու­շա­կած Աս­տու­ծոյ փրկա­գոր­ծա­կան ծրագրին ժա­մա­նա­կի լրու­մին, Փր­կի­չի գա­լուս­տին Աս­տու­ծոյ բո­լոր խոս­տում­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման պահն է սուրբ Ծ­նուն­դը, երբ հրեշ­տակ­նե­րու խում­բեր բերկ­րա­լից մե­ղե­դի­նե­րով եր­կին­քէն եր­կիր ա­ւե­տե­ցին Փր­կի­չին ծննդեան ­Բա­րի լու­րը: Երկ­րի վրայ ­Բա­րի լու­րը միայն լսե­ցին ի­րենց հօ­տին գի­շե­րա­պահ հո­վիւ­ներ՝ ըն­կե­րա­յին պարզ եւ հա­սա­րակ կար­գա­վի­ճա­կի մար­դիկ: Իսկ տիե­զեր­քի հա­մա­կար­գին մէջ սո­վո­րա­կա­նէն տար­բեր ի­րա­դար­ձու­թեան անդ­րա­դար­ձան ա­րե­ւել­քէն ե­րեք մո­գեր, ին­չու չէ ի­րենց օ­րե­րու գիտ­նա­կան­ներ, ո­րոնք տիե­զեր­քի բնա­կան եւ ան­սայ­թաք թա­ւալ­քին մէջ նկա­տե­ցին ու կար­դա­ցին ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ մը, եւ ա­նոր հետ­քե­րով հա­սան մին­չեւ ­Բեթ­ղէ­հէմ եւ հաս­տա­տե­ցին ի­րենց տե­սա­ծը:
Մո­գե­րը վստա­հու­թեամբ ճամ­բայ ե­լած էին, եւ ոչ թէ երկմ­տան­քով, թէ ար­դեօք ճիշ՞դ էր ի­րենց կարդա­ցա­ծը, եւ հե­տեր­նին ար­քա­յա­վա­յել նո­ւէր բե­րած էին: ­Հո­վիւ­ներն ու մո­գե­րը ի­րենց զար­մանքն ու հիա­ցու­մը փա­րա­տե­լէ ետք, ե­ղան մե­ծա­պէս ու­րա­խա­ցող­նե­րը այս երկ­նա­յին նշա­նի յայտ­նու­թեան հա­մար: ­Միայն ­Հե­րով­դէս թա­գա­ւորն էր, որ երբ մո­գե­րէն լսեց հրեա­նե­րու թա­գա­ւո­րի ծնուն­դին մա­սին, ոչ միայն վրդո­վե­ցաւ, այլ մա­նուկ­նե­րու նշա­նա­ւոր ջար­դը կազ­մա­կեր­պեց:
Իսկ ան­դին, աշ­խար­հի վրայ մար­դիկ ոչ լսե­ցին եւ ոչ ալ անդ­րա­դար­ձան այդ ­Բա­րի լու­րին. եւ ին­չու եւ ինչ­պէս անդ­րա­դառ­նա­յին, երբ երկ­նա­յին տնօ­րի­նում մըն էր որ կը բա­ցա­յայ­տո­ւէր: Ո­րով­հե­տեւ, ­Մար­դը Աս­տու­ծոյ նա­յե­լէ, հա­յեաց­քը եր­կինք դարձ­նե­լէ շա­տոնց դադ­րած էր եւ դէ­պիր եր­կիր, դէ­պի վար կը նա­յէր:
­Հա­զա­րա­մեակ­նե­րէ ան­ցած երկ­նա­յին այս ­Բա­րի լու­րը, աշ­խար­հին ա­ւե­տեց երկ­րի վրայ խա­ղա­ղու­թիւն եւ մար­դոց մի­ջեւ ու­րա­խու­թիւն: Եւ ժա­մա­նա­կի թա­ւալ­քին հետ, ա­մէն տա­րի սուրբ Ծնն­դեան տօ­նին առ­թիւ, բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լու սո­վո­րու­թեամբ, սկզբնա­կան, հա­րա­զատ եւ աս­տուա­ծա­յին այս ­Բա­րի լու­րը ձգած՝ որ­պէս կրկնո­ւած եւ հին­ցած բա­րե­մաղ­թու­թիւն, նո­րա­րար եւ տար­բեր բո­վան­դա­կու­թեամբ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ ե­կան փո­խա­րի­նե­լու զայն:
Երկ­նա­յին այս ­Բա­րի լու­րը, Փր­կի­չին ծննդեան ա­ւե­տի­սը ըլ­լա­լուն առն­թեր, խոս­տա­ցո­ւած Փր­կի­չին մար­դե­ղա­նա­լու ա­ռա­քե­լու­թեան բուն իսկ նպա­տա­կը կը պատ­գա­մէր՝ մար­դոց մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն: Փրկ­չա­կան այս ­Բա­րի լու­րը լսած ու ի­մա­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ա­հա­ւա­սիկ սուրբ Ծ­նուն­դէն աս­դին եր­կու հա­զար տա­րի­նե­րէ ա­ւե­լի, աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ, նոյն ըն­կե­րու­թեան պատ­կա­նող հա­մախմ­բում­նե­րուն մի­ջեւ խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն կա­րե­լի չե­ղաւ հաս­տա­տել ու ապ­րիլ, եւ մարդ­կու­թիւ­նը մնաց շա­րու­նակ ցան­կա­ցո­ղը եւ յու­սա­ցո­ղը այդ խա­ղա­ղու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան: ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ որ­քան ժա­մա­նա­կը կը թա­ւա­լի եւ կը յա­ռա­ջա­նայ, ու ա­նոր հետ նաեւ մարդ­կա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը շատ­նայ, աշ­խար­հը ամ­բողջ հետզհե­տէ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի տագ­նա­պա­լի եւ ա­նա­պա­հով վի­ճա­կի կը մատ­նո­ւի: Ո­րով­հե­տեւ, ա­մէն մարդ, ա­մէն եր­կիր այդ ցան­կա­լի ու­րա­խու­թիւ­նը ու­րի­շին ընկճ­ման, ոչն­չաց­ման, վե­րաց­ման մէջ կը տես­նէ. իր ու­րա­խու­թիւ­նը իր սե­փա­կան շա­հե­րուն եւ փա­ռա­սի­րու­թեան ձեռք բեր­ման մէջ կը տես­նէ:
Այն­քան ա­տեն որ մար­դը պի­տի շա­րու­նա­կէ երկ­րա­յին ու մարդ­կա­յին օ­րէնք­նե­րով մտա­ծել ու գոր­ծել, շատ հե­ռու պի­տի մնայ այդ շատ բաղ­ձա­լի թէ խա­ղա­ղու­թե­նէն եւ թէ ու­րա­խու­թե­նէն, ո­րոնց տա­րած­քը տա­րո­ւէ տա­րի ա­ւե­լի կը կծկո­ւի ու փոք­րա­նայ:
Ք­րիս­տոս Աս­տո­ւած, որ սուրբ Ծ­նուն­դով մար­դե­ղա­ցաւ եւ յայտ­նո­ւե­ցաւ մար­դոց մէջ, ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ փրկու­թեան ծրա­գի­րը, Ե­կե­ղե­ցիին ա­ւանդ թո­ղեց Ա­ւե­տա­րա­նը (ΕΥΑΓΓΕΛΙΟΝ), որ­պէս­զի մար­դը նախ ճանչ­նայ ­Հայրն Աս­տո­ւած, եւ աս­տուծ­գի­տու­թեամբ հաս­նի խա­ղա­ղու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան: ­Սուրբ Ծնն­դեամբ մար­դուն կը հրամ­ցո­ւի մա­տեան մը, ո­րուն վեր­նա­գիրն է ­Բա­րի ­Լու­րը, եւ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ Ա­ւե­տա­րա­նի ու­սու­ցում­նե­րը, ո­րոնց ա­ռանց­քը կը կազ­մէ Աս­տու­ծոյ կամ­քին կա­տա­րու­մը: Ք­րիս­տոս ոչ միայն թե­լադ­րեց, որ Աս­տու­ծոյ կամ­քը փնտռենք եւ կա­տա­րենք, այ­լեւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը դար­ձուց Աս­տու­ծոյ կամ­քը կա­տա­րե­լը ը­սե­լով, «Ես եր­կին­քէն ի­ջայ ոչ թէ իմ կամքս կա­տա­րե­լու հա­մար, այլ կամ­քը ա­նոր որ զիս ղրկեց» (Յով­հան­նէս 6:38): Անր հա­մար ալ, Ք­րիս­տո­սէ թե­լադ­րո­ւած մե­զի ծա­նօթ ­Հայր ­Մեր ­Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քին մէջ կ’ը­սենք «ե­ղի­ցին կամք քո»:
Անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, մարդ­կու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ հա­մա­մարդ­կա­յին ան­նա­խըն­թաց տագ­նա­պա­լի ի­րա­վի­ճակ­ներ, մտա­հո­գու­թիւն­ներ, եւ հո­րի­զո­նին վրայ ու­րո­ւագ­ծո­ւող մշու­շա­պատ ա­պա­գայ:
Հա­մա­ճա­րա­կի ստեղ­ծած ահ ու սար­սա­փի հո­գե­վի­ճա­կի մէջ, ամ­բողջ տա­րի մը կեան­քի ու մա­հո­ւան հրմշտու­քին մէջ ա­ռօ­րեայ դրու­թեամբ վկա­յե­ցինք, թէ մար­դու կեան­քին մէջ որ­քան ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ ար­ժէք ու­նին գի­տու­թիւնն ու մարդ­կա­յին փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը եւ ի­րե­րօգ­նու­թիւ­նը, քան այն բո­լոր հա­ճո­յա­լի հե­տաքրքրու­թիւն­ներն ու նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մեր կեան­քին մէջ մեծ տեղ գրա­ւած էին: Անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած բնու­թիւ­նը բար­բա­ռե­ցաւ, խա­րա­նե­լով ներ­կայ աշ­խար­հի կա­ցու­թեան մէջ ապ­րող ե­սա­կեդ­րոն, ըն­չա­քաղց, ան­կուշտ, այ­լա­մերժ մարդ­կու­թեան ճա­կա­տը, երբ հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռաւ տու­նը փա­կո­ւած ամ­բողջ աշ­խար­հի բնակ­չու­թիւ­նը փո­ղոց­նե­րէն հե­ռա­ցաւ, բնու­թիւ­նը վերս­տին շունչ քա­շեց, շատ ա­րագ ինք­զինք գտաւ եւ իր աս­տո­ւա­ծաս­տեղծ գե­ղե­ցիկ պատ­մու­ճա­նը հա­գաւ: Բ­նու­թիւ­նը այս ձե­ւով ը­սաւ, թէ մար­դը ա­ռանց բնու­թեան չի կրնար գո­յա­տե­ւել, բայց Ա­րա­րի­չին բնու­թիւ­նը ա­ռանց մար­դուն շատ բնա­կան եւ ներ­դաշ­նակ ձե­ւով կրնայ գո­յա­տե­ւել: ­Սա ցոյց կու տայ, որ բնու­թիւ­նը, իր բո­լոր մա­սե­րով, ան­շեղ կեր­պով կ­՚ըն­թա­նայ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն: ­Սա կու գայ մար­դուն անդ­րա­դարձ­նե­լու, թէ միայն Աս­տու­ծոյ կա­նոն­նե­րով եւ կամ­քով կա­րե­լի կը դառ­նայ խա­ղա­ղու­թիւ­նը: Ե­թէ մար­դուն փնտռա­ծը խա­ղա­ղու­թիւն է, ու­րա­խու­թիւն է, ոչ խա­փու­սիկ կամ մա­կե­րե­սա­յին, այդ պա­րա­գա­յին պէտք է իր մարդ­կա­յին կա­մա­կո­րու­թե­նէն պար­պո­ւե­լով, իր կեան­քը բա­նիւ եւ գոր­ծով ապ­րի Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն, եւ այն ա­տեն կրնայ ոչ միայն ու­րախ եւ խա­ղաղ ապ­րիլ, այլ ու­նե­նալ եւ վա­յե­լել աս­տո­ւա­ծա­տուր բո­լոր բա­րիք­ներն ու պար­գեւ­նե­րը, ինչ­պէս Ք­րիս­տոս ը­սաւ, «Ու­զե­ցէք որ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թիւ­նը գայ, եւ Աս­տո­ւած ձեր բո­լոր խնդրանք­նե­րը ա­ւե­լիով պի­տի տայ» (­Ղու­կաս 12:31):
Ա­հա, այդ ե­րա­նա­կան կեան­քի հրա­ւէրն է սուրբ Ծնն­դեան ­Բա­րի լու­րը, ո­րուն ի­մաս­տին ճշգրիտ ըն­կա­լու­մով ձե­ւա­կան ա­սոյթ եւ սո­վո­րու­թիւն ըլ­լա­լէ կը դադ­րի եւ բո­վան­դա­կա­լից շեշտ եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ ը­սե­լը՝
Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­Յայտ­նե­ցաւ:
­Ձե­զի մե­զի մեծ Ա­ւե­տիս:

­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մին