«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ
եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»
(Ղուկաս 2։14)
Ամանորը տարուան առաջին տօնն է, որ իր մէջ կ’ընգրկէ նորին ուրախութիւնը, եւ նորին հետ՝ նոր առիթներու առթած յոյսը։ Ամանորը, ժամանակի իմաստով, մեր կեանքին առջեւ բացուած նոր առիթներու եւ հնարաւորութիւններու հանգրուան մը է, որ նոր կարելիութիւն կ’ըձեռէ անկատար իղձերու իրականացման, կիսատ մնացած ծրագիրներու ամբողջացման եւ կամ ալ՝ որեւէ գործի մը կամ վարուելակերպի մը սրբագրման։ Ամանորը մեր մէջ ժամանակի հասկացողութեան անդրադարձ կը կատարէ, որուն հաստատումը աստուածաշնչական է։ Ծննդոց գրքի առաջին իսկ էջերէն, աշխարհի ստեղծագործութեան ընդմէջէն, Աստուած մարդուն տուաւ ժամանակի ըմբռնումը, երբ ցերեկուան եւ գիշերուան թաւալքով, վեց օրերու ընթացքին ամբողջացուց տիեզերքի ստեղծագործութիւնը եւ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ։
Ամանորին անմիջապէս յաջորդ տօնը, Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան տօնն է, զոր Քրիստոսի առաքեալները որպէս կանոն հաստատեցին, որ այս տօնը աստուածայայտնութիւն կոչումով տօնուի Յունուար ամսուան վեցին։
Հայ եկեղեցւոյ հայրերու ուշադրութենէն չէ վրիպած Ադամի ստեղծման եւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան միջեւ զուգահեռ տեսնելը։ Արդարեւ, Աստուած Ադամը՝ առաջին մարդը, ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը ստեղծեց։ Իսկ Առաքեալները Նոր Ադամին՝ Յիսուս Քիստոսի ծնունդը սահմանեցին նոր տարուան վեցերորդ օրը։ Որովհետեւ, Աստուածաբանական մեկնողական գրականութեան մէջ, Քրիստոս կը ներկայացուի իբրեւ երկրորդ կամ նոր Ադամ։ Առաջին Ադամը, աստուածային պատուէրին անհնազանդելով մեղանչեց Աստուծոյ դէմ, եւ հետեւաբար կորսնցուց Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալու առանձաշնորհումները։ Մինչ երկրորդ Ադամը՝ Քրիստոս, Աստուծոյ կամքին բացարձակ հնազանդութեամբ մարդեղանալով, մարդկային բնութիւնը առնելով վերականգնեց մարդուն Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած առանձնաշնորհումները։ Այլ խօսքով, Նոր Ադամը նորոգեց Մարդը, որով մարդկութիւնը հնարաւորութիւնը ունի վերականգնուած բնութեան արժանանալու, եթէ անշուշտ ընդունի Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ։
Այս նորոգութեան, վերականգման առաջին եւ գլխաւոր աւետիսը տրուեցաւ աշխարհին սուրբ ծննդեան ատեն, երբ հրեշտակներու երկնային խումբերը մեծ ուրախութեամբ յայտնեցին հովիւներուն՝ աշխարհին ըսելով, «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկաս 2։14)։ Այս աւետիսը իր հետ կը բերէր Աստուած եւ մարդ հաշտութիւնը, որով մարդը ճանչնալով իր Արարիչը, պիտի փառաւորէր զԱստուած Իր պարգեւներուն համար, պիտի տիրէր խաղաղութիւնը մարդոց հոգիներուն մէջ եւ աշխարհի վրայ մարդոց հոգիները պիտի լեցուէին ճշմարիտ ուրախութեամբ։
Երկու հազար տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը օրէ ցօր խաղաղութեան պակասէ կը տառապի։ Այսօր, 21-րդ սկիզբէն սկսեալ համատարած պատերազմներու սարսափը ամբողջ աշխարհը համակած է։ Գիտութեան զարգացումով, կործանարար զէնքերու զօրութիւնը կը բազմապատկուի, քանի որ աշխարհի վրայ ցարդ գերիշխող տրամաբանութիւնը այն է, որ խաղաղութեան երաշխիքը հակադիր ուժերու հաւասարակշռութեամբ կը պայմանաւորուի։ Աշխարհը դարեր շարունակ հաւատացած է, թէ ուժի գործադրութեամբ կարելի է երաշխաւորել խաղաղութիւնը։ Պայմանագրերով, օրէնսդրութեամբ եւ բիրտ ուժի գործադրութեամբ պայմանաւորուած խաղաղութեան այս ըմբռնումը ինքնին խաղաղութեան բացակայութեան պատճառն իսկ է։
Այդ պարագային, ու՞ր մնաց Սուրբ ծննդեան գիշերին երկինքին աւետած խաղաղութիւնը։ Եթէ մարդացեալ Փրկիչը՝ Քրիստոս Խաղաղութեան Իշխանն է, ինչո՞ւ համար խաղաղութիւնը բացակայ կը մնայ մարդոց կեանքէն. ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է, որ Քրիստոսի աւետած խաղաղութիւնը իրականութիւն դառնայ մարդոց կեանքին մէջ։
Քրիստոսի բերած խաղաղութիւնը տարբեր է աշխարհի ուզած խաղաղութենէն, որ պատերազմներու դադարեցում է եւ ոչ թէ պատերազմներու պատճառներուն անհետացում։
Քրիստոսի աւետած խաղաղութիւնը ամէն բանէ առաջ մարդուն ներսիդիէն կը սկսի, եւ ոչ թէ հակառակը։ Այնքան ատեն որ Քրիստոս չէ հրաւիրուած, չէ ծնած մեր կեանքէն ներս, մենք անհաղորդ կը մնանք երկնային խաղաղութեան։ Մինչդեռ երբ զՔրիստոս մեր կեանքերէն ներս կ’ընդունինք, այլ խօսքով, երբ Քրիստոսի Ծնունդը մեր հոգիներէն ներս տեղի կ’ունենայ եւ ոչ թէ՝ մեր տուներուն կամ այլուր շինուած մսուրներուն մէջ, այն ատեն իսկական խաղաղութիւնը կը տիրէ մեր կեանքերէն ներս։
Այդ Խաղաղութեան պայմանը Սէրն է, որ Աստուած մարդոց սիրոյն համար մարդացաւ, եւ մարդոց պատուիրեց սիրել ուրիշները մեր անձերուն պէս։ Աստուածային այդ Սէրն էր որ մարդեղանալով, Քրիստոս իբրեւ նոր Ադամ վերանորոգեց մեր մարդկային աղարտեալ բնութիւնը։ Խաղաղութեան պայմանաւորող երաշխիքը, Քրիստոսով նոր մարդ դառնալն է։ Այս մասին պերճախօս վկան ու պատգամողն է Պօղոս Առաքեալ, որ կ’ըսէ, «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է, այլեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ։ Եւ այս նորոգութիւնը կու գայ Աստուծմէ, Քրիստոսի միջոցաւ մեզ Իրեն հաշտեցուց եւ նաեւ պաշտօն տուաւ մեզի՝ ուրիշներուն ալ հաշտութեան բերելու» ( Բ. Կորնթացիս 5։17-18)։
Հետեւաբար Աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ մարդոց միջեւ հաճութեան նախապայմանը Քրիստոսով նորոգուիլն է, որ կը նշանակէ ապրիլ սիրոյ այն պատուիրանով որ Քրիստոս պատուիրեց։ Հետեւաբար, հարկ է որ Ս. Ծննդեան խորհուրդի իմաստը կեանքով արտայայտել, խաղաղութիւնը ներաշխարհին մէջ զգալ եւ հաշտ ապրիլ ուրիշներուն հետ, փոխանակ այլ տեղ եւ այլ կերպ փտնռելու զայն։
ԵԹԷ անշուշտ մարդ ընդունի նորոգուիլ եւ դառնալ Քրիստոսով նորոգուած նոր մարդ։
Ս. Ծննդեան առիթով, անգամ մը եւս կը կրկնենք եւ իբրեւ աղօթք կը վերառաքենք Խաղաղութեան Իշխանին՝ Քրիստոսին, Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հայրապետ՝ Ներսէս Շնորհալիի հոգիի քնարէն բխած «Առաւօտ Լուսոյ» հոգեւոր երգին մէկ սա տունը՝
Նորոգող հնութեանց,
Նորոգեա եւ զիս,
Նորոգ զարդարեա։
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Թեմին
Տօն Աստուածայայտնութեան