Օժանդակութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի՝ 21 Փետրուար 2018ի երեկոյեան ժամը 9ին, Թեսաղոնիկէի «Աթինէոն» թատերասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Անժէլ Գուրթեանի «Տետրակները» խորագրով մենախօսութեան ներկայացումը, բեմադրութեամբ՝ հանրայայտ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանի եւ կենդանի երաժշտութեամբ Յունաստանի մէջ հանրածանօթ երաժիշտ եւ յօրինող Հայկ Եազըճեանի, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ՝ օտար եւ հայ հանդիսականներու ու մանաւանդ թեսաղոնիկահայ համանքի հոծ բազմութեան։ Նշենք, որ սոյն մենախօսական թատրոնի բեմադրութեան իրենց ներկայութիւնը բերին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ շրջանի մէջ գործող միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու անդամ-անդամուհիներ։
Յայտնենք, որ մենախօսութիւնը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան եւ մենախօսութեան ու երաժշտութեան կողքին կը ցուցադրուէր Հայոց Ցեղասպանութեան դրուագներէն տեսահոլովակներ։
Մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին, մենախօսութեան կողքին լսուեցան հայկական եւ յունական երաժշտութիւն եւ երգ, ուր Խրիսթինա Ալեքսանեան իր հմտութեամբ եւ դերասանուհիի տաղանդով ու ապրումով հրաշալիօրէն ներկայացուց Անժէլ Գուրթեանի «Տետրակները» խորագրով ներկայացումը, իր կողքին ունենալով Յունաստանի մէջ հանրածանօթ երաժիշտ եւ յօրինող՝ Հայկ Եազըճեանը, որ Հայկական եւ Յունական երաժշտութեամբ եւ իր գեղեցիկ ձայնով հանդիսականներուն յուզում պատճառեց։ Աւարտին, հայ թէ օտար ներկաները ծափողջոյններով եւ անձնական բարեմաղթանքներով իրենց բարձր գնահատանքը յայտնեցին Դերասանուհիին եւ երաժիշտին ու մաղթեցին յարատեւ վերելք։
Ձեռնարկէն ետք, կազմակերպութեամբ՝ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, ի պատիւ հիւրերուն, «Cristopher» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ կոկիկ ընթրիքի հիւրասիրութիւն մը, ուր յանուն «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, պրն. Մարտիկ Մարտիկեան Գաղութի երիտասարդներէն՝ Յովիկ Գասապեանի կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը յանձնեց դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանին։ Ճաշարանէն ներս տիրեց ուրախ եւ երջանիկ մթնոլորտ, ուր Խրիսթինա Ալեքսանեան եւ Հայկ Եազըճեան միասնաբար երգեցին հայերէն եւ յունարէն ազգային եւ ժողովրդական երգեր։
Իրենց կարգին, Հայր Սուրբը, Թաղական Խորհուրդը եւ շրջանին մէջ գործող միութիւնները, հաստատութիւններն ու կառոյցները բարձրօրէն գնահատեցին Խրիսթինա Ալեքսանեանն ու Հայկ Եազըճեանը՝ անոնց կատարման համար եւ մաղթեցին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Նշենք, որ Կիրակի՝ 18 Փետրուար 2018ին, դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան մասնակցեցաւ Կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին։ Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբը բարի գալուստ եւ բարի կեցութիւն մաղթեց դերասանուհիին։ Իր կարգին, Խրիսթինա Ալեքսանեան յունարէն լեզուով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին եւ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր կատարելիք մենախօսական թատերական ներկայացման մասին։ Խրիսթինա Ալեքսանեան Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018ի կէսօրուան ժամը 2։00-3։00, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի FM100.6 ռատիոկայանի հայկական սփռումին արտակարգ հաղորդումին, հաղորդավարութեամբ գաղութի երիտասարդ ուժերէն Յովիկ Գասապեանի եւ ընկերակցութեամբ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհի Ռոզա Թերզեանի։
Յայտնենք, որ ներկայացումը շարունակուեցաւ նաեւ 22, 23, 24 եւ 25 Փետրուար 2018ի երեկոյեան ժամը 9ին, Թեսաղոնիկէի «Աթինէոն» թատերասրահէն ներս։
Թղթակից