Ք. ԷՔԻԶԵԱՆ

­Վե­րի բա­ռե­րը կը նկա­րագ­րեն այն պատ­կե­րը, որ մին­չեւ այ­սօր կը պա­հեմ ­Կա­րօ Ա­ւա­գեա­նէն, երբ իմ գի­տակ­ցա­կան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուս ծա­նօ­թա­ցած էի ա­նոր։
­Չէի կրնար զա­նա­զա­նել ե­թէ խո­ժոռ կեր­պա­րի մը ար­տա­յայ­տու­թիւնն էր, կամ նրբօ­րէն թաք­նո­ւած ժպի­տի մը ե­րե­ւու­մը ­Կա­րո­յի դէմ­քին վրայ։ Ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րուս, ան իմ առ­ջեւ կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս խիստ, պրկո­ւած ե­րե­սով անձ մը, մինչ ժա­մա­նա­կի գլո­րու­մին մէջ, ին­ծի կ­՚ե­րե­ւէր, թէ իր ժպի­տը ա՛լ ա­ւե­լի կը մեղ­մաց­նէր վաղ տա­րի­քի տպա­ւո­րու­թիւ­նը։
Այն ժա­մա­նա­կէն կը տես­նէի զինք հրա­պա­րա­կա­յին ա­մէն գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։
­Յատ­կան­շա­կան էին իր դէմքն ու ու­նե­ցած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ջղուտ շար­ժում­նե­րը ու իր շրջա­պա­տին մէջ ինք­զինք զգա­լի դարձ­նե­լու ոչ բռնազ­բօ­սիկ վար­մուն­քը։
­Չէի գի­տեր, որ ան ­Գո­քի­նիա ծնած ու հա­սակ նե­տած անձ մըն էր, սա­կայն երբ հին «­Զա­ւա­րեան»ին մէջ, ա­կու­թի տա­քուկ կրա­կին շուրջ բազ­մած, կը լսէինք վա­ղա­մե­րիկ Գ­րի­գոր եւ Ար­մե­նակ ­Մով­սէ­սեան­նե­րու զո­ւար­ճա­լի պատ­մո­ւածք­նե­րը, ա­հա՛ կը շրջէր ­Կա­րո­յի ա­նու­նը, մերթ որ­պէս սկաուտ խմբա­պետ, մերթ որ­պէս «­Զա­ւա­րեան»ի մէջ յա­ճա­խող ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու, ու ան­վերջ կը զո­ւար­ճա­նա­յինք այն բո­լոր պա­տա­հար­նե­րով, ո­րոնք սկաու­տա­կան ու ակմ­բա­յին հա­րուստ կեան­քի մը մաս­նի­կը դար­ձան տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ, ­Կա­րո­յին ու ա­նոր նման նո­ւի­րեալ խմբա­պետ­նե­րու ան­խոնջ ծա­ռա­յու­թեամբ։
­Կը յի­շեմ իր յատ­կան­շա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Հա­մազ­գա­յի­նի երգ­չա­խում­բին մէջ, զա­նա­զան խմբա­վար­նե­րու խնամ­քին տակ։ ­Տա­կա­ւին կը պա­հեմ այն պատ­կեր­նե­րը, երբ դեռ մեր խակ ե­րի­տա­սար­դա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րուն, ա­ւե­լի կը տա­րո­ւէինք եր­գող­նե­րու շար­ժու­ձե­ւե­րուն վրայ կեդ­րո­նաց­նե­լով մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը, քան թէ ըմ­բոշխ­նե­լու եր­գի մա­տու­ցած հա­ճոյ­քը։ Այն ա­տեն, չէի կրնար ե­րե­ւա­կա­յել, թէ հայ եր­գի ու հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան մնա­յուն սի­րա­հար մը տա­րի­ներ յե­տոյ կա­մա­ւո­րա­պէս իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի պի­տի դարձ­նէր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դպրաց դա­սե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան պա­հե­րուն, ու այս ան­գամ՝ իր շար­ժու­ձե­ւե­րուն ու եր­գե­լու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն պի­տի հե­տե­ւէի տար­բեր դիր­քե­րէ։
Ա­ռի­թը ու­նե­ցայ ծա­նօ­թա­նա­լու իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան մէջ։ ­Տի­րա­կան էր իր ներ­կա­յու­թիւ­նը, ան­վերջ միտք մը ար­տա­յայ­տե­լու, գոր­ծեր զբա­ղեց­նե­լու, ե­կե­ղե­ցին բա­րե­զար­թե­լու ծրա­գիր­ներ կը շրջէին իր մօտ՝ կա­ռոյ­ցը միշտ շէն պա­հե­լու մտա­հո­գու­թեամբ։ Այն տա­րի­նե­րուն, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ բազ­միցս կազ­մա­կեր­պո­ւած ըն­կե­րա­յին հա­ւաք­նե­րուն ըն­թաց­քին, որ­քա՜ն կը լսո­ւէր ­Կա­րո­յի ձայ­նը որ­պէս թա­մա­տա՝ խան­դա­վա­ռող ու մթնո­լորտ ստեղ­ծող։ Խս­տա­դատ ժպիտ էր ար­դեօ՞ք, կա՞մ ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն մը կա­տա­րո­ղի գո­հու­նակ ցոլ­քը։ ­Հա­կա­ռակ իր ու­նե­ցած յատ­կու­թիւն­նե­րուն, միու­թե­նա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան կեան­քին մէջ ձեռք բե­րած կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ ե­սա­կեդ­րոն կամ ինք­նա­հա­ւան անձ մը չդար­ձաւ։ ­Գի­տէր գնա­հա­տել ե­րի­տա­սարդ տար­րե­րը. բա­րի խօս­քով մը կամ խրա­խու­սիչ թե­լադ­րան­քով մը գի­տէր ա­ւե­լի ո­գե­ւո­րել միու­թե­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րեւ­ցող նո­րա­կոչ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­ւե­լի տո­գո­րո­ւին ու ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­մե­նա­լա­ւը մա­տու­ցեն ազ­գա­յին եւ կու­սակ­ցա­կան կեան­քէն ներս։
Խս­տա­դատ էր իր ժպի­տը, բայց ո՛չ նե­ղացնող. յոր­դո­րա­կան ան­կեղծ պա­տո­ւէր մը կար ա­նոր մէջ, որ ա­կա­մայ սխալ­նե­րուն հա­մար ուղ­ղու­թիւն մը ճշդէր, միա­ժա­մա­նակ՝ տո­գո­րե­լու եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու շունչ մը կը պար­գե­ւէր դի­մա­ցի­նին։
Ան­ձանձ­րոյթ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը կար­դա­յի իր նկա­րագ­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րը գա­ղու­թի հին տա­րի­նե­րուն մա­սին, մաս­նա­ւո­րա­պէս այն ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար, որ ինք ա­ռա­տօ­րէն ապ­րե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան, մշա­կու­թա­յին, միու­թե­նա­կան կեան­քի այն ծաղ­կուն տա­րի­նե­րը, երբ ա­կումբ­նե­րը մշտա­նո­րոգ մե­ղո­ւա­փե­թակ­ներն էին հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հան­րա­յին հե­տաքրքրու­թիւն­նե­րուն ու ի­մա­ցա­կան աշ­խար­հին։
Իր մա­հէն ետք, ան­գամ մը եւս վե­րա­դար­ձայ «Ա­զատ Օր»-ի հին է­ջե­րուն ու նոյն հե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի այն հա­մեղ նկա­րագ­րա­կան յօ­դո­ւա­ծը, որ ա­մե­նայն խղճմտու­թեամբ ու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով գրած էր «­Զա­ւա­րեան» նո­րա­կա­ռոյց կեդ­րո­նի 20-ա­մեա­կի նշու­մին ա­ռի­թով։ ­Քա­նի՜ ան­ձեր, որ­քա՜ն յոր­դա­ռատ յի­շո­ղու­թիւն­ներ, ման­րա­մասն նկա­րագ­րո­ւած պա­հեր ու ապ­րում­ներ։ Իս­կա­կան պատ­մու­թիւն մըն էր նկա­րագ­րո­ւա­ծը, ա­տաղձ ու հում նիւթ, հա­մե­մո­ւած այն օ­րե­րու յու­զա­կան մթնո­լոր­տով։
Իր գրու­թիւն­նե­րը կար­դա­լով, կա­րե­լի չէ չնշմա­րել յատ­կու­թիւն մը եւս, որ այդ սե­րունդ­նե­րուն մօտ զար­գա­ցաւ։ Գ­րե­լու, հա­յե­րէն գրա­ւոր խօս­քին ե­րանգ տա­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նէր ան, ա­ռանց հայ­կա­կան մաս­նա­ւոր դպրոց­ներ ա­ւար­տած ըլ­լա­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան։ Ար­դէն ինքն է, որ կը վկա­յէ.-
«­Բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցանք նո­ւի­րեալ եւ անձ­նու­րաց ու­սու­ցիչ­նե­րու՝ ­Սօս-­Վա­նիին, ­Սար­գիս եւ Օն­նիկ ­Զա­քա­րեան­նե­րուն, ­Սեդ­րակ ­Բա­րա­ղա­մեա­նին, Գ­րի­գոր ­Պար­թե­ւեա­նին, Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեա­նին, ­Գե­ղա­նուշ Աւ­շա­րեա­նին շուն­չին տակ մեծ­նա­լու եւ թրծո­ւե­լու որ­պէս մարդ եւ որ­պէս հայ ան­հատ։ Ան­վա­րան կրնամ խոս­տո­վա­նիլ, թէ մեր նա­խակր­թա­րա­նը այդ տա­րի­նե­րուն երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի մա­կար­դա­կին հա­սած էր…»։
Այս մե­ծե­րուն ու դաշ­նակ­ցա­կան այլ հսկա­նե­րու շուն­չով կա­ղա­պա­րո­ւե­ցաւ ­Կա­րոն, ո­րուն ժուժ­կալ կեան­քը մնաց հան­րա­յին սահ­ման­նե­րուն մէջ, ա­նի­մաստ պեր­ճանքն ու շռայլ վա­յելք­նե­րը հե­ռու պա­հե­լով իր կեն­ցա­ղէն ու նո­ւի­րու­մէն։
­Սի­րե­լի՛ ­Կա­րօ, ա­ւե­լի գրել քու մա­սին, հա­մես­տու­թիւնդ վի­րա­ւո­րե­լու աս­տի­ճա­նին կը հաս­նի։
­Պի­տի մնամ յի­շե­լով «խստա­դատ» ժպիտդ, թե­լադ­րանք­ներդ, քա­ջա­լե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներդ, գրու­թիւն­նե­րուդ մէ­ջէն ցայ­տող սէ­րը դէ­պի գա­ղու­թի հա­մայ­նա­կան կեան­քը, ո­րուն մէկ ան­բա­ժան մաս­նի­կը ե­ղար՝ ու ան­ցար…։