21 եւ 22 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ա­թէն­քը կը հիւ­րըն­կա­լէ Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի մօտ 50 ան­դամ-եր­կիր­նե­րու, գոր­ծա­կից եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ նոյն խորհր­դա­րան­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի քան 300 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք ի մի հա­ւա­քո­ւած են Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին ու ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին հրա­ւէ­րով։ ­Հոն կը քննո­ւին այժ­մէա­կան խնդիր­ներ, ո­րոնց գլխա­ւո­րը կը հան­դի­սա­նայ ­Թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան մի­ջազ­գա­յին տագ­նա­պի դի­մագ­րա­ւու­մը։
­Ժո­ղո­վը կը կրէ նաեւ իւ­րա­յա­տուկ խորհր­դան­շա­կան ար­ժէք, քա­նի որ այն կը գու­մա­րո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 200-րդ ­յո­բե­լեա­նի փա­ռա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս։
­Հա­յաս­տանն ալ՝ իր կար­գին, մաս­նակ­ցու­թիւն կ­՚ու­նե­նայ բազ­ման­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը, զոր կը գլխա­ւո­րէ Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­լէն ­Սի­մո­նեան եւ ա­նոր մաս կը կազ­մեն պատ­գա­մա­ւոր­ներ ու Ա.Ժ. նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կան­նե­րու խումբ մը։ ­Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րէն կը կար­դանք, որ բա­ցի իշ­խա­նա­կան հա­տո­ւա­ծի պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Սի­սակ ­Գաբ­րիէ­լեա­նէն, ­Գէորգ ­Պա­պո­յեա­նէն եւ ­Վա­հագն Ա­լեք­սա­նեա­նէն, կը մաս­նակ­ցին Ա.Ժ. աշ­խա­տա­կազ­մի պա­տաս­խա­նա­տուն ու ա­նոր փո­խա­նոր­դը, աշ­խա­տա­կազ­մի ա­րա­րո­ղա­կար­գի ու ար­տա­քին կա­պե­րու վար­չու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, Ա.Ժ. նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կանն ու մա­մու­լի քար­տու­ղա­րը, ինչ­պէս նաեւ այլ աշ­խա­տա­կից­ներ, կազ­մե­լով 13 հո­գի­նոց պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը։ ­Նոյն խում­բը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն պի­տի կա­տա­րէ ­Կիպ­րոս՝ 23-26 ­Հոկ­տեմ­բե­րին։
Բ­նա­կա­նա­բար, լու­րը կար­դա­լով, միայն գո­հու­նա­կու­թիւն կա­րե­լի է զգալ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յու­թեան հա­մար։ ­Սա­կայն, այդ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը շու­տով կը սպա­ռի երբ յայտ­նի կ­՚ըլ­լայ, թէ երկ­րի մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րու գլխա­ւոր ար­տա­յայ­տիչ ու պա­հա­պան հաս­տա­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այն­քան ալ ժո­ղովր­դա­վար ընտ­րանք­ներ չէ կա­տա­րած՝ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մէն դուրս ձգե­լով խորհր­դա­րա­նա­կան մնա­ցեալ ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այ­սինքն, ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նկա­տի չեն առ­նո­ւած այս կա­րե­ւոր ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կազ­մին մէջ, տեղ տա­լով միայն իշ­խա­նա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան։
Եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քի հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հաս­տատ­ման, խորհր­դա­րա­նա­կան բազ­մա­ձայ­նու­թեան դէմ ե­ղող այս քայ­լը հայ­րե­նի մեր պե­տու­թեան վար­կին հա­րո­ւած տա­լու փորձ մըն է ան­կաս­կած։ Եւ­րո­պա­յի մէջ ծնունդ ա­ռած եւ զար­գա­ցած հա­մա­մարդ­կա­յին սկզբունք­նե­րը կը թե­լադ­րեն, որ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րը յար­գի դառ­նան բո­լոր այն պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք այ­սօր կ­՚ըն­դու­նին եւ­րո­պա­կան ար­ժե­հա­մա­կար­գը, իսկ ա­նոնք պե­տա­կա­նօ­րէն մաս­նա­կից կը դառ­նան հա­մեւ­րո­պա­կան միա­ցեալ ծրա­գիր­նե­րու ամ­բող­ջա­կան տա­րա­ծու­մին։ Ար­ժէք­ներ, ո­րոնք տա­կա­ւին ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան օ­րե­րէն, ­Յու­նաս­տա­նի դա­սա­կան միտ­քի էու­թե­նէն բխող, եւ­րո­պա­կան լիի­րաւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մեծ ա­լի­քին բա­ղադ­րիչ­ներն են, որ կը յատ­կան­շեն տո­ւեալ ցա­մա­քա­մա­սին վրայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ջո­ղու­թիւ­նը։
Իսկ ­Հա­յաս­տա­նը շա­տոնց ցոյց տո­ւած է պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն մաս­նա­կից դառ­նա­լու եւ­րո­պա­կան ամ­բող­ջաց­ման գա­ղա­փա­րին, երկ­րի պե­տա­կան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը դնե­լով եւ­րո­պա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մայ­նա­կան ու­ղիին վրայ։
­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի իշ­խող հա­տո­ւա­ծի եւ յատ­կա­պէս ա­նոր նա­խա­գա­հի ընտ­րանք­ներն ու կա­մա­յա­կան ո­րո­շում­նե­րը խորհր­դա­րա­նէն ներս, մէկ ա­ւե­լի ա­նըն­դու­նե­լի կը դառ­նան, երբ կար­գը կու գայ հայ­րե­նի խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նե­լու մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ։ Եւ­րո­պա­կան չա­փա­նի­շե­րու ի­րո­ղու­թեան տակ, ան­հան­դուր­ժե­լի է երկ­րի մը խորհր­դա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ներ­կա­յու­թիւ­նը նոյ­նաց­նել իշ­խող ու­ժի սե­փա­կան ընտ­րանք­նե­րու ու կա­մա­յա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու ա­պա­ռողջ մթնո­լոր­տին հետ։
Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը պէտք է նկա­տի առ­նէ, թէ երկ­րի մը խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ու ա­նոր ու­ղեկ­ցող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը տո­ւեալ երկ­րի վար­կին բարձ­րաց­ման հա­մար ջա­նա­ցող միա­ւոր­ներ են, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րու ար­տա­յայ­տիչ­նե­րը եւ բազ­մա­ձայ­նու­թեան պա­հա­պան­նե­րը։ Երբ ղե­կա­վար­նե­րը կ­՚ան­տե­սեն խորհր­դա­րա­նի մը բազ­մա­ձայ­նու­թեան ե­րաշ­խի­քը հան­դի­սա­ցող ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ի սկզբա­նէ այդ երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան զար­գա­ցու­մը ձա­խո­ղու­թեան յոր­ձա­նու­տին մէջ նե­տած կ­՚ըլ­լան։
Իսկ, երբ խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի տեղ կու տայ խորհր­դա­կան­նե­րու եւ պաշ­տօ­նեա­նե­րու քան թէ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, ար­դէն այդ ե­րե­ւոյ­թը կը յի­շեց­նէ ան­ցեա­լի պա­տեան­նե­րու օ­րե­րէն մնա­ցած՝ դի­ւա­նա­կա­լու­թեան մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ձու­լե­լու հին գոր­ծե­լա­ձե­ւը, որ տա­կա­ւին հե­ռու է եւ­րո­պա­կան չա­փա­նի­շե­րու ըն­կա­լու­մէն եւ գոր­ծադ­րու­թե­նէն։
­Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քին թե­րի ե­ղած է, ըստ ա­մե­նայ­նի։
Կ­՚ակն­կա­լենք, որ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը իր առ­ջեւ ու­նե­նա­լով եւ­րո­պա­կան մնա­ցեալ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը, այ­սու­հե­տեւ պի­տի գի­տակ­ցի, թէ եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ բազ­մա­ձայ­նու­թեան ար­ժե­հա­մա­կար­գը նախ պէտք է բազ­մած ըլ­լայ իր իսկ ա­թո­ռին վրայ։