Շո­ւէ­տի ­Թա­գա­ւո­րու­թեան խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Քեն­նեթ ­Ֆորշ­լուն­տի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով ­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի, 7 ­Փետ­րո­ւա­րին ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ ­Զա­քա­րեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր: ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն կը յայտ­նեն, որ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ եւ մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գե­ցին նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը: ­Հիւ­րե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկ եւ ծա­նօ­թա­ցան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը փաս­տող վա­ւե­րագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ լու­սան­կար­նե­րուն: ­Շո­ւէ­տա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պե­ցան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ար­տա­քին հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն հետ: Ա­նոնք նաեւ հան­դի­պե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ: