The Promise
Յունաստանի տարածքին կը սկսի «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը
Յառաջիկայ Հինգշաբթի՝ 12 Հոկտեմբերին, Յունաստանի բազմաթիւ շարժապատկերի սրահներու մէջ, կը սկսի The Promise «Խոստումը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։
Ամերիկայի, Գանատայի, Լոնտոնի, Վատիկանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ արդէն ցուցադրուած ժապաւէնը իր յաջող ընթացքը ապահոված է՝ յաղթահարելով թրքական լոպիի հակազդեցութիւնները, նոյնիսկ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը խափանելու բազմաթիւ փորձերը։
Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի հետեւեալ սրահներուն մէջ։
Թելադրելի է շուտով այցելել, մեր յոյն բարեկամներուն հետ
12 Οκτωβρίου
ΑΠΟΛΛΩΝ ΚΑΒΑΛΑ
ΑΠΟΛΛΩΝ ΚΟΡΙΝΘΟΣ
ΑΝΕΣΙΣ ΜΑΛΕΣΙΝΑ
ΕΥΚΑΡΠΙΔΗΣ ΚΑΤΕΡΙΝΗ
ΣΤΑΡ ΒΕΡΟΙΑ
MEGAPLACE XANIA
ΒΙΚΤΩΡΙΑ ΛΑΡΙΣΑ
CINEMA AMALIADA
Β.ΚΟΡΝΑΡΟΣ ΗΡΑΚΛΕΙΟ
ΤΕΧΝΟΠΟΛΙΣ ΗΡΑΚΛΕΙΟ
ΕΛΛΗΝΙΣ ΧΑΝΙΑ
ΟΛΥΜΠΙΟΝ ΚΟΖΑΝΗ
ΟΡΦΕΥΣ ΠΥΡΓΟΣ
ΤΗΛΕΜΑΧΟΣ ΤΡΙΚΑΛΑ
CINEPLEXX ΘΕΣΣ/ΚΗ
ΒΑΚΟΥΡΑ ΘΕΣΣ/ΚΗ
ΚΟΛΟΣΣΑΙΟΝ ΘΕΣΣ/ΚΗ
CINEVILLE ΤΡΙΠΟΛΗ
ΜΙΝΩΑ ΣΗΤΕΙΑ
PREMIERE XIOS
ΟΛΥΜΠΙΑ ΔΡΑΜΑ
ΚΡΟΝΙΟΝ ΣΕΡΡΕΣ
ΠΑΝΘΕΟΝ ΠΑΤΡΑ
ΠΑΝΤΕΛΗΣ ΡΕΘΥΜΝΟ
ODEON TALOS
ODEON PARALIMNIO
ODEON XANTHI
ODEON KOMOTHNH
ODEON MAKEDONIA
ODEON STARCITY
ODEON VESOMARE
VILLAGE RENTI
VILLAGE FALIRO
VILLAGE MALL
VILLAGE COSMOS
ΟΝΕΙΡΟ ΡΕΝΤΗ
ΣΤΟΥΝΤΙΟ ή AΛΚΥΟΝΙΣ
ΑΝΟΙΞΙΣ ΧΑΙΔΑΡΙ
ΟΝΑΡ
ΑΛΕΞΑΝΔΡΑ ΧΑΛΑΝΔΡΙ
ΤΑΙΝΙΟΘΗΚΗ
ΛΑΜΠΡΟΣ ΚΩΝΤΑΝΤΑΡΑΣ
ΟΣΚΑΡ
3 ΑΣΤΕΡΙΑ
ΑΙΓΛΗ ΧΑΛΑΝΔΡΙ
ΑΘΗΝΑΙΟΝ
CINEPOLIS
NANA
ΣΠΟΡΤΙΓΚ
ΑΕΛΛΩ
ΚΗΦΙΣΙΑ
19 Οκτωβρίου
ΗΛΥΣΙΑ ΑΛΕΞ/ΠΟΛΗ
ΦΕΣΤΙΒΑΛ ΝΑΟΥΣΑΣ
CINEMACENTER SPARTI
ΓΑΛΑΞΙΑΣ ΛΑΜΙΑ
CINECENTER KALAMATA
ΟΡΦΕΥΣ ΚΩΣ
ΦΩΣΚΟΛΟΣ ΖΑΚΥΝΘΟΣ
26 — 29 Οκτωβρίου
CINELUX ΦΙΛΙΑΤΡΑ
VILLAGGIO SANTORINI
Ահա թէ ինչ կ’ըսեն Հոլիվուտի անուանի աստղերը ժապաւէնի մասին.-
Շէր (Շերիլին Սարգիսեան) ծագումով հայ է: Ժապաւէնը դիտելէն ետք, ան իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած էր.- «Այս ժապաւէնը կոտրեց սիրտս, եւ ոչ միայն հայերու համար, այլ բոլոր անոնց, որոնք տառապած են, կորսնցուցած են իրենց սիրելիները: Մենք բոլորս ծաղիկներ ենք, որոնք գեղեցիկ են փունջի մէջ»:
Հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունի եւ անոր կինը` մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ամալ Քլունի, ներկայ գտնուած են ժապաւէնի լոնտոնեան ցուցադրութեան: Ամալ Քլունի յայտնի է թրքական ժխտողականութեան դէմ փաստաբանական իր նշանակալի ներդրմումով:
Լէոնարտօ տի Քափրիօ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած էր.- «Օսքար Այզեք, Քրիսթիան Պէյլ եւ Շարլոթ լէ Պոն, Թերի Ճորճի ղեկավարութեամբ, անկրկնելի ներկայացում բեմադրած են «Խոստումը» ժապաւէնին մէջ: Կ՛ողջունեմ ամբողջ խումբը` առասպելական արտադրող Մայք Մետաւոյի գլխաւորութեամբ, որուն տաղանդն ու նուիրուածութիւնը կեանքի կոչեցին այս կարեւոր ծրագիրը»:
«Ես կը միանամ «Խոստումը» ժապաւէնին ու կը խոստանամ երբեք չմոռնալ»,- իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած էր երգչուհի Պարպրա Սթրէյզընտ:
Էլթըն Ճոն թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր.- «Ուրախ եմ յայտարարելով «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրման մեկնարկին մասին: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Կը միանամ «Խոստումը» պահելու շարժման եւ կը խոստանամ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, արժանապատուութիւնը եւ հաւասարութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ ժապաւէնի ամբողջ հասոյթը պիտի օգտագործուի բարեգործական նպատակով, քանի որ կը կարծեմ, թէ ոչ ոք պէտք է լքուի»:
Սիլվեսթըր Սթալոնէ, անդրադառնալով ժապաւէնին, գրած էր.- «Արտակարգ ժապաւէն պիտի ցուցադրուի: Սա այնպիսի նիւթ է, որմով հիացած եմ տասնամեակներէ ի վեր, եւ շատ տարիներ պէտք էին՝ զայն ժապաւէնի վերածելու համար: Սա ճշմարիտ եւ անհաւատալի կարեւոր պատմական ողբերգութիւն է, որ ունի բոլոր իւրօրինակ բաղադրիչները, որոնք կրնան ժապաւէնը բարձրացնել «Օսքար»ի մակարդակին: Քրիսթիան Պէյլ եւ Օսքար Այզեք իրենց դերերը կատարեալ կը խաղան: Առանձնակի պէտք է նշել նաեւ առասպելական արտադրող Մայք Մետաւոյի դերը, որ կրցաւ այս ծրագիրը կեանքի կոչել»:
Անուանի թենիսիստ Անտրէ Աղասի նոյնպէս իր աջակցութիւնը յայտնած է ժապաւէնին: «Ուրախ եմ, որ Քըրք Քըրքորեանի մտադրութիւնը կեանքի կոչուեցաւ: Օգնեցէք ինծի պահելու անոր «Խոստումը»,- թուիթըրի մէջ գրած էր թենիսիստը: Ժապաւէնին իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ դերասան Թոնի Կոլտուին: Ան թուիթըրի մէջ գրած է.- «Կը կատարենք «Խոստումը»` ամէն օր հոգ տանելով մեր մտերիմներուն: Ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը` Ապրիլ 21ին, իսկ ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի բարեգործութեան»:
Յայտնի հոլիվուտեան դերասան Ռայեան Կոսլինկ միացած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ժապաւէնին նուիրուած քարոզարշաւին: Ան «կատարէ խոստումդ» գրած է` աջակցութիւն յայտնելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ: Կոսլինկ տեսահոլովակ հրապարակած է Twitterի մէջ այդ մասին: «Պատերազմը Քոնկոյի մէջ ամենամահաբերը դարձաւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք: Կը խոստանամ կատարել խոստումս` սատարել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ»,- ըսած է Կոսլինկ: