ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ — «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
«Եթէ կ՚ուզենք Մեծ Եղեռնը պէտք եղած ձեւով նշել, պէտք է ցնցենք աշխարհը: Քաղաքականօրէն դժուար թէ այդ մէկը ի վիճակի ըլլանք ընելու: Բայց ուրիշ ասպարէզ մը կայ, ուր կարելի է նման բան իրագործել: Այդ մէկը արուեստն է, աւելի ճիշդ ըլլալու համար՝ այսօր արուեստի ամենատարածուած ու ազդող տեսակը՝ շարժապատկերը, Մեծ Եղեռնի մասին շարժապատկերի մը ստեղծումը, շարժապատկեր մը՝ որ նախընտրելի է իրագործուի ոչ թէ հայերու կողմէ, շարժապատկեր մը՝ որուն մէջ ընդգրկուին Հոլիվուտի մեծ անուններ, հայկական «Շինտլերի Ցանկ» մը: Ահա՛ եթէ յաջողինք նման բան մը իրագործելու, այդ ատեն աշխարհը ցնցած կ՚ըլլանք. այդ ատեն է, որ Մեծ Եղեռնը կը դառնայ ոչ թէ միայն մասնագէտներու ու որոշ զանգուածներու կողմէն ճանչցուած իրականութիւն, այլ լայնօրէն ընդունուած եղելութիւն»:
Այս մէջբերումը քաղուած է յօդուածէ մը, որ գրուած էր իմ կողմէս եւ հրատարակուած «Հայրենիք» եւ «Mirror Spectator» թերթերուն մէջ 2013ին: Այդ ժամանակ մտահոգութիւն յայտնած էի, թէ արդեօ՞ք պէտք եղած ձեւով ի վիճակի պիտի ըլլայինք նշելու Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը 2015ին: Ուրախ եմ խոստովանելու, ու չնայած այն բանին որ շարժապատկեր մը չիրականացուեցաւ 2015ին, որ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը միջազգային աղմուկ հանեց ու դարձաւ լրատուական մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր նիւթերէն մէկը: Այս մէկը երկար տարիներու մեր ճիգին արդիւնքն էր: Ասոր մէջ իր հիմնական դերը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսիսկոս Պապի յայտարարութիւնը: Ուրիշ ազդակ մը, որ օգնեց եւ կ՚օգնէ ցեղասպանութեան նիւթին տարածումին, Թուրքիոյ դիմադրութիւնն է Ցեղասպանութեան ճանաչման որեւէ փորձի: Ինչքան հակասական թուի այս մէկը, ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ ընթացքը աւելի կը մղէ լրատուական միջոցներուն, որպէսզի անդրադառնան Ցեղասպանութեան: Լրատուական միջոցները հակադրութիւններ, վիճաբանութիւններ եւ սքանտալներ կը սիրեն: Ատոնք պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդիկ աւելի մեծ թիւերով ու ուշադրութեամբ հետեւին լուրերուն: Ահա՛ Թուրքիոյ դիմադրութիւնը նման իրավիճակներ կը ստեղծէ: Եթէ Թուրքիան նման ընթացք մը չունենար, վստահ եմ որ Ցեղասպանութեան հարցը աւելի քիչ ուշադրութեան պիտի արժանանար: Իրականութեան մէջ Թուրքիան անել վիճակի մը առջեւ կը գտնուի: Ընդունի Ցեղասպանութիւնը կամ ոչ, երկուքն ալ գէշ են իրեն համար: Ամենայն դէպս կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ընդունումը մօտիկ չէ, մանաւանդ նկատի առնելով որ այս օրերուս Թուրքիան խալիֆայութեան մը կը վերածուի իր սուլթանով՝ Էրտողանով:
Թող մեզի չխաբեն թուրք մտաւորականներու խոստովանութիւնները, որոնք փոքրամասնութիւն են: Թուրքիան իր քաղաքական ղեկավարութեամբ, վերնախաւով ու ժողովուդի մեծամասնութեամբ դեռ նշաններ չի տար, որ Ցեղասպանութեան ընդունման ճամբուն վրայ է:
Գլխաւոր հարցումը հետեւեալն է. արդեօ՞ք Թուրքիան ատակ է քաղաքակիրթ աշխարհին մաս կազմելու:
Պատմական խորքէն նայելով՝ Թուրքիոյ շահերէն կը բխի Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այսպէ՛ս կը մտածեն բարոյական եւ տրամաբանող մարդիկ: Բայց Թուրքիոյ պարագային, գոնէ առ այժմ, այդ մէկը անիրագործելի կ՚երեւի:
Վերադառնալով յօդուածի բուն նիւթին, որ «Խոստումը» շարժապատկերն է, կրնանք տեսնել, որ ան երկարաժամեայ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Որպէս հայ՝ կրնանք առարկութիւններ ունենալ որոշ կէտերու շուրջ: Օրինակ. կրնանք ըսել , որ ասկէ հարիւր տարիներ առաջ գաւառէն դեռ նոր եկած երիտասարդ մը, որ արդէն ամուսնութեան պարտաւորուած խոստում մը տուած էր, պիտի չհամարձակէր սիրային յարաբերութիւն ունենալ՝ ուրիշ անձի մը հետ արդէն յարաբերութեան մէջ եղած երիտասարդուհիի մը հետ: Կրնանք ըսել, որ Սիրուն գիւղը հայկական գիւղի մը տեսքը չունէր, առաւել որ հոն եկեղեցի մը չէր երեւեր: Կրնանք ըսել, որ հայ առաքելական հոգեւորականին տրուած էր երկրորդական դեր՝ Մուսա Լերան հատուածին մէջ: Վերջապէս կրնանք ըսել, թէ ինչո՞ւ սիրային պատմութիւնը պէտք է ըլլար «սիրային եռանկիւն»ի ձեւով ու ոչ թէ հայկական աւանդական ընտանեկան արժէքները ցոյց տուող պատմութեամբ մը: Կրնանք այս բոլորը եւ աւելին ալ ըսել: Նախ՝ պէտք է պարզել, թէ ինչո՞ւ նման բացթողումներ եղած են: Այդ ընելէ ետք, ապագային՝ նման անճշդութիւնները շտկել: Միւս կողմէ կրնանք առարկել, թէ որպէս արուեստի գործ՝ շարժապատկերը գլուխ-գործոց մը չէր: Բայց անկախ այս հանգամանքներէն պէտք է նկատի առնենք, որ «Խոստումը» Ցեղասպանութեան մասին առաջին շարժապատկերն է պատրաստուած Հոլիվուտի մէջ եւ ոչ-հայերու կողմէ ու, այս պատճառով, շատ կարեւոր քայլ մը կը հանդիսանայ: Չմոռնանք, որ Հրեաներուն Ողջակիզման նուիրուած շարժապատկերներուն մեծ մասը «Շինտլըրի Ցանկ»ին գեղարուեստական արժէքը չունին:
Հոս կ՚արժէ նշել «Խոստումը» շարժապատկերին արժանիքները. դերասաններուն յաջող ընտրութիւնը, շարժապատկերին պատմութեան յաջող շաղկապումը սկսած Պոլիսէն մինչեւ Մուսա Լեռ ու Ամերիկա, մեր դրական յատկանիշներուն ցուցադրումը (ընտանիքներուն ներքին զօրաւոր կապուածութիւնը, մեր մշակոյթին գեղեցկութիւնը, մեր հերոսութիւնն ու ապրելու եւ արագ վերականգնելու բացառիկ մեր կամքը) եւ, ամէնէն կարեւորը, թրքական ոճիրին յստակ ու համոզիչ ձեւով բացայայտումը…եւ այլն:
Կարեւոր հանգամանք մըն է, նաեւ, ամերիկացի տարբեր կերպարներու դրական ներկայութիւնն ու դերը:
Բեմադրիչ Թերի Ճորճ՝ կարծէք, թէ կռահելով որ շարժապատկերը նիւթական մեծ յաջողութիւն պիտի չունենայ, կարեւոր քայլ մը առած է շարժապատկերին բովանդակութեան կապակցութեամբ: Ան վայրագ տեսարանները յատուկ ճիգով մեղմացուցեր է, որպէսզի կարելի ըլլայ շարժապատկերը ցուցադրել դպրոցներու մէջ: Ի՜նչ խելացի քայլ: Այս պատճառով շարժապատկերը արտօնուած է նայիլ տասներեք տարեկանէն սկսեալ (PG-13): Այսպիսով՝ դպրոցականներ առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու Ցեղասպանութեան՝ շարժապատկերի մը միջոցաւ, որ շատ աւելի ազդեցիկ է, քան գիրքերը:
Ահա՛ մեր յաջորդ պարտականութիւնը, որ պէտք է ընենք հո՛ս Ամերիկայի մէջ եւ ամէնուրեք: Ես կը կարծեմ, որ այս մէկը իրագործելի պիտի ըլլայ: Սերունդներ պիտի դաստիարակուին Ցեղասպանութեան պատմութեամբ, շարժապատկերի նման ազդեցիկ միջոցով մը: Միւս կողմէ գիտենք, թէ շարժապատկերները չեն վերցուիր: Ատոնք կը հրապարակուին սկաւառակներով, կը ցուցադրուին հեռատեսիլի կայաններով, հասանելի կ՚ըլլան համացանցին վրայ: Ասոր վրայ չմոռնանք աւելցնելու զանազան հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ, որոնք զուգակցեցան շարժապատկերին ցուցադրման սկսելուն:
Յստակ է. «Խոստում»ին ե՛ւ մօտակայ, ե՛ւ հեռակայ ազդեցութիւնը մեծ է եւ լայնածաւալ:
Ուրիշ շատ կարեւոր կէտ մը, որ կապուած է «Խոստում»ին հետ, ատոր ազդեցութիւնն է մեր երիտասարդ սերունդին վրայ. ուրիշ խօսքով՝ հայապահպանութեան գործին վրայ:
Այս մասին շատ բան չի լսուիր շարժապատկերին հետ կապուած քննարկումներուն մէջ: Հայաշատ ու հայախօս գաղութները կրնան այս մէկը շատ չզգալ: Գալով օտարալեզու ու առանձնացած գաղութներուն, «Խոստումը» կարեւոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ շատերուն վրայ, որպէսզի վերադառնան իրենց արմատներուն, կամ՝ գոնէ սկսին հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու իրենց ազգային ինքնութեան նկատմամբ: Մասաչուսէցի փոքրիկ գաղութին մէջ արդէն նման նշաններ կը նկատեմ:
Բայց ամէնէն կարեւոր կէտը անդրադառնալն է «Խոստումը» իրականացնող «մեղաւոր»ին:
Մենք լաւ գիտենք, թէ վերջին տարիներուն Հոլիվուտի մէջ փորձեր եղան Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը արտադրելու: Լսեցինք, որ Սիլվեսթըր Սթալոնը, Նաթալիա Փորթմանը եւ ուրիշներ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էին նման շարժապատկերի մը մէջ դեր խաղալու: Ո՛չ մէկ փորձ յաջողութեան հասաւ եւ մենք լաւ գիտենք, թէ ինչո՛ւ. որովհետեւ Թուրքիա ամէն ձեւով արգելքներ ստեղծեց, որպէսզի նիւթական միջոցներ չյատկացուին նման ծրագիրի մը ու յաջողեցաւ, բայց ոչ «Խոստում»ի պարագային: Պատճառը այն հանգամանքն էր, որ սկիզբէն արդէն «Խոստում»ին արտադրութեան համար անհրաժեշտ հարիւր միլիոն տոլարի գումարը տրամադրուած էր ու այդ գումարը նուիրողը Գըրք Գրիգորեանն էր: Այս մասին իմանալէ ետք, անոր հոգւոյն հանգստութեան համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցինք մեր եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 23ին, Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց:
Հոս կ՚արժէ փակագիծ մը բանալ՝ անդրադառնալու համար մեր ազգային երեւոյթներէն մէկուն: Հարցը այն է, որ եթէ նման ծրագիր մը համազգային մակարդակով իրագործել ուզէինք, հաւանաբար երբեք պիտի չյաջողէինք:Ամպայման մէկը պիտի դիմադրէր, ուրիշ մէկը բան մը պիտի ըսէր եւ ուրիշ բան պիտի ընէր, ուրիշ մէկն ալ՝ օգտագործելով ազգային լոզունգներ, պիտի փորձէր անձնական շահեր հետապնդել… եւ այլն:
Ա՛յս է մեր նկարագիրը:
Մենք ընդունակ ենք հաւաքական աշխատանքի, երբ մեր գոյութեան վտանգ կայ: Այդ մէկը մենք սորվեցանք: Բայց խաղաղ ժամանակներուն մենք դեռ չենք սորված երկարաժամեայ ծրագիրներ իրագործել, ծրագիրներ՝ որոնք կը պահանջեն հաւաքական ճիգ:
Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան ցաւալի իրավիճակը փաստն է այս իրողութեան:
Մեր մեծ իրագործումները տեղի ունեցած են անհատներու եւ կամ խումբ մը նուիրեալներու շնորհիւ:
«Խոստումը» բացառութիւն մը չէ:
Ան իրագործուած է Էրիք Իսրայէլեանի եւ քանի մը ուրիշ նուիրուածներու կողմէ:
Յամենայն դէպս, յիշուած ախտը ներկայ գերիշխող մեր վիճակին կը վերաբերի:
Նշաններ կան, որ այս իրավիճակը սկսած է փոխուիլ:
Աւելի ու աւելի ներգրաւուելով զարգացած ընկերութիւններու մէջ՝ սկսած ենք, աւելի ճիշդ ըլլալու համար մեր կարեւոր մէկ հատուածը սկսած է ճիշդ ձեւերով աշխատիլ: Նման լուրջ ծրագիր մըն է մեզի յայտնի «Աւրորա» մրցանակը, որուն «մեղաւոր»ները այս անգամ ռուսահայ գործարար Ռուբէն Վարդանեանն է եւ մեզի յայտնի Վարդան Գրիգորեանն ու Նուպար Աֆէյեանը: «Աւրորա»ն մրցանակ մըն է, որ կը տրուի մարդասիրական ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի շահ նուաճումներ արձանագրած անհատներու: «Աւրորա»ն ցեղասպանութեան մը զոհ դարձած ազգի մը կողմէ օգնութեան գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մըն է, որպէսզի նման ոճիրներ տեղի չունենան այսօր: Փաստօրէն՝ մեր կողմէ շնորհակալութեան ձեւ մըն է այն աջակցութեան, որ մենք ունեցանք խղճամիտ ու բարի կամքի տէր եղող մարդկութեան հատուածին կողմէ, մեր օրհասական օրերուն: Այս մէկը իր մէջը քրիստոնէական պատգամ մըն ալ ունի ու զօրաւոր եւ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մըն է համաշխարհային հանրութեան դիմաց, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ տեսակի արժէքներ կրող ազգ մըն ենք: Այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած են Ճորճ Քլունին , Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Վիզէլը (մահացած 2016ին), Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրուհի Լէյմա Կպովէն եւ ուրիշներ, հանգամանք մը՝ որ ատոր կու տայ համաշխարհային զօրաւոր հնչեղութիւն: Բացի «Աւրորա»էն, Վարդանեանը միջազգային համալսարան մըն ալ հիմնած է Դիլիջանի մէջ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Վարդանեանը հեռուն նայող ու լայնածաւալ մտածողութեան տէր մարդ է:
Վերադառնալով «Խոստում»ին՝ յոյս ունինք, որ նման իրագործում մը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ: Մենք քանի մը միլիառատէրներ ունինք Ռուսիոյ մէջ, մեծ թիւով միլիոնատէրներ ունինք աշխարհի չորս կողմերը: Ո՛չ մէկը կրնայ ըսել, թէ նիւթական միջոցներու պակասը ունինք յաջորդ ծրագիրները իրականացնելու համար: Հարցը ճիշդ ձեւերը ու անձերը գտնելու մէջ է: Ետքը, Հոլիվուտի շրջանին մօտ մեծ ու զօրաւոր գաղութ մը ունինք եւ հաւանաբար կապեր ու ծանօթութիւններ ալ կան, ու կրնանք աշխատիլ, որ Ցեղասպանութեան նիւթը եկամտաբեր դառնայ Հոլիվուտին համար:
Ցեղասպանութիւնը շատ նիւթեր կրնայ մատակարարել Հոլիվուտի համար. Թալէաթի սպանութիւնն ու Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը, Կոմիտաս Վարդապետին պատմութիւնը, Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, Աւրորա Մարտիկանեանին պատմութիւնը… եւ այլն:
Անհրաժեշտ է, որ գիտնանք ինչպէ՛ս աշխատիլ միջազգային մակարդակի վրայ:
Հին ձեւերը, որոնց վարժուած ենք, չեն կրնար յաջողիլ, եթէ կ՚ուզենք, որ աշխարհը մեզի լսէ:
Եթէ «Խոստումը» շատ կարեւոր քայլ մըն է, բայց ոչ բաւարար, որպէսզի ցնցէ աշխարհը, ապա՝ յաջորդ մեր քայլը պէ՛տք է այդ մէկը իրականացնէ:
Աւարտելու համար կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ քաղաքական գործիչները ծանօթ են Ցեղասպանութեան: Մեր վերջնական նպատակը այն է, որ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը, հատուցէ վնասները ու, կամաւոր թէ ոչ, վերադարձնէ մեր հողերը:
Մենք այս ուղղութեամբ ալ կ՚աշխատինք՝ չնայած այն բանին, որ քաղաքական եւ իրաւական նպատակներու իրագործումը կրնան երկար ժամանակի կարօտիլ, որովհետեւ ատոնք կախում ունին ոչ միայն մեզմէ, այլ նաեւ համաշխարհային քաղաքականութենէն:
Կը հաւատամ, որ այդ օրը պիտի գայ, երբ իրատեսական պիտի ըլլան մեր գերագոյն նպատակներուն իրագործումը, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ այսօր Միջին Արեւելքի ու Թուրքիոյ մէջ, նաեւ՝ քիւրտերուն հետ:
Մինչ այդ՝ մենք կրնանք շարունակել աշխատիլ համաշխարհային հասարակութեան աջակցութիւնը շահելու ուղղութեամբ, որովհետեւ այդ մէկը կրնանք ընել մեր կամ մեր բարեկամներուն ու բարի կամքի տէր անհատներուն միջոցով:
Այսպիսով՝ աւելի ճնշում կրնանք բանեցնել քաղաքական գործիչներուն ու որոշումներ առնողներուն վրայ, որպէսզի արագացնենք մեզի ի նպաստ քաղաքականութեան յառաջացումը ու ատոր ազդեցութիւնը գետնին վրայ, եւ կամ՝ գո՛նէ կարելի եղածին չափ պտուղներ քաղենք, երբ որ պատմական պահը գայ ու պիտի՛ գայ:
«Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանանք»,- ինչպէս որ կ՚ըսէ Պարոյր Սեւակ: