­Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջին այս օ­րե­րուն, մինչ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ կ­’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը ­Սում­կա­յի­թի մէջ, 27 ­Փետ­րո­ւար 1988ին, Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծած «մաք­րազտ­ման» սպան­դին տաս­նեակ հա­զար­նե­րով զոհ գա­ցած ան­զէն ու ան­մեղ հա­յե­րուն, ան­դին թուր­քե­ւա­զե­րի աշ­խար­հը կը փոր­ձէ հա­կա­դար­ձել եւ «հա­կակշ­ռել»՝ մի­ջազ­գա­յին աղ­մուկ բարձ­րաց­նե­լով իբր թէ հա­յե­րու կող­մէ 26 ­Փետ­րո­ւար 1992ին գոր­ծո­ւած եւ այս­պէս կո­չուած ­Խո­ջա­լո­ւի ջար­դին դէմ։
­Հա­կա­հայ մղում­նե­րով եւ «ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման» հո­ղի վրայ կա­տա­րո­ւած ­Սում­կա­յի­թի ­Փոկ­րո­մին ըստ էու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լէ ա­ռաջ, այ­սօր՝ ­Փետ­րո­ւար 26ի ա­ռի­թով, կ’ար­ժէ կեդ­րո­նա­նալ ­Խո­ջա­լո­ւի ող­բեր­գու­թեան վրայ։
Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ անդ­րա­դառ­նանք պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րուն.-
­Փետ­րո­ւար 25էն 26 լուս­ցող գի­շե­րը, 1992ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն չորս մղոն դէ­պի հիւ­սիս գտնուող ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ, ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ դար­ձա­կէտ մը Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի տա­րեգ­րու­թեան ա­րիւ­նա­լի է­ջե­րուն։
­Հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի մը ձեռ­նար­կե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ հրե­տա­նա­կո­ծու­թեան յե­նա­կէ­տը դար­ձած ­Խո­ջա­լո­ւի վրայ եւ, թշնա­մին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով ու դուրս մղե­լով, վտան­գա­զեր­ծե­ցին Ար­ցա­խի ոս­տան­նե­րը Կ­րատ ու այլ տի­պի ռում­բե­րու եւ հրթիռ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ տա­րա­փէն։
­Յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կերտն ու ­Բեր­դա­ձո­րը ա­մէ­նօ­րեայ ռմբա­կոծ­ման թի­րախ դար­ձած էին ­Խո­ջա­լո­ւի կող­մէ։
­Շու­շիի ի­րենց ա­նա­ռիկ դիր­քե­րէն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու ծա­ւա­լած ռմբա­կոծ­ման կի­սատ թո­ղած քան­դումն ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու կու գար ­Խո­ջա­լուն։
Աս­կե­րա­նի շրջա­նին մէջ ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիրք գրա­ւող ­Խո­ջա­լուն նաեւ ի­րար­մէ կտրած էր ­Մար­տա­կերտն ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տը՝ ան­շար­ժու­թեան մատ­նե­լով ­Մար­տա­կեր­տի պա­շա­րո­ւած հա­յու­թեան Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն մարդ­կա­յին թէ զի­նա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նել փոր­ձող հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը։
­Թէեւ Ար­ցախ ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին ար­դէն հռչա­կած էր իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ձեռ­նար­կած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ստեղ­ծու­մին, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Շու­շին, ­Խո­ջա­լուն եւ Աղ­դա­մը տա­կա­ւին մնա­ցած ըլ­լա­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ ու­ժե­րու ձեռ­քը, կը շա­րու­նա­կէին հան­դի­սա­նալ հայ­կա­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նը պա­տու­հա­սող եւ, մահ ու ա­ւեր սփռե­լով, ծուն­կի բե­րե­լու ու­ղին ընտ­րած ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնա­կալ իշ­խա­նու­թեանց վտան­գա­ւոր յե­նա­կէտ­նե­րը։
­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զերծ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը մե­ծա­թիւ զո­հեր խլեց ոչ միայն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու, այ­լեւ ա­ռա­ւե­լա­բար մես­խեթ­ցի թուր­քե­րով բնա­կե­ցո­ւած ­Խո­ջա­լո­ւի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան շար­քե­րէն։ ­Պա­տա­հե­ցաւ նաեւ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւն մը, երբ հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ առ­ճա­կատ­ման գի­ծը կտրած եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քե­րը հա­սած մես­խեթ­ցի թուրք բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քին կող­մէ։
­Խո­ջա­լո­ւի այդ ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րը բարդ են եւ տա­կաւ առ տա­կաւ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։ Ինչ­պէս օ­րին, նոյն­պէս եւ մին­չեւ վեր­ջերս մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­վա­րան՝ հա­լած իւ­ղի պէս կուլ կու տար ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի եւ ա­նոր թափ տո­ւող թրքա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­կա­հայ քա­րո­զար­շա­ւին տա­րա­ծած ան­հիմն վե­րագ­րում­ներն ու մե­ղադ­րանք­նե­րը։ ­Նոյ­նիսկ այ­սօր կը բա­ւէ հա­մա­ցան­ցի ո­րոն­ման աղ­բիւր­նե­րուն տալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ա­նու­նը, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ պատ­մա­կան թէ այժ­մէա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թեանց վե­րա­բե­րեալ յղում­նե­րու շար­քին, գլուխ ցցեն ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան կայ­քէջ­նե­րուն տա­րա­ծած եւ այս­պէս կո­չո­ւած՝ «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» հրամց­նող… խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու յա­մառ պնդում­նե­րը։
­Թե­րեւս 1992ին եւ ա­նոր հե­տե­ւող տա­րի­նե­րուն կա­րե­լի էր բա­ցատ­րու­թիւն մը գտնել Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ դրսե­ւո­րո­ւած թրքան­պաստ կողմ­նա­կա­լու­թեան հա­մար։ Ի վեր­ջոյ ­Ռու­սաս­տա­նի մե­ծա­պե­տա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րող եւ քա­րո­զար­շաւ մղող Ա­րեւ­մուտ­քը, այդ տա­րի­նե­րուն, տա­կա­ւին ի վի­ճա­կի չէր ըստ ար­ժան­ւոյն հասկ­նա­լու եւ գնա­հա­տե­լու Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման էու­թիւ­նը, հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­նուն Ի­րա­ւուն­քի ու Ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի մղած կե­նաց-մա­հու կռի­ւը։ ­Բայց նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել, այ­լեւս, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եւս յա­մե­ցող ա­րեւմ­տեան կող­նա­կա­լու­թեան մա­սին։
­Ճիշդ է, ի­րենց խիղ­ճը վար­ձու հա­նած թղթա­կից­ներ ու պատ­մա­բան­ներ միշտ ալ գտնո­ւած են եւ, այս պա­րա­գա­յին ալ, բա­ցա­ռու­թիւն չեն կազ­մեր այն­պի­սի­նե­րը, ո­րոնք պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հրամ­ցո­ւող «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան» յե­րիւ­րան­քին սուտ վկա­նե­րը կ­’ու­զեն դառ­նալ՝ ձայ­նակ­ցե­լով ու ծա­ռա­յե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան, լիա­բուռն վար­ձատ­րու­թեան ար­ժա­նա­նա­լով…
Դժ­բախ­տա­բար միեւ­նոյն դա­տա­պար­տե­լի ըն­թաց­քին մէջ կը յայտ­նո­ւին նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու կող­մէ եւ ա­նոնց ա­նու­նով հան­դէս ե­կող ո­րոշ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին, այ­սօր եւս, կը շա­րու­նա­կեն ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րագ­րել ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ իբր թէ «ա­զե­րի­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն»ը։
27 տա­րի ան­ցած է ­Խո­ջա­լու վտան­գա­զեր­ծու­մէն աս­դին։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի, որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու վրայ գտնո­ւող եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն նկա­տո­ւող օ­տար՝ քա­ղա­քա­կան թէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն ու շրջա­նակ­նե­րը քիչ մը ժա­մա­նակ տրա­մադ­րեն եւ ստու­գեն փաս­տե­րը, փո­խա­նակ կուլ տա­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան շա­քա­րա­պա­տո­ւած… հա­յա­տեա­ցու­թեան թոյ­նե­րը։
Իսկ վա­ւե­րա­կան փաս­տե­րը բա­զում են՝ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի այդ ժա­մա­նա­կո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րէն սկսե­լով եւ հա­կա­հայ վե­րագ­րում­նե­րը հե­տա­զօ­տած օ­տար լրագ­րող­նե­րու եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու զե­կոյց­նե­րէն անց­նե­լով, հաս­նե­լու հա­մար ­Խո­ջա­լո­ւի ա­րիւ­նա­լի ող­բեր­գու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու վկա­յու­թեանց։
Այ­դու­հան­դերձ՝ հա­կա­հայ յե­րիւ­րա­ծոյ «փաս­տագ­րու­թիւն­նե­րով» կը վխտայ հա­մա­ցան­ցը։ ­Թուր­քե­ւա­զե­րի ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւը դար­ձած է այն­քան լկտի, որ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ձեռ­նար­կած է հայ­կա­կան կող­մին գոր­ծած իբր թէ «­Խո­ջա­լո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ծա­ւա­լուն ար­շա­ւի։
Այս­պի­սի՛ կեղ­ծի­քով եւ յե­րիւ­րան­քով Ատր­պէյ­ճան եւ ­Թուր­քիա յա­ռաջ կը մղեն հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ի­րենց ար­շա­ւը՝ այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» թղթած­րար մը հնա­րե­լով։
­Պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը ան­պա­տաս­խան չի ձգեր ան­շուշտ այդ մեծ ­Կեղ­ծի­քի Ար­շա­ւը։ ­Պե­տա­կա­նօ­րէն եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րու ճամ­բով, ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը փաս­տագ­րեն բուն ճշմար­տու­թիւ­նը ­Խո­ջա­լո­ւի ող­բեր­գու­թեան մա­սին։
Այ­սօր ար­դէն ա­րար-աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցո­ւած են փաս­տա­ցի բա­ւա­րար տո­ւեալ­ներ, որ­պէս­զի մէ­կան­գա­մընդ­միշտ պարզ ու յստակ դառ­նայ ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը՝ ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ մես­խեթ­ցի թուրք ան­զէն բնակ­չու­թեան դէմ նոյ­նինքն ա­զե­րի բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ զի­նեալ­նե­րու գոր­ծադ­րած սպան­դին մա­սին։
Ա­լիեւ հօր՝ ­Հայ­տար Ա­լիե­ւի մատ­նա­հետք­նե­րով սադ­րանք մըն էր ե­ղա­ծը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն դէմ… Եւ ի՞նչ նպա­տա­կով. մէկ կող­մէ օ­րո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի դէմ ժո­ղո­վուր­դը գրգռե­լու եւ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան յե­ղաշր­ջում ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, ա­պա միա­ժա­մա­նակ՝ ­Պա­քո­ւի եւ ­Սում­կայ­թի մէջ հա­յե­րու բնաջն­ջու­մին դէմ բարձ­րա­ցած մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պար­տան­քի ա­լի­քին պա­տաս­խա­նե­լու… «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» յե­րիւ­րան­քով եւ հա­մա­պա­տաս­խան հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ։
­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կեն, նաեւ ա­ռա­ւել աշ­խու­ժու­թեամբ, քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նել ատր­պէյ­ճա­նա­կան-թրքա­կան հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը մեր­կաց­նող փաս­տա­կան նիւ­թեր՝ տե­սա­նիւ­թեր, լու­սան­կար­ներ եւ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թեր։
­Կը մնայ, որ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան չգե­րա­դա­սեն ի­րենց քա­րիւ­ղա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ինչ-ինչ հա­շիւ­ներն ու ա­խոր­ժակ­նե­րը։
­Կը բա­ւէ, որ վերջ տրո­ւի քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը եր­կու չափ եւ եր­կու կշի­ռով ղե­կա­վա­րե­լու մե­ծա­պե­տա­կան, այ­լեւ ֆա­շա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան։
­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զեր­ծու­մը, ի վեր­ջոյ, միակ ելքն ու գրա­ւա­կանն էր հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան՝ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ա­նոր բնա­կան եւ անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին նուի­րա­գոր­ծու­մին, ո­րուն նկատ­մամբ ի­րենց պարտ­քը կա­տա­րե­լէ կը խու­սա­փին մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը մին­չեւ այ­սօր։