Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարած է, որ աշխատանքներ կը տարուին խոշոր զօրամասերու մէջ «Թումօ» կեդրոններ հիմնելու ուղղութեամբ:
«Այժմ աշխոյժ ծրագիր կ՛իրականացնենք նաեւ բանակին մէջ լրացուցիչ ուսման կազմակերպման նպատակով: Աշխատանքներ կը տարուին խոշոր զօրամասերու մէջ «Թումօ» կեդրոններ հիմնելու ուղղութեամբ, որպէսզի զինծառայողները հնարաւորութիւն ունենան արհեստագիտական ոլորտին մէջ նախնական պատրաստութիւն անցընելու:
Եթէ ըլլան միւս ոլորտներուն մէջ եւս շահագրգիռ գործընկերներ, որոնք կրնան նման փոքր ուսումնական կեդրոններ հիմնել, փոխ-շահաւէտ կ՛ըլլայ»,- «Մեդիամաքս»ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Վիգէն Սարգսեան:
Նախարարը ընդգծած է, որ բանակին մէջ լրացուցիչ կրթութիւն ապահովելու պարագային կազմակերպութիւնները անընդհատ թարմացուող մարդուժ կրնան ունենալ:
Տաւուշի մարզի Կողբ համայնքին մէջ կառուցուող «Թումօ»ն եւս կը նախատեսէ բանակի հետ ծրագիրներ իրականացնել:
Խոշոր զօրամասերուն մէջ «Թումօ» կեդրոններ պիտի հիմնուին
Խոշոր զօրամասերուն մէջ «Թումօ» կեդրոններ պիտի հիմնուին