Շարունակելով մեր զրոյցը ընթերցողներուն հետ, այսօր պիտի անդրադառնանք Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած բժշկական տեղեկատուական հանդիպումին՝ «Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական արխիւ» բարեգործական հիմնադրամի ծանօթացման համար։
Օրեր առաջ, Հայ Կապոյտ Խաչը, մամուլի ճամբով, ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կամ բանաւոր հաղորդակցութեամբ կոչ կ՚ուղղէր մեր հայրենակիցներուն ներկայ ըլլալու այս կարեւոր հանդիպումին, որ կը հետաքրքրէ իւրաքանչիւր հայ, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի ամէն անկիւնները։
Կոչը անպատասխան չմնաց։ Մեծ թիւով հայրենակիցներ որոշեալ ժամէն առաջ արդէն գրաւած էին իրենց տեղերը սրահին մէջ, սպասելով հիմնադրամի երկու բժիշկներուն՝ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտանի եւ տոքթ. Սեւակ Աւագեանի ներկայացումներուն։
Մեր երէկուան թիւով ներկայացուցինք հանդիպումի մանրամասնութիւնները, բժիշկներու խօսքերը, տեսանիւթերը, որոնց միջոցով իմացանք արեան քաղցքեղէ տարապող հայ մարդոց համար ստեղծուած համահայկական այն մեծ ցանցին մասին, որ մինչեւ այսօր տասնեակ կեանքեր փրկած է՝ պարզ արեան փոքրաքանակ պատուաստումով, նոյն ծինական յատկանիշներ ունեցող այլ հայու մը ազնիւ նուիրատուութեամբ։
Պէտք է շնորհաւորել Հայ Կապոյտ Խաչը, որ հաւատարիմ իր կոչումին եւ իր առաքելութեան վսեմ սկզբունքին, հայ հասարակութիւնը մօտ բերաւ «Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական արխիւ» բարեգործական հիմնադրամին եւ անոր կարեւոր աշխատանքին։
Նման հաւաքներ պէտք չէ պարզապէս ելոյթի մը սահմաններուն մէջ մնան։ Քանի մը տասնեակ նմուշներու ապահովումը պէտք չէ մեզ հանգստացնէ՝ մեր գաղութէն մասնակցութիւն բերած ըլլալու գոհունակութեամբ։
Հոս, այլեւս Հայ Կապոյտ Խաչը պէտք է իր վրայ վերցնէ այս կարեւոր արխիւը ընդլայնելու, հարստացնելու, ուռճացնելու կարեւորագոյն աշխատանքը։
Տոքթ. Սեւակ Աւագեան դիպուկ կերպով մատնանշեց կարեւորութիւնը՝ հաստատելու համար մնայուն կապ մը՝ այն օղակը, որ տեւաբար պիտի գործէ գաղութի մը տարածքին եւ նոր արձանագրութիւններով պիտի կարողանայ ընդլայնել նուիրատուներու ցանցը։
Իսկ, հաշուի առնելով, թէ նմուշները պէտք է ապահովել 18-50 տարեկան անձերէ, աւելի քան ակնյայտ կը դառնայ այս գործին մէջ հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու հրամայականը։ Արդէն, գոհացուցիչ թիւով երիտասարդներու ներկայութիւնը ելոյթին եւ անկէ յետոյ ծինական նմուշներու սիրայօժար տրամադրութիւնը ցոյց տուաւ, թէ անոնք որքան լաւ ըմբռնած են կեանք մը փրկելու գերագոյն մատուցումը։
Պիտի ակնարկենք ելոյթի եզրափակիչ խօսքին՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր կողմէ, որ կարեւորեց «Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական արխիւ» բարեգործական հիմնադրամի գործունէութիւնը, նշելով թէ անիկա ազգային եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող աշխատանք մըն է եւ կը վերաբերի մեր ինքնութեան պահպանման։ Ան, նաեւ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց ըսելով, թէ պէտք է ներգրաւել երիտասարդները եւ տարածել անոնց մէջ նուիրատու ըլլալու ոգին, որ ամէն բանէ վեր՝ պիտի զօրացնէ ազգային գիտակցութիւնը։
Արեան քաղցքեղէն տարապող մեր հայրենակիցներու փրկութեան աշխատանքը ազգային գիտակցութեան հզօրացումն է։ Ինչպէս որ յարգելի գիտնականները յայտնեցին, հայ ցեղի արեան ինքնուրոյն յատկանիշն է, որ դարեր շարունակ պահպանած է հայու ինքնութիւնը։
Պէտք է մօտենալ հայ երիտասարդութեան, կարիքը ունինք անոնց մասնակցութեան։
Ժամանակ հասած է , որպէսզի բոլորս գիտակցինք, թէ այդ ինքնուրոյնութեան շնորհիւ, հեշտ է կեանք մը փրկել՝ միայն 150 կրամ արեան քանակի նուէրով։
Արեան նուէրը կենաց պայքար է. կեանք մը փրկելը խորախորհուրդ սպասարկութիւնն է հայ ժողովուրդի զաւակներուն։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը այդ նուիրաբերումի մարմնացումը եղած է։ Վստահ ենք, որ Հայ Կապոյտ Խաչի նախաձեռնութեամբ, «Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական արխիւ»ը իր արժանի մնայուն ներկայացուցիչը պիտի ունենայ յունահայ համայնքէն ներս։
«Ազատ Օր»